Վասն Զահրատի Երկու Շնորհանդէսին Մին՝ Իր Ողջութեան, Միւսը՝ Յետ Մահու

Վասն Զահրատի Երկու Շնորհանդէսին Մին՝ Իր Ողջութեան, Միւսը՝ Յետ Մահու
Ակօս Գիրք
Թորոս Թորանեան
01.05.2009

Վասն Զահրատի Երկու Շնորհանդէսին Մին՝ Իր Ողջութեան, Միւսը՝ Յետ Մահու Շնորհանդէսներու առաջինը 20 Դեկտեմբեր 2006-ին էր «Արաս» հրատարակչութեան հրատարակած Զահրատի բանաստեղծութիւններուն զոյգ գեղատիպ հատորներուն առիթով, հոծ գրասէր բազմութեան մը ներկայութեան, ուր խօսք առին Հալէպէն՝ Տիկին Վարդի Քէշիշեան եւ Տոքթ. Սօսի Անթիքաճըօղլուն՝ Պոլիսէն եւ ուր նոյն քաղաքէն Արտաշէս Մարկոսեան ցուցադրեց սահիկներ համակարգչային դրութեամբ՝ ներկայացնելով բանաստեղծին կեանքը:

Նոյն օրը ասմունքով հանդէս եկած էին Արաս Սարըչոպան, Արարատ Աւշարօղլու, Արթուն Տամատեան, Արի Հաքկէօր, Լիզէթ Պայրամ, Նարօտ Էրքօլ, Սելին Այսելի եւ Սեսիլ Էօզտալ: Օրուան խոսնակն էր Նարօտ Էրքօլ:
Իր նմանը չունեցող երեկոյ մը, ուր հոգիներու մէջ կը թեւածէր Զահրատեան բանաստեղծութիւնը:

***

Ըսինք երկրորդ շնորհանդէսը յետ մահու, այս անգամ Զահրատ բանաստեղծին մէկ հատորին՝ «Դդումի Համ» գիրքին հրատարակութեան առիթով ուր դարձեալ բեմ պիտի բարձրանայ -Հալէպէն- Վարդի Քէշիշեան:
Դիւրին չէ բանաստեղծին մասին խօսիլ թէ՛ անոր կենսախինդ օրերուն, թէ՛ մահուընէն ետք:
Բայց քանի որ գարնան գալստին հետ կողք-կողքի Զահրատը վերադարձած է մեզի իր անտիպ գործերով, թոյլ տուէք ներկայացնել ձեզի այս գիրքը, որ անոյշահամ դդում մըն է: Ճաշակեցէք ու վստահ եմ, որ համակարծիք պիտի ըլլաք այս տողերը ստորագրողին: Ինչու այս «Դդումի Համ» անունը գիրքին: Արաս հրատարակչատանը քու տայ բացատրութիւն: Հարց կը տրուի բանաստեղծին, որ իր ընդհանուր գործերուն երկհատորային հրատարակումէն ետք պիտի շարունակէ՞ նոր երգեր գրել: Պատասխանը՝ ասկէ ետք գրածներս դդումի համ պիտի ունենան:
Չըսի՞նք ձեզի, որ սրամիտ էր Զահրատ: Այս պատասխանը պատճառ եղաւ որ Զահրատին յետ մահու հրատարակուած գիրքը զգենու «Դդումի Համ» անունը: Գիրքը կը բացուի բանաստեղծին մէկ լուսանկարովը որ ժպտուն է:
Հանդիպած էջին վրայ Անայիս Եալտզճեանին խօսքն է, ուղղուած՝ սիրելի ընթերցողին ուր ի մէջ այլոց Զահրատին տիկինը գրած է.- «Զահրատը նոյնացած էր իր գրականութեան հետ, ան կ’ապրէր բանաստեղծութեան մէջ, բանաստեղծութեան զուգահեռ, բանաստեղծութեան համար: Իր եղելութեան առանցքը այդ անձեռնխմելին, այդ անթափանցելին էր, իր վահանը՝ «վահաւատք» զոր «դրոշմի պէս կուրծքին վրայ կը բռնէր»:
«Այդ կուրծքը այլեւս չկայ: Բայց կայ այս հատորը, զոր իրենց կուրծքին վրայ խանդաղատանքով պիտի սեղմեն բոլոր անոնք, որոնք սիրեցին իր տաղերգութիւնը եւ իր անձը որպէս Զահրատը -Ուրիշը- Տարբերը»:
Եւ ահա կը բացուի դդումի այս պարտէզը.-
-Ինչ համով հիտիվ աղջիկ է ըսի / Այո- ըսաւ- շատ կը սիրեմ / Բայց շատը դդումի համ քու տայ ըսի / թող տայ- ըսաւ- դդումը շատ կը սիրեմ
Այո՛, այսպէս կը բացուի այս 160 էջերու վրայ տարածուող պարտէզին դուռը: Սրամտութեան յարող պատկերաւոր խօսքը Զահրատին մշտաներկայ առաւելութիւններէն մէկն է Մարմարայի ալիքներուն պէս վէտվէտող: Բանասդեշծը կը գոչէ.-
-Ժողովուրդ ով ժողովուրդ / Նայէ ինծի այնպէս ինչպէս / մայր կատուն / կը նայի իր ձագերուն
Պատկերի դիմաց կը փափկանաս քիչ մը, կը յուզուիս նաեւ: Ու ան կ’եզրակացնէ.- -իմ աշխարհս-/ չկրցար / լաւ մայր մը ըլլալ ինծի
Ահա այլ նմանութիւն մը բանաստեղծին կողմէ.-
Ապրիլ- կը նշանակէ անմեղ ձեւանալ / մեղաւորներու աշխարհի մը մէջ
«Արկածախնդրութիւն» բանասդեղծութիւնը անակնկալ կարկուտի պէս է:
Անակնկալները այս գիրքի էջերուն վրայ կը յաջորդեն իրարու ձեզի զարմանք պատճառելով ու մտածել տալով թէ Զահրատ ինչպէ՞ս կը յաջողի այդքան պարզ ու խոր ըլլալ:
Այդպէս մտածել կու տան այս էջերէն մեզի ժպտող բազում գործեր թէ «Գովք օդին», «Պտուղներ», «Հին դրացիներ», «Եզներ», «Հրաժեշտի գիշեր», «Միօրինակ» բանաստեղծութիւններու կարգին անոնց հետեւող շատ գործեր:
Տեղ մը կը ժպտիս, տեղ մը կը խնդաս ու ախորժակով կը շարունակես ընթերցանութիւնը բարձրաձայնելով .- Ահա այսպէ՛ս կը գրուի բանաստեղծութիւնը: Ահա այսպէ՛ս-. -Նայէ որ ըսես (ըսելիքդ) առանց խորհելու – ըսինք -/ Քանի որ խորհիլը ընդհանրապէս արգելք է / ըսելիքդ ըսելու -/ Մտածել սկսաւ -/- Աւելի լաւ է որ չըսեմ- / ըսաւ- / հեռացաւ Մի քանի տող եւ ապրուած ամբողջ կեանք մը, երբ ըսելիքդ չկարենալ ըսելու մթնոլորտ մը շնչահեղձ կ’ընէ քեզ:
«Խոհեմութիւն» քերթուածէն ետք «Այս» երգին ա՛յս կ’ըսէք.-
-Մենք հերթով կու գանք հերթով կը մեկնինք / Կողմնորոշելու դժուար հերթ է այս / Մի ըսէք Զահրատ թէ օր չտեսար / Առէք կարդացէք անտիպ թերթս է այս
Ութսունէն վերջ լողալ սորվիլ հրաշալի բան մըն է կ’ըսէ բանաստեղծը: Բայց կեանքի ծովին մէջ ութսունէն վերջ լողալ սորվիլէն ի՞նչ օգուտ…
Զահրատը ստուեր կը ծախէ: Ցերեկին կարճ կ’ըլլայ ստուերը եւ աժան. իսկ վերջալոյսին՝ ստուերները կ’երկարին: Գինը սուղ կ’ըլլայ: Օ՛ն, աճապարեցէք երբ աժան է «ապրանք»ը: Գորիսի քարանձաւներէն փրթած քար մըն ալ Զահրատն է եղէր: Այդ չէինք գիտեր: Կոմիտասին նուիրուած երգով կը փակուի գիրքին առաջին բաժինը.-
-Ու կը յառնենք քեզի հետ մենք դարերն ի վեր -Կոմիտաս-

