Նախկին ծանօթի մը հանդիպելու յուզումը պատեց, երբ սկսայ Էվրիմ Քայայի թարքմանած Օրօրան ընթերցել։ Կեանքիս տարբեր հատուածներուն հանդիպած էի իր պատմութեան, բայց այդ պատմութեան աւարտը երբեք չէր յստակացած։ Ի վերջոյ պիտի ծանօթանայի իր հետ եւ այս զգացումը բաւական արժէքաւոր էր ինծի համար։ Որոշ մարդկանց հետ կը ծանօթանանք մեր կենդանութեան օրերուն, իսկ ոմանց հետ, յետ մահու։ Այս վերջինները խաղաղ կեանքի մը իրաւունքէն զրկուածներն են շատ անգամ։ Օրօրա հայ ժողովուրդի ապրած ամենադաժան պայմանները իր անձին մէջ կը մարմնաւորէ։ Ան ցեղասպանութենէն տուժած մը ըլլալու կողքին, ցեղասպանութեան զոհը եղած կնոջ յատուկ կերպար մըն է։ Այնպէս որ Օրօրա անուն ժապաւէնին ներշնչում տուող «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագրեալ գիրքը, որ հրատարակուած է 1918-ին այս երիտասարդ կնոջ ողբերգութիւնը փոխանակ ամենահարազատ եղանակով պատմելու, ծառայած է անոր ձայնը մարելու։ Հենրի Կէյտսի վէպը չէ կրցած յաջողիլ երազային արեւելքի մելամաղձոտ պատմութիւն մը ըլլալէ։ Այսպէսով Կէյտսի գիրքը թէեւ իր շրջանին որոշ ուշադրութեան արժանացած, բայց վերջապէս այսօրուայ համար յատուկենտ ու պղտոր յիշողութիւններու պատճառ դարձող գործ մը ըլլալով կը յայտնուի։ Այդ պղտորութեան մէջ կորսուած է Արշալոյս Մարտիկեանի պատմութիւնը։ Մենք փոխանակ վերապրողի մը պատմութիւնը լսելու, կը գոհանանք այդ արեւմտեան ռոմանթիզմի պատումով։ Շատ անգամ ցեղասպանութեան զոհերու պատմութիւնները երկրորդ կամ նոյնիսկ երրորդ սերունդներու վկայութիւններէն կը փոխանցուի։ Թէեւ կան ընտանիքներու մէջ պահուած յուշագրութիւններ, կամ Զօրեան ինստիտուտի նման հաստատութիւններու ապահոված ձայնագրութիւններ ու վկայութիւններ։ Սակայն այդ բոլորը բաւական սակաւաթիւ են։
Այդ խառնաշփոթի մէջ շարժանկարի պատմութեան մասնագէտ Անթոնի Սլայտի ներածականը կը լուսաւորէ Արշալոյսի պատմութեան մութ երեսակները։ Ամերիկեան շարժանկարի շուկայի մասին Սլայտի դիտարկումները կը պարզեն թէ Օրօրային իբրեւ թէ օգնութեան ձեռք մեկնողները անգամ ինչպէս կը շահագործեն զինք։ Այս յատկութիւնով կը համոզուինք որ բռնաբարումը կը շարունակուի Ամերիկայի մէջ ալ։ Նկարահանումներու ժամանակ երիտասարդ կնոջ ոտքի բեկանումով հանդերձ նկարահանումներու շարունակման պարտադրանքը իրեն դեռ տակաւին անծանօթ լեզուով մը համաձայնութիւններ ստորագրելու ճնշումը, անոր հոգեբանական խնամքի կարօտ ըլլալով հանդերձ այս իրողութեան անտեսումը իր մատնուած դժողային պայմանները ընկալելու համար բացայայտ տուեալներ են։ Օրօրա արեւմուտքի համար խիստ հետաքրքրական դաշտ մը համարուող հարէմի պատմութիւններով ներկայացնելը եւ այսպէսով ֆիլմի նկարահանումը բռնաբարման նոր եղանակի մը վերածողները խիստ օրէն տպաւորած է Սլայտը։ Ան տարիներ ետք, երբ անտէրներու գերեզմանատան մէջ կ՚այցելէ Օրօրայի շիրիմը, կը բնութագրէ հետեւեալը՝ «Իւրաքանչիւր ցուցակ նշուած տարեթիւին Լոս Անճէլըսի մէջ մահացած եւ զինք հողին յանձնող հարազատ մը չունեցածներու յիշատակը կը յաւերժացնէ։ 1994 տարեթիւի մօտ Օրօրա Մարտիկանեանի կողքին մոխիրները իրարու խառնուած 2 հազար 900 հոգիի շիրիմներուն վրայ կը գտնուիք։ Այդ ամբողջին մէջ յատուկ ցուցանակ մը եւս կայ, ուր գրուած է «Օրօրա Մ. Յովանեան, 1901-1994»։ Այս ցուցակներուն չափերը եւ վրայի գրութիւնները կը ճշդուին Լոս Անճէլըսի քաղաքապետարանի կողմէ։ Իւրաքանչիւր ննջեցեալ միայն մէկ ցուցանակի իրաւունք ունի։ Շիրիմին վրայ ոչ ծաղիկ մը կար, ոչ ալ ինք նկարագրող որեւէ բան։ Օրօրայի համար ոչ մէկ բան պիտի փոխուէր, եթէ այս մարգագետնի փոխարէն ննջէր Սուրիոյ անապատներուն մէջ»։
Սլայտի Ադոմ Էկոյանի նախաբանով Օրօրան պատմած «Բռնաբարուած Հայաստան» գիրքի սցենարը եւ առաջին ներկայացման ընթացքին արձագանգած ներածականը շարժանկարի պատմութեան մէջ մոռացուած աղէտի առաջին բեմադրութիւններէն մէկը եղաւ։
«Արաս» հրատարակչատան մեծ խնամքով հրատարակութեան պատրաստած այս գիրքը ցեղասպանութեան նիւթը հետազօտողներու համար շատ կարեւոր աղբիւր մը կը դառնայ։