Ժամանակներ, բրուտի աչքերով
Երբ կաւը կը դարնայ աւազ,
Ու ինքնագոհ աւազը կը խամրի աչքերուդ
…
Այսքան երկար ժամանակ
Նոյն բրուտի աչքերը
Հողին ձեւ տալու
Ու կաւէն բառ կորզելու համար,
Ամէն քայլ ու շունչի հետ
Կշտամբուած:
Ամէն թարմ տողի առջեւ
Հերիւրուած ու հալածուած…
Բոլորին մէջ,
Քաղբանտարկեալ փնտռող աչքերով.
Յոգնած արդէն
Քաղաքական դաւեր նյութող
Սուտ մերձաւորներէն,
Մարդիկ, որ սպիտակ սքեմ ունին նետած իրենց ուսին…
Ո՜հ, մեր կեղծ ժամանակներու անկեղծութիւնը,
Որ կաթիլ-կաթիլ արձունքի պէս կը գլորի…
Չեկաւ մէկը, որ խօսէր
Այդ կարքի տապանին մասին,
Որ պիտի երթար այս աղմուկէն
Ու խաժամուժէն.
Եւ չեղաւ մէկը, որ պահէր ձերքեուդ մէջ,
Պահուաձ թանաքին պարունակութիւնը:
Գրիչը կարմիր է,
Լեցուն վիրաւոր յիշատակարանով
Պիպէռեան Զաւէն,
Որ կը սարսափիս միայն յիշատակներէն
Ու կապրիս հետս,
Հոս եւ ամէնուր…
Աչքերուն մէջ
Այսօր չէգոք հազ մը,
Մերժում մը հիվանդ,
Եւ այդ բոլորին կողքին
Բառին ծանր իմաստը,
Բառը, որ կը դառնայ լուծ…
Մատներուդ վրայ,
Կամաց-կամաց, որ չարիւնիս
Մութին քալելով՝
Այն գաղափարներուն համար,
Որ աւարտ չունին մէջդ,
Տեղ մը խիղճիդ արգանդին մէջ
Կը փայլին
Ու երթալիք տեղդ մէկ է…
Մէկ է մռայլ դէմքերու ուղղութիւնը,
Բարդ եւ խնկարկու ժպիտներ,
Բարդ եւ չաւարտող գիշերներ,
Ու պիտի զմայլիս այդ ամէնուն համար:
Միայն ժամանակը պիտի դատէ այս բոլորը
Որովհետեւ գիրը ապահով տուն է քեզի:
Գիրը երբեք չեղաւ ածուխին վրայ կաթիլ մը ջուր,
Եղաւ արցունք, եղաւ վձիռ,
Եղաւ միակութիւն,
Եղաւ տագնապի պահարան,
Եղաւ ասաղ,
Բառը, որ ձշմարիտ էր,
Եւ սուրբ էր օրէն,
Վար էր սպիտակ…
Ու թոյնին մասին անխօս պիտի մնաս,
Թոյնի ընդհանրապէս մաքրել պիտի սորվիս,
Չէ՞ որ օրէն…
Թոյն-հակաթոյն խաղին զինուորն ես ղուն:
Բրուտի ժամանակներուն ափ մը աւազ,
Բայց եղիր կաւ,
Պիտի չապրիս այլեւս մերկ խեցիին պէս,
Պիտի չմրսիս այլեւս,
Պիտի չզարմանաս…
Բրուտի ժամանակներուն,
Կենարար արիշին տակ,
Հին մեռելներուն գծած ձանապարհով քալելու
Պիտի չզարմանաս երբեք
Զարմանալու կարիք չունիս քանի:
Բրուտի ժամանակներուն,
Երբ ցեխ է չորս դին,
Եղիր կաւ,
Չմերնող կաւ եղիր,
Ոգի որ կար հինէն,
Կուժ ջուրին,
Զով ու մաքուր.
Չէ՛ չզարմանաս: