Հայերէն

Üç Dilde Gâvur Mahallesi

Mıgırdiç Margosyan

Kategori Öykü
Dili Türkçe - Ermenice - Kürtçe
Çevirmen

Türkçeden (Kürtçeye) Rûken Bağdu Keskin

Ermenice taşra edebiyatı geleneğinin son temsilcilerinden Mıgırdiç Margosyan'ın ilk öykü kitabı Gâvur Mahallesi üç dilli olarak yeniden yayımlandı. Margosyan'ın doğup büyüdüğü Diyarbakır'ın ünlü Gâvur Mahallesi'ni anlatan öyküleri, Türkçe, Ermenice ve Kürtçe olarak aynı cilt içerisinde okuyucuyla buluştu.

Mıgırdiç Margosyan'ın büyük bir ilgiyle okunan Gâvur Mahallesi'ne kaynaklık eden Ermenice Mer Ayt Goğmerı (Bizim Oralar) öykü derlemesinin ilk yayımının üzerinden tam 27…

Stokta Yok

Տիգրիսի ափերէն

Մկրտիչ Մարկոսեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Հատորը կը մէկտեղէ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ երիտասարդական շրջանի գրութիւնները՝ հրատարակուած ստանպուլահայ օրաթերթերուն եւ իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 26 գրութիւններէ, որոնք 1950-ականներու Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն դրուագներ են: Ինչպէս հեղինակին միւս գործերը, այս գիրքն ալ «օղորմի» է տեղւոյն հայութեան, որոնց լեզուին մէջ «օղորմի էրթէ հոգուն»ը ակնարկ մըն է իրենց անցեալին:

Stokta Yok

Մեր այդ կողմերը

Մկրտիչ Մարկոսեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

«Մեր այդ կողմերը» 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակին (Փարիզ): Եզակի պատահար մըն է, երբ պատմուածքի գիրք մը կ’արժանանայ վեց տպագրութեան, ինչպէս այս մէկ հատորը: Այս գիրքին մէջ կը տողանցեն Տիգրանակերտի վերջին հայերը, կը նկարագրուի 1950-ական թուականներու Տիգրանակերտը՝ իր նեղ փողոցներով, հայկական կեանքով՝ հարսանիք, ծնունդ, թաղում եւլն:

Stokta Yok

Գիւղը կ’ապրի իմ մէջս

Յակոբ Մնձուրի

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Մնձուրի՝ գիւղացի հողագործը, գիւղի ուսուցիչը, քաղաքին ծանր բանուորը, մտաւորականըԲայց նախեւառաջ գրողըԱն երգեց կարօտի, երազի, սիրոյ, արցունքի, հաւատքի, ծանր ու արդար աշխատանքի, համեստ

Stokta Yok

Դդումի համ

Զահրատ

Գիրքը կը բաղկանայ եօթը բաժիններէ՝ «Դդումի համ», «Ագապիաբար», «Տողադարձ», «Ծնրաչոք», «Պատմուածքներ», «(Համ)ադամ», «Աղաւնակերպ»: Հատորին մէջ կայ  100 քերթուած, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ Զահրատի վերջին անտիպներն են՝ գրուած  2005-2006 թուականներուն:

Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Զահրատի հակիրճ կենսագրականը, իր տիկնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի սրտի խօսքը եւ քանի մը լուսանկար:

109,50 

Etiket Fiyatı: 146,00 

%25
Sepete Ekle

Անտիպ թերթս

Զահրատ

Հատորը կ'ընդգրկէ պոլսահայ նորարար բանաստեղծ Զահրատի անտիպ եւ գիրքերէ դուրս մնացած բանաստեղծութիւնները: Յետ մահու տպագրուած այս գիրքը իրականացած է հեղինակի կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի ջանքերով: Գիրքը կը բովանդակէ Զահրատէ 278 բանաստեղծութիւն, որոնք դասաւորուած են հինգ գլուխներու տակ: «Անտիպ Թերթս» երեւան կը հանէ Զահրատի անծանօթ այլ երեսները՝ թարգմանիչն ու մանաւանդ արձակագիրը:

124,50 

Etiket Fiyatı: 166,00 

%25
Sepete Ekle

Բանաստեղծութիւններ

Զահրատ

Աշխարհահռչակ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի

ստեղծագործութինները, ընթերցողին կը հրամցուի տուփի մը մէջ ամփոփուած երկու հատորներով՝ Բանաստեղծութիւններ I, II:

Մօտաւորապէս հազար էջերէ բաղկացած այս հրատարակութիւնը կ'ընդգրկէ Զահրատի ցարդ հրատարակուած ութ բանաստեղծութեան գիրքերը՝ սկսեալ իր անդրանիկ Մեծ Քաղաքը հատորէն մինչեւ իր վերջին գիրքը՝ Ջուրը Պատէն Վեր:

Հատորներուն  կցուած է նաեւ ծանօթագրութեան բաժիններ, ուր տրուած են շուրջ 250 բացատրութիւններ 120 բանաստեղծութեան դիմաց:  Երկրորդ հատորի…

327,75 

Etiket Fiyatı: 437,00 

%25
Sepette

Թթխմոր

Թորոս Թորանեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Թորոս Թորանեանի ծննդեան ութսունամեակին առթիւ ծրագրուած հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին 1975-2002ին լոյս տեսած գործերէն: Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Բարեւ հայրիկ, Բոլորն ալ մարդեր են, Կեանքի կեռմաններով եւ Մանրապատումներ: Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը, ինչպէս նաեւ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական թարգմանական բեղուն գործունէութեան մատենագիտութիւնը: ԹԹԽՄՈՐը Թորանեանի ՝՝Արաս՛՛…

119,25 

Etiket Fiyatı: 159,00 

%25
Sepete Ekle

Իսթանպուլահայերը կը կանչեն

Թորոս Թորանեան

Սեռ՝ Յուշագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Հալէպահայ յայտնի գրող, մտաւորական Թորոս Թորանեանի նոր մէկ աշխատութիւնն է այս գիրքը: Թորոս Թորանեան ծնած է Հալէպ 1928ին: Ան մէկն է, որ մօտաւորապէս ստորագրած է , 50 աւելի գիրքեր: Թորոս Թորանեան հաղորդական բնաւորութեամբ, լեռնական Սասունցիի տաք սրտով 1996ին այցելեց Ստանպուլ Սայաթ Նովա Երգչախումբի հրաւէրով, շարք մը բանախօսութիւններ տալու համար: Վերադարձին իր Ստանպուլեան տպաւորութիւնները գրի առաւ:

Գրքին մէջ կը գտնուի այս …

Stokta Yok

Ողջոյն ամենքին Դէմքեր եւ դէպքեր

Արա Գօչունեան

Սեռ՝ Քրոնիկ
Լեզուն՝ Հայերէն

Այս գիրքը ձօն մըն է «Ժամանակ»ի 100-ամեակին, իր իսկ ծոցէն հասած մամուլի սպասաւորի մը գրչի արտադրութեամբ: Հատորը կընդգրկէ Գօչունեանէ 100 քրոնիկ՝ ընտրուած թերթի հաւաքածոներէն (1986-1992):

111,00 

Etiket Fiyatı: 148,00 

%25
Sepete Ekle
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.