Թուրքիոյ մէջ հրատարակուած է սուրիական հակամարտութեան տարիներուն հայկական սփիւռքի մայր համայնքի՝ հալէպահայութեան վերապրածներու մասին թրքերէն գիրք, այն լոյս ընծայած է Պոլսոյ մէջ գործող հայկական «Արաս» հրատարակչութիւնը: Այս մասին կը գրէ «Tert.am»ը:
Գիրքի հեղինակ թուրք լրագրող, CNN Turk-ի խմբագիրներէն ու «Ակօս» հայկական պարբերականի նախկին լրագրողներէն Սերտար Քորուճուն 2013 թուականէն սկսեալ նախագիծի շրջանակէն ներս զրուցած է Հալէպը հարկադրաբար լքած սուրիահայերուն հետ՝ Թուրքիոյ, Հայաստանի ու Արցախի մէջ: Գիրքին մէջ խօսելով անոնց վերապրած դժվարութիւններու, ցեղասպանութիւն վերապրած հայերու ժառանգները ըլլալով հանդերձ պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ փախստական դառնալու ճակատագրի, ապագայի հեռանկարներու, երազանքներու ու նպատակներու շուրջ:
Գիրքի թրքերէն «Հալէպ’սիզլեր» վերնագիրը կարելի է կարդալ երկու կերպով՝ «Առանց Հալէպի մնացածները» կամ «Հալէպը դուք էք»: Աշխատութիւնը Պոլսոյ մէջ արդէն վաճառքի հանուած է:
«Պէտք է չմոռնալ, որ հալէպցի հայերը իրականութեան մէջ Արեւմտեան Հայաստանէն են, այսինքն՝ հին հալէպցի չեն։ Այո, անոնք ծնած-մեծցած են Հալէպի մէջ, սակայն եթէ պատմութիւնը այլ կերպ զարգանար, եթէ ցեղասպանութիւնը չըլլար, անոնք պէտք է ծնէին Այնթապի, Քիլիսի, Վանի, Սասունի մէջ: Ինծի հետ զրուցած սուրիացի հայերուն մեծ մասը թրքերէն գիտէր։ 1980-ականներուն ծնածներուն հետ ես նոյն քարթուներն ու ֆիլմաշարերը դիտած են։ Բայց հակառակ այս ամէնուն՝ ցեղասպանութեան անցեալը թոյլ չի տար անոնց մնալ կամ դառնալ Թուրքիոյ մասնիկ», – Հալէպի հայկական պարբերականներէն «Գանձասար»ը հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է Քորուճուն:
Պարբերականի հետ զրոյցի ժամանակ թուրք լրագրողը փաստած է, որ իր նախագիծի շրջագիծէն ներս իր ամենատպաւորիչ ուղեւորութիւնը Արցախ այցն էր ու՝ զրոյցը այնտեղ հաստատուած սուրիահայերուն հետ:
«Սկիզբը տարօրինակ կը թուայ․ մարդ ինչո՞ւ պիտի մէկ պատերազմէն փախի ու երթայ մէկ այլ պատերազմի շրջան։ Հալէպցի Էսմէրեան-Տանկուրեան ընտանիքի հետ հանդիպելու համար սկսած արցախեան ուղեւորութիւնս ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս անց էր։ Առանց ժամանակ կորսնցնելու ինծի տարին իրենց նոր «դրախտը», որ ստեղծած էին Ստեփանակերտէն քիչ հեռու եղած հողատարածքի մը վրայ։
Այստեղ տնկած էին Հալէպէն ու անոր շրջակայքէն բերուած սերմերով տարբեր բոյսեր, իսկ անկէ դուրս կը սկսէր ձիթենիներու հսկայ այգին։ Գիտէ՞ք՝ ինչ ըսաւ ընտանիքի հայրը ի պատասխան ապշած դէմքիս․․․ «Իմ նախնները ցորեն կ’աճեցնէին, իսկ ես ձիթենի տնկեցի։ Եթէ ցորեն ցանէի՝ աւելի շատ շահոյթ կ’ունենայի, գիտեմ։ Սակայն ձիթենիի արմատները կը տարածուին ու կը շարունակեն ապրիլ հազարաւոր տարիներ։ Թող մեր արմատներն ալ այս հողին մէջ այդպէս տարածուին ու մնան․․․», – կը յիշէ Քորուճուն, որ ի հեճուկս Ատրպէյճանի կողմէն հետախուզման մէջ յայտնուելու վտանգին՝ իր հաւաստմամբ՝ ոչ մէկ վայրկեան կը զղջայ Արցախ գացած ըլլալուն համար: