Բանաստեղծութիւն

Գոյներ հետքեր

Իգնա Սարըասլան

Ստանպուլահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։ Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ դար Աղթամար» շարքն ու «Մայրամուտին Թոտորի» գործը։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ…

90,00 

Etiket Fiyatı: 120,00 

%25
Sepete Ekle

Սերմ մը ամպերուն մէջ

Վարուժան Պարըշ

Վարուժան Պարըշ, որ թրքալեզու ընթերցողին ծանօթ է «Suyu Arayan Ateş» հատորով, ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ քնարերգութեան հետզհետէ ճահճացող դաշտին վրայ ծլող ծաղիկի մը նման արտադրած իր երկերով։ «Սերմ մը ամպերուն մէջ» իր քերթուածներով ստեղծուած ընտրանի մըն է։ Հատորը, զոր կազմած է գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան (Հայաստան), հեղինակի՝ գոյութենական, մարդ ըլլալու, հոգեկան ելեւէջներու խորութեան վերաբերեալ որոնումներուն քնարական մէկ հանրագումարն է։

127,50 

Etiket Fiyatı: 170,00 

%25
Sepete Ekle

Մշուշէն անդին

Զահրատ

Զահրատ (1924-2007), որ հայալեզու քնարերգութեան Ի դարու երթին իր դրոշմը ձգած արդիաշունչ ու իւրայատուկ անուններէն մէկն է, իր մահէն ետք եւս կը շարունակէ ապրիլ ու քաղցր անակնկալներ մատուցել զինք սիրողներուն։ Կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ գրողի թողօնէն հանուած ձեռագիր մասունքներու վրայ բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքին ի մի բերուած Զահրատի առաջին շրջանի բանաստեղծութիւնները թերեւս այն առաջին աստիճաններն էին, որոնք քերթողը կ՚առաջնորդէին ապագայի…

80,25 

Etiket Fiyatı: 107,00 

%25
Sepete Ekle

Անհուն երկինք՝ աչքերու մէջ

Զաւէն Պիպեռեան

Զաւէն Պիպեռեան, որ հայալեզու գրականութեան անդաստանին վրայ տիրական անունմըն է իր վէպերով ու պատմուածքներով, առաջին անգամ ընթերցողին կը ներկայանայ չափածոյ գործերով։ Առանձին հատորով մը իրենց առաջին հրատարակութեան արժանացող այս քերթուածները ո՛չ միայն երիտասարդ հեղինակի մը գրական որոնումներուն մասին կը վկայեն, այլ նաեւ առիթ կու տան ծանօթանալու այն տողերուն, որոնց ան ապաստանած է ամէն անգամ որ անարդարութեան ենթարկուի ազգային ինքնութեան բերմամբ։…

66,00 

Etiket Fiyatı: 88,00 

%25
Sepete Ekle

Հացին երգը

Դանիէլ Վարուժան

Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայալեզու գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար։ Վարուժան ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ։ Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ետք ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը։ Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած…

129,75 

Etiket Fiyatı: 173,00 

%25
Sepete Ekle

Աստղերու հեղեղ

Պետրոս Դուրեան

Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը թերեւս, որու բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը՝ «Տրտունջք»ը, «Լճակ»ը, «Թրքուհին»ը եւ միւսները գոց կ՚արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած եւ յետոյ չեն առնչուած հայ կեանքին։ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանք լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը, բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան…

119,25 

Etiket Fiyatı: 159,00 

%25
Sepete Ekle

Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով Աշխատասիրեց՝ Ռուբէն Մաշոյեան

Կարպիս Ճանճիկեան

Բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեան, որ կը նկատուի ստանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան հիմնադիրը, իր մահէն 70 տարի անց վերստին կը ներկայանայ գրասէր հանրութեան: Գիրքը, որ վաղամեռիկ բանաստեղծին ստեղծագործութիւնները կը հաւաքէ կողքի մը տակ, վերահրատարակութիւնն է 1990-ին Ռուբէն Մաշոյեանի կողմէ խմբագրուած համանուն հատորին։ Սահակեան սանուց միութեան կողմէ հրատարակուած հատորը պատրաստուած էր «Նորք» հրատարակչատան երդիքին տակ։ Ներկայ հրատարակութիւնը, որ վերստին ընթերցողներու սեղանին կը դրուի Սահակեան-Նունեան լիկէոնի…

105,75 

Etiket Fiyatı: 141,00 

%25
Sepete Ekle

Դդումի համ

Զահրատ

Գիրքը կը բաղկանայ եօթը բաժիններէ՝ «Դդումի համ», «Ագապիաբար», «Տողադարձ», «Ծնրաչոք», «Պատմուածքներ», «(Համ)ադամ», «Աղաւնակերպ»: Հատորին մէջ կայ  100 քերթուած, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ Զահրատի վերջին անտիպներն են՝ գրուած  2005-2006 թուականներուն:

Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Զահրատի հակիրճ կենսագրականը, իր տիկնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի սրտի խօսքը եւ քանի մը լուսանկար:

109,50 

Etiket Fiyatı: 146,00 

%25
Sepete Ekle

Անտիպ թերթս

Զահրատ

Հատորը կ'ընդգրկէ պոլսահայ նորարար բանաստեղծ Զահրատի անտիպ եւ գիրքերէ դուրս մնացած բանաստեղծութիւնները: Յետ մահու տպագրուած այս գիրքը իրականացած է հեղինակի կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի ջանքերով: Գիրքը կը բովանդակէ Զահրատէ 278 բանաստեղծութիւն, որոնք դասաւորուած են հինգ գլուխներու տակ: «Անտիպ Թերթս» երեւան կը հանէ Զահրատի անծանօթ այլ երեսները՝ թարգմանիչն ու մանաւանդ արձակագիրը:

124,50 

Etiket Fiyatı: 166,00 

%25
Sepete Ekle

Բանաստեղծութիւններ

Զահրատ

Աշխարհահռչակ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի

ստեղծագործութինները, ընթերցողին կը հրամցուի տուփի մը մէջ ամփոփուած երկու հատորներով՝ Բանաստեղծութիւններ I, II:

Մօտաւորապէս հազար էջերէ բաղկացած այս հրատարակութիւնը կ'ընդգրկէ Զահրատի ցարդ հրատարակուած ութ բանաստեղծութեան գիրքերը՝ սկսեալ իր անդրանիկ Մեծ Քաղաքը հատորէն մինչեւ իր վերջին գիրքը՝ Ջուրը Պատէն Վեր:

Հատորներուն  կցուած է նաեւ ծանօթագրութեան բաժիններ, ուր տրուած են շուրջ 250 բացատրութիւններ 120 բանաստեղծութեան դիմաց:  Երկրորդ հատորի…

327,75 

Etiket Fiyatı: 437,00 

%25
Sepete Ekle
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.