Եթէ չըլլար դարասկիզբԷն ի վեր շուրջ 30 հայանուն գիրք հրատարակած պոլսահայ «Արաս» հրատարակչատան ամէն գնահատանքի արժանի խիզախ նախաձեռնութիւնը, եթէ իբրեւ նորագոյն օղակը «Արաս»ի լոյս ընծայած հայերէն գիրքերու շղթային՝ քանի մը ամիս առաջ հայ գրասէր ընթերցողներուն չհրամցուէր երկար հիւանդութենէ մը ետք, 4 հոկտեմբեր 1984-ին մահացած պոլսահայ ուշագրաւ արձակագիր եւ հասարակական գործիչ Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու արշալոյսը» անուն հաստափոր վէպը, այս քիչ ծանօթ սփիւռքահայ արձակագիրին անունն ալ, յար եւ նման զինք կանխած բազմաթիւ յարգելի արձակագիրներու եւ բանաստեղծներու հազիւ հազ յիշատակուող անուններուն, տակաւ առ տակաւ պիտի թաղուէր մոռացութեան թանձր մշուշին մէջ: Բախտաւոր պարագային՛ հայ գիր ու գրականութեան այս հաւատաւոր նուիրեալը պիտի յիշէին իր մտերմութեան մէջ ապրած իսթանպուլահայ երէց գրչեղբայրները, խումբ մը հարազատներ եւ շատ-շատ՛ սփիւռքահայ արձակի պատմութեամբ շահագրգիռ քանի մը մտաւորականներ: Ո՛չ աւելի, ոչ պակաս: Եւ Զաւէն Պիպէռեան վերջնականապէս պիտի դարնար բացակայ ներկայ մը… նույնիսկ իր ծննդավայրին մէջ:
Ահա թէ ինչու, առաջին հերթին, նախ պէտք է յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել թարգմանչական եւ հրատարակչական իր անմրցելի գործունէութեամբ ծանօթ «Արաս»ին, ապա՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» սքանչելի վէպի խմբագրական աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած եւ Ահա թէ ինչու, առաջին հերթին, նախ պէտք է յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել թարգմանչական եւ հրատարակչական իր անմրցելի գործունէութեամբ ծանօթ «Արաս»ին, ապա՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» սքանչելի վէպի խմբագրական աշխատանքներուն իր գործօն մասնակցութիւնը բերած եւ հատորը բացող խորաթափանց «Յառաջաբան»ը ստորագրած իսթանպուլահայ երիտասարդ մտաւորական Սեւան Տէյիրմէնճեանի, որուն կը պարտինք նաեւ գիրքին վերաջաւորութեան զետեղուած «Յաւելուած» բաժինը: Բաժին մը՝ որուն 54 էջերը կազմած ենթաբաժանումները, այսինքն՝ Յրանդ Բալուեանի հասցէագրուած Զաւէն Պիպէռեանի անտիպ ինքնակենսագրական նամակը,յարգելի գրականագէտ ու մտաւորական Մարկ Նշանեանի «Մրջիւններու վերջալոյսը» բազմակողմանի խոր վերլուծման ենթարկած «Զաւէն Պիպէռեանի մրջիւնները» անուն ընթերցումը եւ «Ծանօթագրութիւններ» խորագիրին տակ կատարուած ճշգրիտ յստակացումները յաւելեալ փայլք ու որակ կ՝ապահովեն այս թանկարժէք հատորին եւ անոր ընթերցումը կը լուսաւորեն պայծառ բացայայտումներով:
