«Կապոյտ երազ», որ կողքի մը տակ կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը…
187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։
«Երբ պատանի ենք» գիրքով կարելի է ծանօթանալ ժամանակակից հայ գրողներու պատմուածքներէն խտացուած ու պարզեցուած նմուշներու, որոնց մէջ հերոսները կ՚երեւին իրենց մանուկի կամ պատանիի յուզումներով ու ապրումներով։ Ամերիկայի մէջ…
135,00 ₺
Etiket Fiyatı: 180,00 ₺
Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ։ Ինչպէս վէպերուն, այնպէս ալ պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակները՝ տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու, հասարակութիւններու մէջ։ Իր…
128,25 ₺
Etiket Fiyatı: 171,00 ₺
Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ՝ քիչ մը տխուր։ Ըլլալով հանդերձ փառքի գագաթներ նուաճած հեղինակ մը, Սարոյեան երբեք չէ կորսնցուցած իր մանկական խանդավառութիւնը, կեանքը անմեղի մը աչքերով դիտող ու հարցաքննող…
76,50 ₺
Etiket Fiyatı: 102,00 ₺
Հատորը կը մէկտեղէ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ երիտասարդական շրջանի գրութիւնները՝ հրատարակուած ստանպուլահայ օրաթերթերուն եւ իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 26 գրութիւններէ, որոնք 1950-ականներու Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն դրուագներ են: Ինչպէս հեղինակին միւս գործերը, այս գիրքն ալ «օղորմի» է տեղւոյն հայութեան, որոնց լեզուին մէջ «օղորմի էրթէ հոգուն»ը ակնարկ մըն է իրենց անցեալին:
«Մեր այդ կողմերը» 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակին (Փարիզ): Եզակի պատահար մըն է, երբ պատմուածքի գիրք մը կ’արժանանայ վեց տպագրութեան, ինչպէս այս մէկ հատորը: Այս գիրքին մէջ կը տողանցեն Տիգրանակերտի վերջին հայերը, կը նկարագրուի 1950-ական թուականներու Տիգրանակերտը՝ իր նեղ փողոցներով, հայկական կեանքով՝ հարսանիք, ծնունդ, թաղում եւլն:
Մնձուրի՝ գիւղացի հողագործը, գիւղի ուսուցիչը, քաղաքին ծանր բանուորը, մտաւորականը… Բայց նախեւառաջ գրողը… Ան երգեց կարօտի, երազի, սիրոյ, արցունքի, հաւատքի, ծանր ու արդար աշխատանքի, համեստ…
Թորոս Թորանեանի ծննդեան ութսունամեակին առթիւ ծրագրուած հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին 1975-2002ին լոյս տեսած գործերէն: Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Բարեւ հայրիկ, Բոլորն ալ մարդեր են, Կեանքի կեռմաններով եւ Մանրապատումներ: Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը, ինչպէս նաեւ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական թարգմանական բեղուն գործունէութեան մատենագիտութիւնը: ԹԹԽՄՈՐը Թորանեանի ՝՝Արաս՛՛…
119,25 ₺
Etiket Fiyatı: 159,00 ₺
Հատորին մէջ ամփոփուած են ուսուցիչ Արփիար Տէր Մարգարեանի պատմուածքները: Ան կը բաղկանայ երեք մասերէ՝ «Արձագանգ», «Անցորդը» եւ հրատարակչատան կողմէ կցուած յաւելուածի բաժինը:
Հեղինակը ընթերցողին կը հրամցնէ «մեծ մասով խոնարհ մարդոց, ուսուցչական եւ ուսանողական կեանքէն առնուած իրական եւ վաւերական պատկերներ», որոնք ներսէն դիտողի մը կողմէ բացուած պատուհաններ են՝ դէպի պոլսահայ կրթական կեանքն ու իրականութիւնը:
119,25 ₺
Etiket Fiyatı: 159,00 ₺
Գիրքը կ՚ամփոփէ Վահրամ Պուրմաեանի յուշերը եւ պատմուածքները։ Ունի մենագրական բնոյթ հեղինակին ծննդավայրին՝ Ատափազարի ու շրջակայքին մասին եւ կը փոխանցէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ դարասկիզբի ապրելակերպէն: Հեղինակը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ նաեւ դէպի Արմաշ՝…
80,25 ₺
Etiket Fiyatı: 107,00 ₺