Կախարդական աշխարհ մը՝ մեր փողոցին անկիւնը...
Ուրախութեամբ կը ներկայացնենք մեր նորագոյն հրատարակութիւնը՝ Անի Կարմիրեանի հեղինակած «Կախարդական ցուցափեղկը» մանկական պատկերագիրքը:
Գիրքը մեզ կը տանի դէպի «Բուրաստան» խաղալիքի խանութը, ուր կը բնակի դեղին փիղ մը՝ Փիլա Հաթին: Ան պարզ խաղալիք մը չէ. Հնդկաստանէն եկած իշխանուհի մըն է, որ կը կարօտնայ իր հեռաւոր տունը: Պատմութիւնը կը ծաւալի մեր աչքին առջեւը՝ երեխային…
Կարմլիկ անունով ձկնիկ մը իր ճամբուն վրայ դժուարութիւններու պիտի հանդիպի։ Ինքզինք գտնելու ճամբան դիւրին չէ։ Սակայն այստեղ քարերը կը շարժին, գետերը պատմութիւններ կը պատմեն եւ ջրվէժները օգնութեան կը հասնին։
«Կարմլիկ»ը մանկական պարզութեան եւ ժողովրդական հեքիաթներու սիրուն համադրութիւն մըն է․ մէկ կողմէ՝ իւրայատուկ լեզուով պատմուած արկածախնդրութիւններու շարք է, միւս կողմէ՝ փնտռտուքի ուղի։ Ներշնչուած Համշէնի բանահիւսութենէն, «Կարմլիկ»ը մեզ կը տանի աշխարհ մը,…
Նազնազիկը, իր սակաւաթիւ էջերուն մէջ կը պարփակէ անսահման սէ՛րը, անսահման սէրով հիւսուած գեղեցիկ կապը մեծ մայրիկին եւ մէկ հատիկ թոռնիկին։
Փետուր էջերը յուշիկ յուշիկ թերթելով, մատղաշ ընթերցողը պիտի դառնայ ոսկի թոռնիկը այս գրքոյկին, պիտի մտնէ մեծ մայրիկին անյատակ կարի տուփին մէջ, շօշափելու արժէքներ, չնչին գանձեր՝ այսօր անտեսուած կամ ջնջուած։
Նախնիներէն հասած երգին ուժով, նախնիներէն հասած ի՛ր երգով, մատղաշ…
Հաւկիթ գնելու ճամբուս վրայ վիպակի ընթերցողը կը հանդիպի պզտիկ աղջիկի մը, որ զինք կը տանի քաղաքի մը նեղլիկ փողոցները։ Միասին կը ծանօթանան շուքերու եւ գոյներու աշխարհի մը, ուր զարմանալի բաներ կը պատահին։
Տարիք՝ 4-11
Երբ մարդ ընկեր մը ունի, ո՛չ մէկ բանէ վախնալու պէտք ունի»։ Արջուկը եւ Վագրիկը մտերիմ ընկերներ են եւ ոչ մէկ բանէ կը վախնան, քանի որ միասին խենթանալիք ուժեղ են, արջուկի մը եւ վագրիկի մը պէս ուժեղ։ Գետակի եզերքին իրենց տունին մէջ շատ հանգիստ են։ Բայց եւ այնպէս, օր մը ճամբայ կ՚իյնան իրենց երազներուն երկիրը՝ Փանաման փնտռելու։ Ճամբան՝ գեղեցիկ անակնկալներու կը…
19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Սակայն…
Գորալինին նոր տունին մէջ տարօրինակ բան մը կայ։ Հարցը մշուշոտ ըլլալը չէ՛, ո՛չ ալ զինքը անդադար ուշի ուշով դիտող կատուն, ո՛չ իսկ իր նոր դրացիներուն՝ օրիորդ Սփինքին եւ օրիորդ Հորսիպլին կողմէ թէյի տերեւներուն մէջ կարդացած վտանգի ազդանշանները։ Չէ՛, հարցը միւս տունն է, այն մէկը որ հիւրանոցին մէջի այդ հին դրան ետեւն է։
Այդտեղ ուրիշ մայր եւ ուրիշ հայր մը,…
Քրիստոֆըրը 15 տարեկան տղայ մըն է։ Ան շատ բան գիտէ թուաբանութեան մասին եւ շատ քիչ բան՝ մարդկային էակներու։ «Շունին վերաբերող գիշերային տարօրինակ պատահարը» վէպը պատմողն է. ցանկերու, կաղապարներու եւ ճշմարտութեան սիրահար է։ Չի հանդուրժեր որոշ գոյներ, մասնաւորաբար՝ դեղինը եւ սրճագոյնը։ Չի հանդուրժեր նաեւ որ մարդիկ դպին իրեն։
Երբեք փողոցի ծայրէն անդին չէ գացած մինակը. բայց երբ դրացիի մը շունը սպաննուած…
Առաջին համաշխարհային պատերազմի մահացու քաոսին մէջ, խրամատներու երկու կողմէն՝ Ճոոուի անունով ձի մը ականատես կ՚ըլլայ կռիւներու իրականութեան։ Ճոուին կը պատմէ սարսափազդու փորձառութիւններու ընդմէջէն վերապրող բարեկամութիւններու մասին։ Գիտէ պատերազմի ցնցիչ ուժը եւ խաղաղութեան գեղեցկութիւնը։ Այս գիրքը իր պատմութիւնն է։
Տարիք՝ 12-18
Հտպիտներ, բախտագուշակներ, սուր կլլող մարդիկ, տրապիզի պարողներ, լարախաղացներ ու կախարդական հայելիներ… Փէփան Բամպակ Շաքար կրկէսը ծնած է։ Որքա՜ն աղուոր կը թուի, չէ՞։ Սակայն Փէփան կ՚ուզէ ժամ առաջ հոնկէ հեռանալ եւ «սովորական» աղջիկներու պէս «սովորական» կեանք մը ապրիլ, «սովորական» ընտանիք մը ունենալ։ Օր մը լուսինին փափաք մը կը յայտնէ եւ այս փափաքը կ՚իրականանայ։ Արդեօք Փէփային այս փափաքը երջանկութիւն պիտի բերէ՞ անոր։…