Վարդուհի Քալանթար «Կեդրոնական բանտի կիներուն բաժինը» յուշագրութեամբ կը ներկայացնէ վկայութիւն մը, որ ունի օսմանեան տարածքին կնոջ մը կողմէ գրուած բանտային առաջին վկայութիւնն ըլլալու առանձնայատկութիւնը։ Համալսարանական ուսման համար ան կը գտնուէր Լոզան, ուրկէ ընտանիքին ղրկած նամակները պատրուակելով ոստիկանութիւնը զինքը 1915-ին կը ձերբակալէ։ Քալանթար մօրն ու հօրը հետ կը դատուի Պատերազմական ատեանին առջեւ եւ դեռ 20 տարեկանին կը բանտարկուի՝ Ստանպուլի Կեդրոնական բանտին…
76,50 ₺
Etiket Fiyatı: 102,00 ₺
Անձնուէր թատերագէտ Յակոբ Այվազ յիսուն տարի շարունակ անխափան հրատարակած է Թուրքիոյ ամենաերկարակեաց թատերական հանդէսը՝ «Քուլիս»ը։ Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած ըլլալով 1920-ականներուն, հանրապետութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ 2000-ական թուականները անձամբ դիտած է թուրք եւ հայ դերասաններու բեմադրած գրեթէ բոլոր ներկայացումները, իր պարբերականով բռնած է բեմարուեստին բազկերակը՝ դառնալով Թուրքիոյ թատերական պատմութեան գանձարաններէն մէկը։ Այվազ ի՛նքն ալ դերասան մըն էր, բեմադրած էր…
99,00 ₺
Etiket Fiyatı: 132,00 ₺
Պոլսահայոց հասարակական, մտաւորական ու եկեղեցական կեանքին վերաբերեալ անօրինակ վկայութիւն մըն է այս յուշագրութիւնը, որուն հեղինակը՝ բանասէր, հասարակական գործիչ, պալատական շրջանակներէ ներս իսկ յարգանք վայելող բժիշկ տոքթ. Վահրամ Թորգոմեան, կը ներկայացնէ ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկզբի Կ. Պոլսոյ առօրեային բազմաշերտ կեանքը։ Հեղինակը, ծնեալ Սկիւտար, ընտանեկան պարագաներն ու իրենց շրջանակը, թաղի Ս. Խաչ վարժարանէն սկիզբ առած իր կրթական կեանքը, ուսուցիչները, դասընկերները, թաղին…
187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի թատերական հարուստ կեանքը, իր բազմաթիւ դերասաններով, թատերախումբերով, թատերական սրահներով, ո՛չ միայն հայ, այլեւ թուրք, յոյն, հրեայ եւ օսմանեան խճապատկերին խայտաբղէտ գոյներով, կը ներկայանայ այս գիրքին մէջ՝ հռչակաւոր Կավռօշի, այսինքն Երուանդ Թօլայեանի առաջին անգամ հրատարակուող կոթողային յուշագրութեամբ՝ «Կավռօշ-նամէ»ով, ուր ընթերցողը պիտի տեղեկանայ հետեւեալ եւ այլ բազմաթիւ հետաքրքրաշարժ դրուագներու մանրամասներուն.
Ո՞վ էր այն հայ խմբագիրը, որ Օսմանեան…
200,25 ₺
Etiket Fiyatı: 267,00 ₺
Հալէպահայ յայտնի գրող, մտաւորական Թորոս Թորանեանի նոր մէկ աշխատութիւնն է այս գիրքը: Թորոս Թորանեան ծնած է Հալէպ 1928ին: Ան մէկն է, որ մօտաւորապէս ստորագրած է , 50 աւելի գիրքեր: Թորոս Թորանեան հաղորդական բնաւորութեամբ, լեռնական Սասունցիի տաք սրտով 1996ին այցելեց Ստանպուլ Սայաթ Նովա Երգչախումբի հրաւէրով, շարք մը բանախօսութիւններ տալու համար: Վերադարձին իր Ստանպուլեան տպաւորութիւնները գրի առաւ:
Գրքին մէջ կը գտնուի այս …
Գիրքը կ՚ամփոփէ վաստակաշատ ուսուցիչ, նորոգ հանգուցեալ Վահան Աճէմեանի յուշերը։ Աճէմեան 1922-ին ծնած է Պոլիս, որպէս զաւակը սեբաստացի համանուն ընտանիքի։ Իր ուսումը Ներսէսեան-Երմոնեան, Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ ստանալէ ետք, աւարտած է Ստանպուլի համալսարանի բնագիտութեան-տարրաբանութեան բաժանմունքը։ 1956-էն սկսեալ որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է ստանպուլահայ վարժարաններէն ներս, անմոռանալի դառնալով յատկապէս Ս. Խաչ Դպրեվանքի տարեգրութեան մէջ, որ իրեն համար վերածուած էր օճախի մը, ինչպէս…
124,50 ₺
Etiket Fiyatı: 166,00 ₺
1964-ին «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած յօդուածաշարքը ընթերցողներուն կը ներկայանայ իբրեւ գիրք, ուր զետեղուած են նաեւ 135 լուսանկար, ինչպէս նաեւ վաւերագրական արժէք ունեցող լուսապատճէններ եւ դէպի Պիթլիս կատարուած այդ ճամբորդութեան քարտէսը: Գիրքը Սարոյեանի սիրահարներուն համար խիստ հետաքրքրական է, քանի որ հոն Սարոյեանը կարելի է տեսնել հայրենի աշխարհին՝ Պիթլիսին մէջ, ուր ապրէր էին իր ծնողները։