Aras Yayıncılık Editör Bölümü Aras Yayıncılık Editör Bölümü Aras Yayıncılık İth. İhr. Ltd. Şti.
Aras Yayıncılık İth. İhr. Ltd. Şti. Aras Yayıncılık İth. İhr. Ltd. Şti.
Türkçe  |  English
 Üye Hizmetleri
 Ara
 Kategoriler

19 Ünlü Sesten: "Tililili"
Ölümünün birinci yılında
19 ünlü ses, Hrant Dink’e
ses verdiler. Dinleyin..

Kızıl Afiş
Misak Manuşyan
bir özgürlük tutsağı
Dostu, sevgilisi ve yoldaşı
Mélinée Manuşyan'ın
kaleminden...

 Ana Sayfa   Bize Ulaşın   Hakkımızda   Arama   Ürün Listesi   Ürün Şeması 
   Sepetim |  Sipariş Takip |  Üyelik İşlem |  Sipariş İptali  | Yardım  |  Satın Al   

Voğçuyn Amenkin
Temker yev Tebker
 
Deneme
Ara Koçunyan
 
Etiket Fiyatı (KDV Dahil) : 15.00 TL
Kazancınız % 25 (KDV Dahil) : 3.75 TL
İndirimli Fiyatı (KDV Dahil) : 11.25 TL
 
Özellikler
Kitap Dili  :   Ermenice
ISBN  :   978-605-5753-03-0
Kitap Özellikleri  :   2. hamur, 13 x 19.5 cm.
Basım Bilgisi  :   272 sayfa, 1. baskı, Aralık 2008

Sepete Ekle

arkadaşıma e-posta gönder Aras Yayıncılık Editör Bölümü
 
Açıklama

Aras Yayıncılık okurlarına Voğçuyn Amenkin başlıklı yeni bir kitap sunuyor. Bu kitap ‘Jamanag’ gazetesinin kuruluşunun 100. yıldönümüne ithafen hazırlanmıştır.
Eser, Ara Koçunyan’ın 1986-1992 yılları arası ‘Jamanag’ için kaleme aldığı yazılardan derlenmiş yüz kadar köşeyazısını içermektedir. Yazılarından özellikle basın ve yayın hayatına ilişkin olanları seçilmiştir. Kitap Ara Koçunyan’ın gazetedeki köşesiyle aynı ismi, Voğçuyn Amenkin ve bizim eklediğimiz altbaşlığı Temker yev Tebker’i taşımaktadır.
Koçunyan’ın köşeyazıları, ‘Türkiyeli Ermeni Editörler’ yazı dizisi dışında, kronolojik olarak sıralanmıştır. Adı geçen yazı dizisi ile “100. yıldönüme doğru” başlıklı bu çalışmanın son köşe yazısı tek başına bir bölüm oluştururken, kitabı sonlandıran köşe yazısından yola çıkarak bu derlemeye dahil edilen Jamanag gazetesi genel yayın yönetmeni torun Ara Koçunyan’ın 100. Yıldönümü vesilesiyle kaleme aldığı yazısı da bulunmaktadır.
Yayınevimiz bu kitapla 103. ve 2008 yılı yayın hayatının son kitabını yayınlamaktadır.

Basından Kitap Hakkında
Konu açıklamalarını görmek için başlıkların üzerini tıklayınız lütfen
  Yazar Başlık Yayın Tarih
Պոլսահայ Մանրապատումներ, Ըստ Գօչունեանի	  Սեւան Տէյիրմէնճեան Պոլսահայ Մանրապատումներ, Ըստ Գօչունեանի Ակօս Գիրք 01.02.2009
Yazar: Սեւան Տէյիրմէնճեան
Başlık: Պոլսահայ Մանրապատումներ, Ըստ Գօչունեանի
Yayın: Ակօս Գիրք
Tarih:  01.02.2009