Այս անհրաժեշտ լրացումները կատարելէ ետք, փորձենք քանի մը տողի մէջ ամփոփել 4 գիրքերէ կազմուած այս անամփոփելի վէպը: 19 21-ին Պոլիս ծնած Զաւէն Պիպէռեանի գլուխ-գործոցը նկատուած «Մրջիւններու վերջալոյսը», որ կը հանդիսանայ ո՛չ միայն պոլսահայ արձակի, այլեւ սփիւռքահայ վիպագրութեան քիչ ուսումնասիրուած – չըսելու համար՝ գրեթէ անտեսուած – բարձրորակ ստեղծումներէն մէկը, 1970-ին, իրեւ թերթօն լոյս տեսած է Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի իրերայաջորդ 294 թիւերուն մէջ: Աւելի ուշ՝ 1984-ին, Թուրքիան խորապէս ցնցած զինուորական յեղաշրջումին պարտադրած կաշկանդումներուն հետեւանքով՝ գիրքը լոյս տեսած է հեղինակային կարգ մը յապաւումներով (330 էջ), իսկ 1998-ին՝ թրթերէն թարգմանութիւնը վէպին՝ «Պապամ աշքալէյէ կիթմէտի» խորագիրով (416 էջ): Ներկայ վերահրատարակութիւնը հիմնուած է հեղինակին կազմել տուած, սրբագրած եւ իր գրչակից-բարեկամներուն մակագրած 294 թերթօններուն վրայ: Իբրեւ երկրորդական աղբիւր օգտագործուած են անոր հայերէն 1984-ի տարբերակը եւ յետ մահու հրատարակուած թրթերէն թարգմանութիւնը:
Ընտանիքի մը հանգրուանային քայքայման համապատկերը դրուագ առ դրուագ հիւսող «Մրջիւններու վերջալոյսը», վէպի գլխաւոր տիպարին՝ Պարէտի գոյութենական տրամին ալիքներով կը բացուի ժամանակաշրջ անի մը ողբերգական ծալքերուն վրայ: Թարհանեան ընտանիքին մէջ արձանագրուող վերիվայրումները կ՛ըլլան գեղարուեստական պատրուակ մը, որպէսզի Զաւէն Պիպէռեան ո՝չ միայն հիւսէ իրեն պարտադրուած իրականութենէն փախչիլ փորձող, հայրական իշխանութեան դէմ ծառացող եւ հեռաւոր Անատոլուի մէջ իր մարդկային անկախութիւնը փնտռող ըմբոստ Պարէտի գոյակռիւը, այլեւ՝ զայն շրջապատած հայ իրականութեան մէջ անդադար արձանագրուող պարտութիւններուն «պատկերազարդ պատմութիւնը»ը: Զինուորական պարտադիր ծառայութենէն տուն վերադարձած երիտասարդ տիպարը ինքզինք կը գտնէ հիմնովին օտար ընտանիքի մը մէջ: Հայրն ու մայրը անճանաչելի դառնալու աստիճան հոգեպէս այլանդակուած են, ամէն բան սկսած է նեխիլ եւ փուլ գալ, եւ լռելեայն հասկնալի է, որ կեանքի պարտադրանքներուն ետեւէն վազող անգիտակից մրջիւններուն, իմա՞ ընկերութեան անհեթեթ խուճապը Պարէտի ներաշխարհին մէջ բանայ խոր անդունդներ եւ փախուստը դարնայ պարտադրուած մղձաւանջէն ազատագրուելու փրկութեան միակ միջոց: Եւ թարմ, կենդանի, բաբախուն ու ջղապիրկ լեզուով մը, որ կու գայ իր բնական ջերմութեամբ աւելի եւ լարելու Զաւէն Պիպէռեան իրապաշտ արձակագիրին այս բազմաշերրտ վէպին հոգեբանական զսպանակները,կ՛ամբողջանայ գեղարուեստական կուռ կառոյցը գրական ծրագիրի մը, որ ժամանակաշրջանի մը գեղարուեստական վկայագիրքը հանդիսանալու իր արժանիքով, ընդդիմադիր տարողութեամբ եւ իւրայատուկ զօրութեամբ նոր հորիզոններու կը բանայ սփիւռքահայ վիպագրութիւնը եւ կը յայտարարէ Զաւէն Պիպէռեան անու նրբաճաշակ արձակագիրին յետ մահու արշալոյսը: