Հեղինակը՝ Ռուբէն Մաշոյեան, ստանպուլահայ գրական կեանքէն ներս յայտնի անուն մը եղած է իբրեւ խմբագիր ու հրատարակիչ: Հիմնադիրն էր «Դէպի լոյս» մատենաշարին։ Ստորագրած է հրապարակագրական յօդուածներ ալ: Իր պատմուածքներէն նմոյշներ կան գիրքին առաջին մասին մէջ: Իսկ երկրորդ մասը, խորագրեալ «Ու անոնք գացին», կը պարունակէ եօթը դիմանկար ու յուշագրական ակնարկ՝ ստանպուլահայ մշակութային կեանքէ ծանօթ անուններու մասին:
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Գիրքին նոր հրատարակութիւնը ճոխացած է Արա Կիւլէրի պատմուածքներուն ու լուսանկարներուն հանդիպումով (օգոստոս 2018)։ Այս աշխատանքը հրատարակուած է երեք հատորով՝ թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Այլ մանրամասնութիւններու համար սեղմեցէ՛ք…
- Babil'den Sonra Yaşayacağız
- Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք
- We Will Live After Babylon
Ազգային-եկեղեցական կեանքէ վէպ մը, որուն առանցքը կը կազմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ու Պոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը: Արա Ակինեանի գրիչով քայլ առ քայլ կարելի է հետեւիլ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին, այլ խօսքով՝ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ ամանակահատուածին: Լուսանկարներով հարուստ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերու բաժնուած յիսունհինգ գլուխներէ: Ունի յաւելուած ու ծանօթագրութիւններու բաժին։
Գիրքը կը բովանդակէ 11 պատմուածք, մեծ մասամբ առնչուած հայ իրականութեան զանազան դրսեւորումներուն հետ: Բագրատ Էսդուգեանի պատմուածքները շրջապտոյտ մըն են Պոլիսէն դէպի հեռաւոր երկիրեր ու քաղաքներ՝ Նիւ Եորք, Երեւան
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի այս գիրքը առաջինն է իր եռահատոր պատմուածքներու շարքին ու կը պարունակէ շատ հետաքրքրական տասներկու պատմուածք՝ քաղուած զանազան ժողովուրդներու աւանդական բանահիւսութենէն: Այստեղ կը տողանցեն ամերիկա
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
Յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի կողմէ մանուկներու եւ պատանիներու համար պատրաստուած հետաքրքրական գիրք մը ահա: «Հպարտ չղջիկը» հեղինակին ծրագրած պատկերազարդ պատմուածաշարքին երկրորդ գիրքն է։ Ան կը պարունակէ զանազան
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
Գիրքը կը պարունակէ 15 պատկերազարդ պատմուածք՝ պատրաստուած յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի կողմէ: Այս պատմուածքները քաղուած են տարբեր ժողովուրդներու բանահիւսութիւններէն, նաեւ հայկական հէքեաթներէն: Գիրքը նկարազարդած է Սերգէյ Ռուբինեան…
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
Գիրքը պատրաստուած է նախակրթարանի աշակերտներուն համար, ամբողջութեամբ գունաւոր։ Նպատակն է օժանդակել մայրենին յառաջացնելու, բառամթերքը զօրացնելու եւ թուաբանական-երկրաչափական աշխարհէն ներս հաճելի նախաքայլով միտքը զարգացնելու: Կը բովանդակէ մանուկը շրջապատող իրեր, իր երազային աշխարհին մաս կազմող կենդանիներ, որոնք մանուկը կ'առաջնորդեն «գիւտեր»ու: «Մկնիկ»ը պատրաստեց Փայլինէ Թովմասեան եւ նկարազարդեց Էմինէ Պորա:
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
Գիրքը պատրաստուած է աշակերտներու համար՝ ամբողջովին գունաւոր՝ թէ՛ ուրախ ժամանցի, թէ՛ մայրենին յառաջացնելու կրկնակ նպատակներով: «Ոզնիկ»ը նկարազարդեց Ժպիտ Պէրպէրեան: Տեսէ՛ք Ոզնիկ ինքզինք ինչպէս կը ծանօթացնէ. «Ծնած եմ 1998ին Ստանպուլ, Պէյօղլուի մէջ: Մեծ մայրիկս դրած է անունս: Խաչբառեր, հանելուկներ լուծել շատ կը սիրեմ: Այսպէսով թէ՛ կը զուարճանամ, թէ՛ կը յառաջացնեմ մայրենիս: Այս գիրքը պատրաստեցի, որպէսզի ծանօթանամ ընկերասէր ուրիշ ոզնիկներու»։
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
Այս գիրքը ծրագրուած է՝ ծնողներու, չափահասներու կամ մանկավարժներու առաջնորդութեամբ ծառայելու նախադպրոցական շրջանի 5-6 տարեկան մանուկներու բազմակողմանի զարգացման: «Պարտէզ»ին նպատակն է մանուկը ծանօթացնել երկրաչափական ձեւերուն, վարժեցնել մատիտ գործածելու, զարգացնել ընկերա-հոգեկան հաղորդակցութիւնը մանուկին ու չափահասին միջեւ, ստեղծել միասին գործելու կարելիութիւն։ Գիրքը պատրաստած է մանկավարժ Արուսեակ Քոչ, նկարազարդած՝ Էմինէ Պորա։
126,00 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