«Լրագրութեան մէջ վաղը չկայ»ն միշտ յարգելի սկզբունք մը ըլլալէ զատ՝ ապրուածը առանց յետաձգելու արժեւորելու, զայն բարեկամներու հետ բաժնելու կենսակերպի մըն ալ արտայայտութիւնն է, զոր Քասիմ որպէս աւանդ թողուցած է իրմէ ետք «Ժամանակ»ի ղէկը ստանձնած անձերուն: Արա Գօչունեան՝ մէկը 100-ամեայ թերթին ոսկի օղակներէն, ո՛չ միայն իւրացուցած է նահապետական խրատը, այլ բան մըն ալ աւելի դնելով անոր վրայ կրցած է սեփականել, իր անձնական կնիքով դրոշմել զայն՝ ողջունելով այդ ամենքը, այսինքն՝ առարկայականը ենթակայականի վերածելով, արտայայտելով կեցուածք մը դէպքի մը կամ դէմքի մը առջեւ:
Արտաշէս Մարկոսեանի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած հատորը լոյս տեսած է «Արաս»էն՝ «Ողջոյն Ամենքին. Դէմքեր եւ Դէպքեր» խորագրով: Ինչպէս նշուած է առաջին էջերուն վրայ, գիրքը ձօն մըն է «Ժամանակ»ի 100-ամեակին, «իր իսկ ծոցէն հասած մամուլի սպասաւորի մը գրչի արտադրութեամբ»: Զետեղուած են Գօչունեանէ 100 քրոնիկներ՝ առնուած հեղինակի «Ողջոյն ամենքին» սիւնակէն: Յաւելուածի բաժինը ունի թերթի այժմու աւագ խմբագիր կրտսերն Արա Գօչունեանի «Նախօրօք յայտնի, սակայն անակնկալի մը խանդավառութեամբ» յօդուածը՝ գրուած 100-ամեակին առթիւ: Արա Կիւլէրի նկարները կը հարստացնեն գրքին բովանդակութիւնը:
Հայ մամլոյ «ի տղայ տիոց» ծառայած անուն մըն է Արա Գօչունեան (1913-1996), մեծցած՝ լրագրական ասպարէզին մէջ, նախ որպէս գրաշար, հուսկ որպէս աւագ խմբագիր: Մարտիրոս Գօչունեանի «յորովայնէ ընտրեալ» մը ըլալուն «Ժամանակ»ի համար՝ Գօչունեան նախ ի բացակայութեան իր աւագ եղբօր եւ ապա անոր մահէն ետք, ստանձնած է թերթին ղէկը՝ առանց երբեք ըլլալու կցորդ, այլ քասիմահիմն կտակի ի կատար ածման հետամուտ ազնուասիրտ մը՝ դառնալով ընտանեկան աւանդոյթ սրբացնող անձը: Լրագրութեան որդը երբեք հանգիստ չէ ձգած զինքը. «Ժամանակ»է դուրս ալ հրատարակած է պարբերականներ՝ «Ահալի»ն, «Պատկեր»ը (Աւետիս Ալիքսանեանի հետ) եւ յայտնի «Արշաւ»ը (տիկնոջ՝ Լիլի Գօչի հետ):
***
Քրոնիկը, անունը վրան պատմութիւնը ժամանակագրելու, անցուկը մոռցուկ չդարձնելու նպատակն ունի: Մինչ մատենագիր պատմիչները իրենց ապրած ժամանակը սեղմ տողերով կը թանձրացնէին ոչխարի կամ այծի հազուագիւտ կաշիով, արդի պատմիչները՝ լրագրողները, որոնք քիչ մը աւելի բախտաւոր են, սեւ մելանը կը հոսեցնեն լրագիրի թուղթին վրայ: Մինչ վերջին պարագան ոմանց մօտ պատճառ կ'ըլլայ գրամոլութեան, ոմանք ալ կը դառնան աւելի փափկանկատ՝ չչարաշահելու ընթերցողին համբերութիւնը: Վերջիններու շարքէն է Գօչունեան, այնքան որ գրածը երբեմն գոհացում չի տար կամ, լաւ է ըսել, համը բերաննիս կը մնայ:
