Ի՞նչն է որ օր մը աղուոր կ՚ընէ։ Անուշ բուրմունքով ծաղիկէ մը հոտ գաշած, անձրեւին տակ պարած եւ կամ ամպերը բաներու մը նմանցուցած օրդ կեանքիդ ամենէն աղլուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ։ Հապա՞ հեծելանիւէն ինկած, կրկնեփները փուռին մէջ մոռցած, ընկերոչ մը հետ գժտուած օր մը։ «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ պարզութեան մէջ իւրայատուկը փնտռելու։
120,00 ₺
Etiket Fiyatı: 160,00 ₺
«Կիրակոսը» կու գայ Անահիտ Սարգիսեանի անտիտղոս ու սիրելի, տարօրինակ ու հարազատ հերոսներուն շարքը ամբողջացնելու։ Կիրակոսին հետ կը ծանօթանանք անոր առօրեային, ուրախութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։ Ինչպէ՞ս նստիլ սա դպրոցական գրասեղանին ետեւ, երբ ամբողջ տիեզերական աշխարհ մը ունիս ուղեղիդ մէջ։ Ինչպէ՞ս համակերպիլ դասարանին, ընկերներուն, ժամացոյցին, օրացոյցին… Դժուար չէ՞։ Դժուա՛ր է, բայց լաւ…
93,75 ₺
Etiket Fiyatı: 125,00 ₺
Ոստրէի գիւղաքաղաքը կը բնակէր Միթզի հրաթռչունը, որու օրերը միօրինակ էին։ Միթզի, որ շատ կը սիրէր պարել ու իր այս կիրքը կը յագեցնէր երաժշտական ժապաւէններ դիտելով, օր մը մտերիմ ընկերոջ հետ գիւղաքաղաքին մէջ պտտելու ատեն կը տեսնէ թռուցիկ մը։ Արդեօք այս թռուցիկին մէջ Միթզիի կեանքը փոխելիք բանե՞ր մը գրուած էին։
«Միթզի ‑ Պարող Հրաթռչունը» հեքիաթը, ուր Զէյնէպ Ալփասլան մտերմիկ լեզուով…
112,50 ₺
Etiket Fiyatı: 150,00 ₺
«Թագաւորն ու ծովը», որ արդի մանկական գրականութեան դասականացած համաշխարհային նմոյշներէն մէկն է եւ երկար ժամանակէ մը ի վեր անհամբերութեամբ կը սպասուէր նաեւ Թուրքիոյ մէջ, Այչա Սապունճուօղլուի բարձրորակ թարգմանութեամբ ու թարմացուած խմբագրութեամբ դարձեալ ձեզի հետ է։
Թագաւորի մը հանդիպումը ծովու, շուքի, անձրեւի եւ ամպի, գիշերուան ու երկնքի, ուրուականի, ծառի եւ դեռ բազմաթիւ շնչաւոր ու անշունչ առարկայի հետ…
140,25 ₺
Etiket Fiyatı: 187,00 ₺
«Հիփփօ» վերամուտը կը դիմաւորէ գիրքով մը, որ երկրաչափութիւնը հաճելի պիտի դարձնէ մանուկներու համար։ Չորս ընկեր՝ Քառակուսիլ, Ուղղենկիւն, Գեռանկիւն եւ Զրջան, որոնք թէեւ իրարու չեն նմանիր, բայց նաեւ անբաժան են իրարմէ։ Անոնք իրենց օրերը կ՚անցընէին զանազան խաղերով եւ օր մըն ալ կ՚որոշեն բոլորովին նոր բանի մը ձեռնարկել. իրե՛նք պիտի որոշէին իրենց խաղերը, խաղին կանոնները։ Իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը նոր տարողութիւն մը պիտի…
99,00 ₺
Etiket Fiyatı: 132,00 ₺
