Աշխարհի վրայ մանկական-մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն յայտնի, տարածուն գիրքն է «Փոքրիկ Իշխանը»: Պատմութիւնն է փոքրիկ տղայի մը քաջութեան, խելքի ու իր շատ բարի սրտիկին մասին։ Այս գիրքին մէջ կայ բարութիւն, պարզութիւն ու անմիջականութիւն։ Միայն փոքրերը չէ որ կը կարդան Փոքրիկ Իշխանը, այլ մեծերն ալ:
Աշխարհի ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկն է «Փոքրիկ Իշխանը», զոր հեղինակը՝ Անթուան տէօ Սենթ-Էքզիւփերի գրած է 1942-ին, Նիւ…
Յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի այս գիրքը առաջինն է իր եռահատոր պատմուածքներու շարքին ու կը պարունակէ շատ հետաքրքրական տասներկու պատմուածք՝ քաղուած զանազան ժողովուրդներու աւանդական բանահիւսութենէն: Այստեղ կը տողանցեն ամերիկա
37,05 ₺
Etiket Fiyatı: 57,00 ₺
Յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի կողմէ մանուկներու եւ պատանիներու համար պատրաստուած հետաքրքրական գիրք մը ահա: «Հպարտ չղջիկը» հեղինակին ծրագրած պատկերազարդ պատմուածաշարքին երկրորդ գիրքն է։ Ան կը պարունակէ զանազան
37,05 ₺
Etiket Fiyatı: 57,00 ₺
Գիրքը կը պարունակէ 15 պատկերազարդ պատմուածք՝ պատրաստուած յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեանի կողմէ: Այս պատմուածքները քաղուած են տարբեր ժողովուրդներու բանահիւսութիւններէն, նաեւ հայկական հէքեաթներէն: Գիրքը նկարազարդած է Սերգէյ Ռուբինեան…
37,05 ₺
Etiket Fiyatı: 57,00 ₺
Գիրքը պատրաստուած է նախակրթարանի աշակերտներուն համար, ամբողջութեամբ գունաւոր։ Նպատակն է օժանդակել մայրենին յառաջացնելու, բառամթերքը զօրացնելու եւ թուաբանական-երկրաչափական աշխարհէն ներս հաճելի նախաքայլով միտքը զարգացնելու: Կը բովանդակէ մանուկը շրջապատող իրեր, իր երազային աշխարհին մաս կազմող կենդանիներ, որոնք մանուկը կ'առաջնորդեն «գիւտեր»ու: «Մկնիկ»ը պատրաստեց Փայլինէ Թովմասեան եւ նկարազարդեց Էմինէ Պորա:
40,95 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺
Գիրքը պատրաստուած է աշակերտներու համար՝ ամբողջովին գունաւոր՝ թէ՛ ուրախ ժամանցի, թէ՛ մայրենին յառաջացնելու կրկնակ նպատակներով: «Ոզնիկ»ը նկարազարդեց Ժպիտ Պէրպէրեան: Տեսէ՛ք Ոզնիկ ինքզինք ինչպէս կը ծանօթացնէ. «Ծնած եմ 1998ին Ստանպուլ, Պէյօղլուի մէջ: Մեծ մայրիկս դրած է անունս: Խաչբառեր, հանելուկներ լուծել շատ կը սիրեմ: Այսպէսով թէ՛ կը զուարճանամ, թէ՛ կը յառաջացնեմ մայրենիս: Այս գիրքը պատրաստեցի, որպէսզի ծանօթանամ ընկերասէր ուրիշ ոզնիկներու»։
32,50 ₺
Etiket Fiyatı: 50,00 ₺
Այս գիրքը ծրագրուած է՝ ծնողներու, չափահասներու կամ մանկավարժներու առաջնորդութեամբ ծառայելու նախադպրոցական շրջանի 5-6 տարեկան մանուկներու բազմակողմանի զարգացման: «Պարտէզ»ին նպատակն է մանուկը ծանօթացնել երկրաչափական ձեւերուն, վարժեցնել մատիտ գործածելու, զարգացնել ընկերա-հոգեկան հաղորդակցութիւնը մանուկին ու չափահասին միջեւ, ստեղծել միասին գործելու կարելիութիւն։ Գիրքը պատրաստած է մանկավարժ Արուսեակ Քոչ, նկարազարդած՝ Էմինէ Պորա։
40,95 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺
Գծագրութեան այս գիրքը, որ տարիներէ ի վեր կ՚արժանանայ ծնողներու գնահատանքին, պատրաստուած է հարստացնելու համար նախադպրոցական տղոց բառապաշարը։ Նպատակն է մանուկը ծանօթացնել իր անմիջական շրջապատին գտնուող անասուններուն, իրերուն եւ այլն։ «Իմ ընկերս» պատրաստուած է հայոց այբուբենի 38 տառերով՝ իւրաքանչիւրին դիմաց բառ մը դնելու սկզբունքով։ Մանուկները պիտի չկարենան հեռանալ այս գիրքէն, ուր անոնք կամաց-կամաց պիտի սորվին նաեւ գրել ու կարդալ տառերը։ Հոն…
43,55 ₺
Etiket Fiyatı: 67,00 ₺
Փոքրիկներու հայերէն գրել սորվեցնելու նախաքայլ մը կը հանդիսանայ այս Գրավարժութիւն 1 աշխատութիւնը: Պարզ գիծէն սկսելով էջերը քայլ առ քայլ աշակերտը կ'առաջնորդեն դէպի հայոց այբուբենին, իւրաքանչիւր տառը գրել սորվելու աշխատանքին: Այս երկը պատրաստուած է Փայլինէ Թովմասեանի եւ արուեստագէտ Վարդան Փաչաճըի կողմէ:
40,95 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺
Փոքրիկներու հայերէն գրել սորվեցնելու նախաքայլ մը կը հանդիսանայ այս Գրավարժութիւն 2 աշխատութիւնը որ կը յաջորդէ առաջինին: Պարզ գիծէն սկսելով էջերը քայլ առ քայլ աշակերտը կ'առաջնորդեն դէպի հայոց այբուբենին, իւրաքանչիւր տառը գրել սորվելու աշխատանքին: Այս երկը պատրաստուած է Փայլինէ Թովմասեանի եւ արուեստագէտ Վարդան Փաչաճըի կողմէ:
40,95 ₺
Etiket Fiyatı: 63,00 ₺