Իր մահուան Բ. տարելիցին Զահրատ «Դդումի Համ» խորագրեալ նորատիպ հատորովը կը բարեւէ մեզ, Արաս Հրատարակչատան միջոցաւ, որ եղած էր նաեւ իր ամբողջական գործերուն հրատարակիչը:
Յետ մահու այս հրատարակութիւնը կը բաղկանայ եօթը բաժիններու մէջ ամփոփուած հարիւր բանաստեղծութիւններէ, որոնք մեծ մասամբ Զահրատի վերջին անտիպներն են՝ գրուած 2005-2006ին: Գրքին անունն ալ կը պարտինք նոյնինքն հեղինակին, ինչպէս կը հաղորդէ խմբագիրը, թէ Զահրատ արդէն որոշած էր անունը երբ 2006-ի արման ծիծախառն կ’ըսէր. «ալ դդումի համ կու տայ» ամբողջական երկերու հրատարակութենէն վերջ նոր գիրք մը…:
Արդարեւ, Զահրատ չէր կրնար չարտադրել, քանի միշտ ունէր ըսելիք խօսք եւ կը գրէր նոր բանաստեղծութիւններ, կուտակելով զանոնք թղթածրարի մը մէջ: Օժտուածներու յատուկ մղում մըն էր այդ, ինչպէս Մնձուրին կ’ըսէր. «Կը գրեմ, որովհետեւ չեմ կրնար չգրել: Կու գան»:
Զահրատին ալ «կու գային» եւ լաւ է որ կու գային, որով ան ծով մը բանաստեղծութիւններով ողողեց մեր գրականութեան դաշտը, նորարար շունչ մը բերելով Պոլսահայ բանաստեղծութեան:
Ան գնահատուեցաւ օտարներու կողմէ ալ եւ իր բանաստեղծութիւնները թարգմանուեցան քսանէ աւելի լեզուներու: Կ’արժէ յիշել, թէ 1980-ին Լուվէնի մէջ տեղի ունեցած «Եւրոպական Բանաստեղծութեան Փառատօն»ին Զահրատ ներկայացուցիչներէն մին էր Թուրքիոյ, եւ յուշագիրքին մէջ ընդգրկել տուած էր հայերէնը որպէս եւրոպական լեզու: Զահրատ բազմաթիւ լեզուներու առընթեր թարգմանուեցաւ թրքերէնի. Օհան Շաշքալի թարգմանութեամբ 1993-էն սկսեալ լոյս տեսան երեք հատորներ, որոնք եւս արժանացան լայն ընդունելութեան եւ ուսումնասիրութեան:
«Դդումի Համ»ը վերջին հանգրուանն է բանաստեղծի ստեղծագործական ճանապարհին, որ սկիզբ առած է 1940-ականներուն եւ որ առաջին պտուղը տուած է յիսուն տարիներ առաջ «Մեծ Քաղաքը» հատորով: Այս պարագան կը շեշտուի նաեվ իր տողերով, ինչպէս «Այս» բանաստեղծութեան մէջ Զահրատ կ’ըսէ.- «Իմ կարկանդակիս վերջին շերտն է այս… Առէք կարդացէք -անտիպ թերթս է այս»:
Խօսքը թողունք տիկին Անայիս Եալտըզճեանի՝ 1963-էն սկսեալ Զահրատի ստեղծագործական ճանապարհին կողակից-ուղեկցին՝ որ «Դդումի Համ»ը կը ներկայացնէ հետեւեալ տողերով.
«Զարեհը նոյնացած էր իր գրականութեան հետ. ան կ’ապրէր բանաստեղծութեան մէջ, բանաստեղծութեան զուվահեռ, բանաստեղծութեան համար: Իր եղելութեան առանցքը այդ անձեռնմխելին, այդ անթափանցելին էր, իր վահանը՝ «վահան մ’աննիւթ, զուտ գաղափար, բորբ հաւատք» զոր «դրօշի պէս կուրծքին վրայ կը բռնէր»:
Այդ կուրծքը այլեւս չկայ: Բայց կայ այս հատորը, զոր իրենց կուրծքին վրայ խանդաղատանքով պիտի սեղմեն բոլոր անոնք որոնք սիրեցին իր տաղերգութիւնը եւ իր անձը որպէս ԶԱՀՐԱՏԸ-ՈՒՐԻՇԸ-ՏԱՐԲԵՐԸ»:
***
Աղաւնակերպ
Աղաւնիները համոզեցին, ըսին որ իրենց վրայ
չեն կրակեր, Հրանդ հաւատաց: Թէպէտ երկչոտ՝
հաւադաց թէ աշաւնի մըն է:
Բայց կրակեցին:
Նախատեսած էր, մէկ քանի տարի առաջ ըսած էր ինծի.
«Իմ մահը պիտի ըլլայ ոտքի վրայ՝ կանգնած, ոչ թէ պաժկած՝ անկողինի մէջ»:
Եթէ մեզի հարցնէք, ան միշտ յաղթական պիտի կանգնի՝
անաղարտ արձանի մը պէս:
***
Մեծամեծը
Մեծամեծը աղօթեց
-Տուր որ քալենք ձիւնին վրայ
բայց ոտքի հետք չթողունք
Ժողովուրդը միաբերան ըսաւ -ամէն-
Մեծամեծը աղօթեց
-Տուր որ յաճախ սատանային յամարինք –
Թէ իր գործիքն ենք չմատնէ
սատանան –
Ժողովուրդը -ամէն- երիցս ամէն-
Մեծամեծը աղօթեց
-Տուր որ եթէ մենք աշտարակ մը գողնանք
պատրաստ ըլլայ տոպրակը -մէջը
պահենք –
Ժողովուրդը -ամէն- եւ քու սիրոյդ հետ –
Մեծամեծը աղօթեց
Թէ պատահի որ բարիք գործենք -տուր որ
բարիքը ծովը նետենք
բայց նախապէս լողալ սորվինք ձուկի պէս
Ժողովուրդը -ամէն- ամէն –
Ու մեծամեծը ըսաւ – Կ’արձակեմ ձեզ – ելեք գացէք անվտանք
Նոր ծուղակներ լարեցէք
Նոր դաւեր սարքեցէք –
Եւ իր ձեռքերը լուաց
***
Նշանակութիւն
Ապրիլ -կը նշանակէ
ամէն օր
Նոր նոր մեղքեր գործել
կը նշանակէ
նորանոր մեղքեր
բարդել հինին վրայ
սակայն երեւիլ սուրբի պէս անբիծ
մինչ ներքնապէս մեղքերու
կուտակումին տակ կքիլ
Ապրիլ -կը նշանակէ անմեղ ձեւանալ
մեղաւորներու աշխարհի մը մէջ
***
Խօսքին Շատը
Երկար բարակ խօսեցաւ
Չբաւեց
Ըսածը պատէն կախեց
Շատ էր խօսէր
Չդիմացաւ ծանրութեան
Պատը փլաւ