Եղնիկը, որ անտառի ամենէն համով կարկանդակները կը պատրաստէ, ամէն օր պտուղ կը հաւաքէ միայն իրեն ծանօթ գաղտնի ու բերրի հողատարածքէ մը։ Ան իր հաւաքած պտուղներով ու Գաղտնի Համերու Գիրքին ալ օգնութեամբ հրաշքներ կը գործէ խոհանոցին մէջ՝ ցերեկէ ետք թէյի ընկերակցութեամբ համեղ քաղցրեղէններ հիւրասիրելով անտառի իր ընկերներուն։ Օր մը սակայն Գաղտնի Համերու Գիրքը կը կորսուի։ Բարկացած Եղնիկը երբ կը սկսի…
129,75 ₺
Etiket Fiyatı: 173,00 ₺
Երկար ժամանակ կը պահանջէ ինքզինք ըլլալ։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը ներկայացնէ մանուկի մը՝ դէպի չափահասութիւն երկարող ճամբուն վրայ հանդիպած խոչընդոտները եւ անոնց դիմաց իրեն նեցուկ կանգնող մեծ մայրը, ընկերները, գիրքերով ու մատիտներով շրջապատուած աշխարհը։ Այն պահերը, երբ կը գիրնանք, երբ մենք մեզ կը զգանք տարբեր ու առանձին, տարիները, երբ անվերջ հարցումներ կը հարցնենք մենք մեզի՝ մեր կեանքի անբաժանելի…
99,00 ₺
Etiket Fiyatı: 132,00 ₺
Տարօրինակ բաներ կը պատահին սառնարանին մէջ։ Բանջարեղէնները, ա՛լ ձանձրացած զիրենք ուտել չուզող մանուկներէն, ապստամբութեան դրօշ պարզեցին։ Մեղրադդումը կը պոռայ, բրքուկը կը փնթփնթայ, չքնտուրը կը բողոքէ մանուկներու՝ դդմաճի հանդէպ ունեցած սիրոյն դէմ, դարապղպեղը կծու խօսքեր կ՚ըսէ, ծաղկակաղամբը լարուած այս խառնակութենէն՝ փուք կ՚արձակէ, ոլոռներու աղաղակը կը լռեցնէ բոլոր ձայները եւ ճիշդ այդ պահուն սմբուկը բարկութենէ կը պայթի։ Կը շարունակենք դարձնել էջերը եւ…
140,25 ₺
Etiket Fiyatı: 187,00 ₺
Մարօճան տեսաւ գառնուկ մը ու հարցուց ինքն իրեն. «Եթէ ես ալ գառնուկի մը պէս բրդոտ ըլլայի՝ ինչպէ՞ս կը փոխուէր կեանքը»։ Ձմրան թէեւ հաստ հագուստներու պէտք չէր ունենար, բայց ամրան կը քրտնէր։ Այո՛, թերեւս հաճելի ըլլար ընկերներու հետ խաղալը, բայց աղտոտելէ ետք չարչարանքի պիտի վերածուէր լոգնալը։ Տեսնենք, Մարօճան ի՞նչ պիտի ընէ իր բուրդերով։ Իսկ դուք ի՞նչ պիտի ընէիք,…
99,00 ₺
Etiket Fiyatı: 132,00 ₺
«Բառաշխարհ», բառիս իսկական առումով աշխարհ մըն է՝ կազմուած բառերով։ Այս հոյակապ աշխատանքը, որ առօրեայ կեանքին մէջ գործածական շուրջ հազար բառը մէկտեղելով կը դիւրացնէ կեանքը, հայերէն սորվելու աշխատանքին մէջ առաջինն է բոլոր անոնց համար, որոնք հայերէն կը սորվին կամ անոնց համար, որոնց մայրենին է ան։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են մեզ շրջապատող աշխարհին եւ առօրեային վերաբերող հասկացութիւններ ու առարկաներ։ Տուն, խոհանոց,…
240,75 ₺
Etiket Fiyatı: 321,00 ₺