Բանջարեղէններ, որոնք բանջարեղէն ուտել չփափաքող մանուկներէ զզուած կ՚ըմբոստանան, երկու երազող ընկեր, որոնք հակառակէ կարդալու հետ հարց ունին, երկու անպիտան, որոնք գիրքը գրաւելով կ՚ուզեն գլխաւոր հերոս դառնալ… +2, +4 եւ +5 տարիքային խումբերու երեք գիրք կը մէկտեղէ «Չարաճճի բաներ»ը, որու հերոսները բաւական պիտի զուարճացնեն ձեզ։
184,60 ₺
Etiket Fiyatı: 284,00 ₺
Փոքրիկ աղջիկ մը, որ կ՚ուզէ յաղթահարել կեանքի խոչընդոտները, ուրիշ աղջիկ մը, որ կը հարցնէ, թէ «Եթէ ոչխարներու նման բուրդ ունենայինք՝ ինչպէ՞ս պիտի ըլլար կեանքը», եւ բանջարեղէններ, որոնք կը պատրաստուին ըմբոստանալ այն մանուկներուն դէմ, որոնք բանջարեղէն չեն սիրեր… Մեր հերոսները սակայն կ՚անդրադառնան յանկարծ, որ առանց իրենք զիրենք ճանչնալու՝ անկարելի է երազներ իրականացնել եւ ուրեմն մէկը կ՚առերեսուի իր վախերուն հետ, միւսը իր…
164,45 ₺
Etiket Fiyatı: 253,00 ₺
Տարբեր վիճակներ ու ձեւեր ունեցող, բայց իւրաքանչիւրը սիրով, վստահութեամբ ու ընկերութեամբ կառուցուած բարեկամութեան այս պատումներով մանուկներուն (թերեւս նաեւ մեծահասակներուն) պատմեցէք բարեկամութիւնն ու անոր արժէքը։
194,35 ₺
Etiket Fiyatı: 299,00 ₺
«Գրքի սէր» կապոցին մէջ տեղ գտած 2+ եւ 3+ տարիքային խումբի պատկանող գրամոլ հերոսներուն շնորհիւ մանուկները ա՛լ աւելի պիտի սիրեն ընթերցանութիւնը։
169,65 ₺
Etiket Fiyatı: 261,00 ₺
Խաղա՛նք հայերէն… Սուտօքու մտածելու վարժանք մըն է նախեւառաջ եւ այս վարժանքը կարելի է առիթի վերածել նաեւ լեզուի զարգացման համար։ «Գոյնզգոյն Սուտօքու»ի երեք գիրքերը յատուկ զեղչով հասանելի են մէկ կապոցով։ 4-7 տարու մանուկներուն համար պատրաստուած «Գոյնզգոյն սուտօքու»ին նպատակն է մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
Ան կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը,…
145,20 ₺
Etiket Fiyatı: 264,00 ₺
Զաւէն Պիպեռեանի առաջին վէպն է «Լկրտածը», որ հրատարակուած է 1959-ին։ Հանրապետական շրջանի ստանպուլահայ գրականութեան անդրանիկ վէպերէն մէկն է այս ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ժամանակակիցներու դրական գնահատանքին։ Պոլսոյ ամարանոցային աւաններէն մէկը՝ Էրենգիւղը, թատերաբեմն է շաբաթավերջեան իրադարձութիւններու։ Հասարակական տարբեր խաւերուն դրացնութիւնը կամ անոնց հեռաւորութիւնը, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, Պիպեռեան կու տայ լեզուական հնարքներով, շարժանկարային հատու դրուագումներով՝ նրբօրէն զարգացնելով ծածուկ լարուածութիւնը, որ վէպի…
66,75 ₺
Etiket Fiyatı: 89,00 ₺
Զապէլ Եսայեան «Կեղծ հանճարներ» վէպը նախ որպէս թերթօն հրատարակած է 1905-1907 թթ. միջեւ, Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին մէջ, առանց սակայն աւարտին հասցնելու։ Վէպը առանձին հատորով եւ ամբողջական ձեւով հրատարակուած է Պոլիս, 1910 թուականին, որմէ շուրջ 110 տարի անց վերստին կը մատուցուի ընթերցողին, «Արաս»ի պիտակով։ Թուրքիայէ խումբ մը հայ ուսանողի եւ երիտասարդ մտաւորականի Փարիզի կեանքը սեւեռող, գրականութեան ու արուեստի իրենց որոնումները լուսարձակի…
61,50 ₺
Etiket Fiyatı: 82,00 ₺
1915-ին սկսած եւ ցարդ շարունակուող արկածի մը հետքերուն կը հետեւի Վարդօ։ Առաջին աշխարհամարտի աղիտալի սեւ օրերուն, Անատոլուի արեւելքին, գիւղի մը մէջ, քոյր ու եղբայր Մարիամին ու Վարդոյին ճանապարհը կը խաչաձեւուի անծանօթի մը՝ Հասանին հետ։ Քրոջ ու եղբօր ընտանիքը «աքսոր» կոչուած մահուան ճանապարհորդութեան մը ուղարկուած են, եւ Հասանին մահամերձ հայրը իր զաւկէն կը խնդրէ, որ Մարիամն ու Վարդօն հասցնէ ապահով ապաստարան…
72,75 ₺
Etiket Fiyatı: 97,00 ₺
Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայալեզու գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար։ Վարուժան ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ։ Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ետք ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը։ Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած…
72,75 ₺
Etiket Fiyatı: 97,00 ₺
Գծավէպի մատենաշարի այս առաջին գիրքը մեզ կը տանի դէպի Ֆրանսա, Թուլոնի ծովեզերքը։ Պատումը կը սկսի Ալճերիոյ, նոյնիսկ աւելի անդին՝ Անատոլուի մէջ։
Փոքրիկ Մահմուտի կեանքը հիմնապէս կը փոխուի, երբ Ալճերիայէն կու գայ մինչ այդ չտեսած իր մեծ մայրը։ Ան ունի գաղտնիք մը, զոր չի գիտեր Մահմուտ։ Մեծ մայրը հետզհետէ աւելի շատ տեղ գրաւել կը սկսի թոռնիկներու կեանքէն ներս, մինչ Մահմուտ աւելի…
72,75 ₺
Etiket Fiyatı: 97,00 ₺