Հեղինակին գրեթէ ամենօրեայ ողջոյնները կը բազմին հանգուցեալ կամ կենդանի այնպիսի անձերու վրայ, որոնք կը կազմեն պոլսահայ հասարակութիւն կոչուած բաղադրեալը: Իր ժամանակին կամ յետմահու ջոջ իսկ եղած ըլլայ ենթական՝ ամէն բանէ առաջ հեղինակին մտերիմն ըլլալու յատկութեամբ օժտեալ առօրեայ անհատն է, որ Գօչունեանի գրչին տակ կը ներկայանայ պարզութեամբ, երբեմն նոյնիսկ առտնին կենցաղով: Անոնք, երբեմն թէեւ մղոններով հեռու իրարմէ, կ'ամփոփուին քրոնիկագիր խմբագրի ողջոյնի հովանիին տակ: Կարեւոր են ոչ միայն այս ու այլ բազմաթիւ անունները, նաեւ՝ այն վայրերը, որոնք կը վերածուին բեմի մը՝ մերթ շողշողուն, մերթ հասարակ: Ինչպէս անձերը, վայրերն ալ հեռու են իրարմէ, անկապակից, բայց կը լրացնեն պատկերը այն Պոլսոյ, որ ասկէ յիսուն տարի մը առաջ դեռ կը պատկանէր ԺԹ. դարուն: (Դեռ այս երկուքը՝ անձերն ու վայրերը ունին հեռաւորութիւն մը մեզմէ, ներկայի մոլորած, քիչ մը շուարուն, կարծես ճամբան կորսնցուցած, սակաւիկ մը աջ ու ահեակ խոտորող հանրութենէն, որ «ո՛չ հոն է, ոչ հոս»): Ահա այսպէս կը կազմուի պոլսահայ մանրապատումը, ըստ Գօչունեանի: Կարեւոր յատկանիշ մըն ալ հեղինակին ծածկուած մնալն է այսքան շատ պատմութեան մէջ: Շատեր ծանօթ անձ մը պատմելու պատրուակով, իրենք զիրենք կը պատմեն անգիտակցաբար (գիտակցաբար ընողներ ալ կան), այնքան որ ընթերցողը ընթերցանութեան ընթացքին կը շփոթէ ենթական ու պատմողը: Արա Գօչունեան այդպէս չէ բարեբախտաբար եւ նոյնիսկ, անհրաժեշտութեան պարագային, իր մասին կը գրէ երրորդ դէմքով, կարծես իրմէ դուրս մէկը կը նկարագրէ:
***
Ներկան ժամանակագրելու կողքին, Արա Գօչունեան կու տայ նաեւ անցեալը. ոչ սակայն պատմաբանի մը նման, այլ կարծես բանահաւաքի մը դիմաց նստած բանահիւս մը ըլլար: Ոճը ականատեսի է, մտերմիկ, նոյնիսկ երբ իրմէ դար մը առաջ պատահած դէպք մը նկարագրէ: Զոր օրինակ Պէզճեանի կեանքէն առնուած դրուագները, որոնք կարծես արձագանքը ըլլան աւելի քան 100-ամեայ «բամբասանք»ի մը: Այս հանգամանքը չի նուազեցներ գրուածքին ընթեռնելիութեան հաւանականութիւնը. վերջապէս գիտէք, որ ձեր կարդացածը պատմագիտական երկ մը չէ, բայց զայն կարդալէ վերջ կրնաք մղուիլ բաւարարելու ձեր հետաքրքրութիւնը, որուն սկիզբ դրած է Գռչունեանին տոմսակը: (Տեղն է այստեղ կատարելու փոքրիկ ճշդում մը, որ հաւանաբար վրիպած է հրատարակիչէն: «Գիտէի՞ք թէ նուագող ժամացոյցի հնարիչը Տիգրան Չուհաճեանի հայրը եղած է»ին մէջ, էջ 185-187, «Արշակ Բ.»