Ստանպուլահայ երիտասարդ բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլուի անդրանիկ բանաստեղծական հաւաքածոն է «Անանուն երազ» հատորը: Այս հատորին մէջ կան մօտ յիսուն բանաստեղծութիւն, որոնք մեծ մասամբ լոյս տեսած են «Նոր Մարմարա
Հատորին մէջ ամփոփուած են ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի պատմուածքները: Ան կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ «Արձագանգ», «Անցորդը» եւ հրատարակչատան կողմէ կցուած յաւելուածի բաժինը:
Հեղինակը ընթերցողին կը հրամցնէ «մեծ մասով խոնարհ մարդոց, ուսուցչական եւ ուսանողական կեանքէն առնուած իրական եւ վաւերական պատկերներ», որոնք ներսէն դիտողի մը կողմէ բացուած պատուհաններ են՝ դէպի պոլսահայ կրթական կեանքն ու իրականութիւնը:
66,75 ₺
Etiket Fiyatı: 89,00 ₺
Ու Ես Կ'երթամ հատորը կը բովանդակէ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ 1964-1970ի միջեւ Մարմարա օրաթերթի մէջ համանուն խորագրին ներքեւ լոյս տեսած 57 գրութիւններ, որոնք մեծամասնութեամբ արդիւնքն են քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ՝ յատկապէս դէպի հարաւային եւ արեւելեան նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն: Այս գրութիւնները կարեւոր են որովհետեւ կը ներկայացնեն այսօր ալ աւելի նօսրացած ու նոյնիսկ ամայացած «հայ Անատոլու»ի քառասուն տարի առաջուան հարազատ մէկ…
61,50 ₺
Etiket Fiyatı: 82,00 ₺
Լրագրող Արա Ակինեանի «Յաղթանակի ճամբան» վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1963-ին: Վէպը կը բաղկանայ 41 գլուխէ, ուր նկարագրուած է Պէզճեան ամիրայի վերելքը, Սուլթան Մահմուտի հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իր գործունէութիւնը իբրեւ պետական եւ ազգային գործիչ: Այս նոր տպագրութիւնը ունի յաւելուածի բաժին մը, ուր տրուած են Պէզճեանի կեանքէն եւ Մահմուտ Բ.-ի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ակինեանի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
66,75 ₺
Etiket Fiyatı: 89,00 ₺
Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէ ընթացաւարտ Յ. Ճ. Սիրունիի այս ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Գարեգին արք. Խաչատուրեանի անձն ու վաստակը։ Հատորը նաեւ հրատարակիչ սաներուն մատուցած տուրքն է արմաշական իրենց հիմնադրին՝ Գարեգին Խաչատուրեանին, իր ձեռակերտը եղող Ս. Խաչ Դպրեվանքի 50-ամեակին առթիւ: Այս մենագրութեան մէջ ընթերցողը պիտի գտնէ նաեւ «Նարեկ»ի վերլուծումը՝ Սիրունիի գրիչով։
66,75 ₺
Etiket Fiyatı: 89,00 ₺
Տարօնի իր արմատներէն առած բանաստեղծական աւիշով սնած ու ստանպուլահայ կրթական օճախներու շունչով տոգորուած, դեռ Կեդրոնականի աշակերտ՝ յայտնութիւն մը եղած էր Զանգու: Հարկադրաբար բաժնուելով երկրէն, ան մաս կազմեց Ֆրանսահայ գրողներու միութեան: Այս մէկը իր եօթներորդ գիրքն է, որ բանաստեղծութիւններու կարգին կը բովանդակէ նաեւ վերլուծական, գրախօսական, կենսագրական, քննադատական արձակ էջեր, ինչպէս նաեւ նամակներ։
72,75 ₺
Etiket Fiyatı: 97,00 ₺
Հայերէնի ուսուցիչ Գեղամ Քերովբեան-Իշքօլի (1924-1980) «Հայերէն բառգիրք աշխարհաբար լեզուի» աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1962-ին: Քերովբեան-Իշքօլ բառարանը կազմած է դպրոցականներու անմիջական պահանջները գոհացնելու մտադրութեանբ եւ հայ բառերը իրենց յատուկ ու նաեւ փոխաբերական ինաստով դիւրութեամբ ծանօթացնելու նպատակով։
Հեղինակին աշակերտներէն Արտաշէս Մարկոսեանի խմբագրութեամբ՝ այս հրատարակութիւնը խմբագրական միջամտութիւններով ու բազմահարիւր նոր թրքերէն համարժէքներով «վերամշակուած» տարբերակ մըն է: Հատորը կը բաղկանայ մօտ 10.000 բառէ:
105,00 ₺
Etiket Fiyatı: 140,00 ₺
Սրտաբան տքթ. Կարօ Կարապետեան իր գործերով գրաւած է գրական շրջանակներու ուշադրութիւնը: Անել գրչանունով հրատարակած է բանաստեղծական հինգ հատոր, որոնցմէ վերջինն է «Ի լրումն ժամանակի»ն: Անել ունի տակաւին անտիպ քերթուածներու հոյլ մը, նաեւ երկու հոգեբանական վէպ ու պատմուածքներու շարք մը: 1998-ին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։ Տարբեր առիթներով արժանացած է զանազան հաստատութիւններու շքանշաններուն:
Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի սարկաւագութեան եւ աբեղայ ձեռնադրութեան առաջին օրերուն գրառած օրագրութիւնն է այս հատորը: Երկու բաժիններն ալ գրուած են քսան տարեկանի պարգեւած անկեղծութեամբ, հետաքրքրական անցուդարձերով:
Ժամանակը առաւ տարաւ նաեւ Պոլսոյ հայեվարը, որմով Յակոբ Այվազ կերպաւորած էր Լուցիքա Տուտուն, 1968-1996 տարիներու միջեւ, «Քուլիս»ի մէջ: Գիրքը կը ներկայացնէ Լուցիքա Տուտուներէ փունջ մը, որոնց