Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։ Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու…
562,50 ₺
Etiket Fiyatı: 750,00 ₺
«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն ու ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով մը տպելէ ետք, «Արաս» այժմ ալ հատորով մը կը ներկայացնէ «Շնորհքով մարդիկ» ու «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը։
Առաջինը՝ «Շնորհքով մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։…
243,75 ₺
Etiket Fiyatı: 325,00 ₺
Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը թերեւս, որու բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը՝ «Տրտունջք»ը, «Լճակ»ը, «Թրքուհին»ը եւ միւսները գոց կ՚արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած եւ յետոյ չեն առնչուած հայ կեանքին։ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանք լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը, բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան…
225,00 ₺
Etiket Fiyatı: 300,00 ₺
«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։
«Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ…
225,00 ₺
Etiket Fiyatı: 300,00 ₺
«Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ով աղա» երգիծանքով ու իմաստութեամբ հիւսուած գիրքն մըն է, որ յատկապէս պիտի գրաւէ պատանի ու երիտասարդ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը։ Ստանպուլահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի այս գործը մուտք մըն է հայկական առածներու անսահման աշխարհէն ներս։ Հարիւր, թերեւս հազարամեակներ շարունակ ժոովուրդին քանի մը բառի մէջ խտացուցած այս խօսքերը Հատտէճեան կը մեկնաբանէ պարզ,…
206,25 ₺
Etiket Fiyatı: 275,00 ₺
Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ։ «Սպասման սրահին մէջ» գրագիտուհի տիկնոջ առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը կը ներկայացնէ գիրքը, ուր երիտասարդ սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան…
206,25 ₺
Etiket Fiyatı: 275,00 ₺
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» շարքի երկրորդ գիրքը, առաջինին նման, ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու Գ» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան…
206,25 ₺
Etiket Fiyatı: 275,00 ₺
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» շարքի երկրորդ գիրքը, առաջինին նման, ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու Բ» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան…
206,25 ₺
Etiket Fiyatı: 275,00 ₺
Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ կը փափաքի մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։
«Գոյնզգոյն սուտօքու» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան կեդրոնանալ որոշ նիւթի մը…
206,25 ₺
Etiket Fiyatı: 275,00 ₺
Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ։ Ինչպէս վէպերուն, այնպէս ալ պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակները՝ տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու, հասարակութիւններու մէջ։ Իր…
262,50 ₺
Etiket Fiyatı: 350,00 ₺