ը նշուած է որպէս Չուխաճեանի առաջին երկասիրութիւնը, սակայն մինչ այդ ան յօրինած էր բազմաթիւ գործեր: Որպէս «Արշակ Բ.»ի աւարտման թուական կը մատնանշուի 1908-ը,երբ Չուխաճեան վաղուց մեռած էր, Զմիւռնիոյ մէջ, 1898-ին: Յօրինողը իր այս յայտնի օփէրան աւարտած է 1868-ին: «Արշակ Բ.» Չուխաճեանի կենդանութեան երբեք չէ ներկայացուած ամբողջութեամբ, այլ միայն 1945-ին, Երեւանի մէջ, նոր խմբագրութեամբ: Գօչունեանի փոխանցած սխալ տեղեկութիւնները կարելի էր ծանօթագրութեամբ մը մատնանշել եւ կամ ուղղակի խմբագրել գրուածքը): Բանահիւսութիւն բուրող պատմական ակնարկներու կողքին կան ուղղակի ազգագրական արժէք ներկայացնելիք հատուածներ ալ, ինչպէս՝ «Անուշապուր, բէլթէ եւ զէրտէ»ն (էջ 157-159) կամ առածի կարգ անցնելիք տողերու յիշատակումներ՝ Գարակէօզեան որբանոցի տնօրէն Արամ Նիկողոսաենի «Ջուրը ծամէ, քունը նուիրական է»ին նման:
***
Արա Գօչունեանի «Ողջոյն Ամենքին. Դէմքեր ու Դէպքեր»ը անսահման ովկիանոսէ մը առնուած կաթիլ մըն է միայն: «Ժամանակ»ի կամ այլ թերթերու «գերեզմաննոց»ին մէջ դեռ այնքա՛ն մեռեալներ կան յարութեան սպասող... «Ժամանակ»ի 100-ամեակը եւ նման տարեդարձներ պատեհ առիթներ են պեղելու անցեալը եւ լոյսին բերելու գոհարները: Այս առումով Արտաշէս Մարկոսեան ու «Արաս» կատարած են շնորհընկալ աշխատանք մը:
Իրապէս, ինչպէս կ'ըսէ Արա Գօչունեան, «որքան խորը մտնենք անտառին, այնքան շատ փայտ կը գտնենք ժողովելիք», բայց դժբախտաբար «վառարանը» միշտ ալ ունի սահմանափակ տարողութիւն. նախընտրելին պիտի ըլլայ ընթերցասէրին ուղղակի այս գիրքը ապահովելն ու կարդալը՝ երէցները քիչ մը յիշելու համար իրենց ապրած օրերը, կրտսերները սորվելու համար, թէ ինչ կը կատարուէր իրենցմէ առաջ եւ կամ վայելելու համար հայերէն գիրք ընթերցելու հաճոյքը, որ մոռցուած ժամանցներու շարքին կը դասուի այլեւս:
Մի խօսքով՝ ջերմանելու համար պարզապէս այս ցուրտ օրերուն...:
  
 Yazarlar
Aras Yayıncılık
 İlginizi Çekebilir
Osmanlı Devleti’nde
Ermeni Anayasası’nın Doğuşu
1839-1863
18.75 TL

Yüreği Dağlarda Olan Adam
William Saroyan

Yoldaş Pançuni
Yervant Odyan'ın ölümsüz eseri

Stüdyo Osep – Tayfun Serttaş

Ana Sayfa |  Son Çıkanlar |  Kategoriler | Arama  |  Resim İndir
Fiyat Listesi  | Ürün Listesi  |  Haber Aboneliği  | Haberler
 
 Aras Yayıncılık İth. İhr. Ltd. Şti.
 Sorularınız için bize mail atabilirsiniz. info@arasyayincilik.com
Getron Bilişim Hizmetleri
Ermeni edebiyatı ve kültürüne açılan pencere olarak nitelenmesine yol açan bir yayın çizgisi izleyen,iki dilde Türkçe ve Ermenice yayın yapan yayınevi.