***

Գիրքին Բ. բաժինին մէջ ունինք վեց բանաստեղծութիւն «Երկու Չափ» խորագիրին տակ: Զահրատ կը սիրէ բաղդատութիւններ հիմնաւորել: Հեղինակը գիրքին յաջորդ բաժինը «Ագապիաբար» կոչած է: Զահրատ երգէ-երգ միշտ անակնկալ խօսք մը, միտք մը, բանաձեւ մը ունի, որ քերթուածին նոր շունչ կու տայ, ինչպէս «Ճօճանակ»ին.- -Հոն կ’երթայ – այստեղը կը կարօտնայ / Հոս կու գայ- այնտեղը կը կարօտնայ / ճօճանա՞կ է- ի՞նչ է –
Հոս կու գայ- / Ագապին կը կարօտնայ / Հոն կ’երթայ – Ագապին կը կարօտնայ / -Ճօճանակը խանգարուե՞ր է ի՞նչ է
Հետաքրքրական է Ագապին:
Գիրքին յաջորդ բաժինը «Տողադարձ» կը կոչուի: Բառն ալ ցաւ մը ունի երբ տողադարձի պատճառաւ երկուքի կը բաժնուի:
Այստեղ խիստ հետաքրքրական է «Սէրը կարկտան չի բռներ» քերթուածը:
Բանաստեղծը Սամաթիան կը գովերգէ, զի իր մեծ հայրը Սամաթիացի էր: Այդ սէրը իր մեծ հօրմէն անցած էր իր արեան շրջանառութեան մէջ:
Եւ ահա «Բանաստեղծ»ը քերթուածը.-
-Խենդ բաներ շատ էր գրեր / Այսօր խելացի բան մը գրեմ – ըսաւ -/ Եկուր տես որ կէս ճամբան / գրիչը վար դրաւ / եւ սկսաւ վազել / ճնճղուկներուն ետեւէն
«Ծնկաչոք» կը կոչուի յաջորդ բաժինը: Հոս եւս անակնկալներ կան.-
-Համակարքիչս փոքր է – ծունկի վրայ / Կապոյտ փէշդ կարճ է – ծունկի վրայ / Տողը աղօթք է – կարդա՛ ծունկի վրայ
Այստեղ բանաստեղծը երջանկութեան դեղահատ մըն է:
-Մեր մենութեան ծովին մէջ / հովը խորիսխ կը նետէր
Մեր շուրջ ներկայ են.- «Իր ձայնը անհամ ինք անհամաձայն» մարդ
Յաւակնութեան դէմ է բանաստեղծը: Ան Ս. Մեսրոպին աշակերտել կը սկսի Ա. տառը գրելէ ետք

***

Գրքին «Պատմուածքներ» բաժինը կը բաղկանայ 18 բանաստեղծութիւններէ: Այո, հըղինակը հոն պատմող մըն է պատմութիւնները բանաստեղծօրէն գրող: Հատորին (ՀԱՄ)ԱԴԱՄ բաժինը ունի 15 բանաստեղծութիւն, որոնցմէ վերջինը.- Ադամին համադամ էր վայել / Եւան կար / ուրիշ ընտրութիւն չունէր / ես ասո՞ր համար / վտարուեցայ դրախտէն / կը խորհէր –
… Անդին սատանան / ծառերէն պտուղ կը փրցնէր / կը նստէր / համով հոտով / կ’ուտէր Գիրքը կը փակուի Աղաւնակերպ կերթուածով, նուիրոած՝ Հրանդ Տինքի:
2007-ի Փետրուարին Զահրատ լքեց մեր աշխարհը ձիւնի ցուրտ օր եւ ահա 2009-ի Փետրուարին վերադարձաւ մեզի իէ այս խորհրդաւոր-խորհրդատու հատորով, որուն շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Մարտի օր մը իր գարնանային այս երգերով:
Բարի գալուստ Զահրատ, մեկնելէդ ետք քեզ ամէն օր կը սպասէի:
Բարի՛ն, քեզ բերողներուն:

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.