Երկար ժամանակ կը պահանջէ ինքզինք ըլլալ։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը ներկայացնէ մանուկի մը՝ դէպի չափահասութիւն երկարող ճամբուն վրայ հանդիպած խոչընդոտները եւ անոնց դիմաց իրեն նեցուկ կանգնող մեծ մայրը, ընկերները, գիրքերով ու մատիտներով շրջապատուած աշխարհը։ Այն պահերը, երբ կը գիրնանք, երբ մենք մեզ կը զգանք տարբեր ու առանձին, տարիները, երբ անվերջ հարցումներ կը հարցնենք մենք մեզի՝ մեր կեանքի անբաժանելի…
19,50 ₺
Etiket Fiyatı: 30,00 ₺
Տարօրինակ բաներ կը պատահին սառնարանին մէջ։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզեցին։ Մեղրադդումը կը պոռայ, բրքուկը կը փնթփնթայ, չքնտուրը կը բողոքէ մանուկներու՝ դդմաճի հանդէպ ունեցած սիրոյն դէմ, դարապղպեղը կծու խօսքեր կ՚ըսէ, ծաղկակաղամբը լարուած այս խառնակութենէն՝ փուք կ՚արձակէ, ոլոռներու աղաղակը կը լռեցնէ բոլոր ձայները եւ ճիշդ այդ պահուն սմբուկը բարկութենէ կը պայթի։ Կը շարունակենք դարձնել էջերը եւ…
29,25 ₺
Etiket Fiyatı: 45,00 ₺
Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքը»։ Ձմրան թէեւ հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Տեսնենք, Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։ Իսկ դուք ի՞նչ պիտի ընէիք,…
18,85 ₺
Etiket Fiyatı: 29,00 ₺
«Բառաշխարհ», բառիս իսկական առումով աշխարհ մըն է՝ կազմուած բառերով։ Այս հոյակապ աշխատանքը, որ առօրեայ կեանքին մէջ գործածական շուրջ հազար բառը մէկտեղելով կը դիւրացնէ կեանքը, հայերէն սորվելու աշխատանքին մէջ առաջինն է բոլոր անոնց համար, որոնք հայերէն կը սորվին կամ անոնց համար, որոնց մայրենին է ան։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են մեզ շրջապատող աշխարհին եւ առօրեային վերաբերող հասկացութիւններ ու առարկաներ։ Տուն, խոհանոց,…
52,00 ₺
Etiket Fiyatı: 80,00 ₺
«Մեծ տղաքը կու լան», զոր գրած ու գծագրած է անգլիացի Ճօնթի Հավլի, զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ հանրային սեռի վրայ մտածելու մղող գիրք մըն է։ Մեր հերոսը՝ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, սակայն հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Սակայն Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Մանուկներու ընկերային ու յուզական զարգացումին կարեւոր տարրերէն…
25,35 ₺
Etiket Fiyatı: 39,00 ₺
Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան…
22,75 ₺
Etiket Fiyatı: 35,00 ₺
Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր…
20,80 ₺
Etiket Fiyatı: 32,00 ₺
Բարի եկաք ծոյլ-անասուն Լենթոյի գիրքը։ Լենթօ ուրախ ու խանդավառ է որ դուք կը կարդաք այս գիրքը, սակայն նախքան ձեզի իր պատմութիւնը պատմելը՝ պէտք է քնանայ քիչ մը։ Մինչ ան կը քնանայ, դարանակալած չարաճճի աղուէս մը արդէն իսկ սկսած է աշխատիլ գիրքը գրաւելու համար եւ ինքզինք հռչակած՝ գիրքին գլխաւոր կերպարը։ Ծոյլ-անասունը մտադիր չէ բնաւ գիրքին ղեկը յանձնելու աղուէսին։ Ինքզինք արտայայտել փափաքող …
17,55 ₺
Etiket Fiyatı: 27,00 ₺
Ինչպէս անունն ալ կը յուշէ, գիրքը ամբողջապէս հիմնուած է շրջուած կարդալու եւ գրելու զաւեշտին վրայ։ Գլխաւոր կերպարներն են խոզուկը, կովն ու ձուկը։ Խոզուկ մը եւ կով մը սառած լիճին վրայ չմշկելու ժամանակ, կապ կը ստեղծեն սառոյցին տակ գտնուող ձուկին հետ եւ այդ ձուկը կը դիմէ անոնց օգնութեան։ Խոզուկը կը ջանայ հաղորդակցիլ ձուկին հետ. իր մտերիմ կովը թէեւ մտահոգ է, սակայն…
18,85 ₺
Etiket Fiyatı: 29,00 ₺
Ժիլ կը կասկածի իր կարդացած մէկ գիրքի վերջին նախադասութենէն, որ կ՚ըսէր. «Եւ բոլորը յաւիտեան ապրեցան երջանիկ»։ Կը կասկածի, որովհետեւ գիրքին վիշապը այդքան ալ ուրախ չէր երեւեր։ Ուրեմն, ան մտիկ կ՚ընէ վիշապին ցաւը եւ զինք կը հրաւիրէ իր աշխարհը։ Կ՚որոշէ իր գիտցածները սորվեցնել իրեն, սակայն վիշապը այդքան ալ տաղանդաւոր չէ անոր ցոյց տուածները ընելու մէջ։ Վիշապը ա՛լ աւելի կը տխրի։ Արդեօք…
18,85 ₺
Etiket Fiyatı: 29,00 ₺