199,50 ₺
Etiket Fiyatı: 266,00 ₺
Զաւէն Պիպեռեանի առաջին վէպն է «Լկրտածը», որ հրատարակուած է 1959-ին։ Հանրապետական շրջանի ստանպուլահայ գրականութեան անդրանիկ վէպերէն մէկն է այս ստեղծագործութիւնը, որ արժանացած է ժամանակակիցներու դրական գնահատանքին։ Պոլսոյ ամարանոցային աւաններէն մէկը՝ Էրենգիւղը, թատերաբեմն է շաբաթավերջեան իրադարձութիւններու։ Հասարակական տարբեր խաւերուն դրացնութիւնը կամ անոնց հեռաւորութիւնը, անկախ իրենց ազգային պատկանելիութենէն, Պիպեռեան կու տայ լեզուական հնարքներով, շարժանկարային հատու դրուագումներով՝ նրբօրէն զարգացնելով ծածուկ լարուածութիւնը, որ վէպի…
128,25 ₺
Etiket Fiyatı: 171,00 ₺
Զապէլ Եսայեան «Կեղծ հանճարներ» վէպը նախ որպէս թերթօն հրատարակած է 1905-1907 թթ. միջեւ, Իզմիրի «Արեւելեան մամուլ»ին մէջ, առանց սակայն աւարտին հասցնելու։ Վէպը առանձին հատորով եւ ամբողջական ձեւով հրատարակուած է Պոլիս, 1910 թուականին, որմէ շուրջ 110 տարի անց վերստին կը մատուցուի ընթերցողին, «Արաս»ի պիտակով։ Թուրքիայէ խումբ մը հայ ուսանողի եւ երիտասարդ մտաւորականի Փարիզի կեանքը սեւեռող, գրականութեան ու արուեստի իրենց որոնումները լուսարձակի…
109,50 ₺
Etiket Fiyatı: 146,00 ₺
«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն ու ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով մը տպելէ ետք, «Արաս» այժմ ալ հատորով մը կը ներկայացնէ «Շնորհքով մարդիկ» ու «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը։
Առաջինը՝ «Շնորհքով մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։…
119,25 ₺
Etiket Fiyatı: 159,00 ₺
Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ։ «Սպասման սրահին մէջ» գրագիտուհի տիկնոջ առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, սեպտեմբեր 1903-էն սկսեալ։ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը կը ներկայացնէ գիրքը, ուր երիտասարդ սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան…
99,00 ₺
Etiket Fiyatı: 132,00 ₺
Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։
Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը…
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։
Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ…
80,25 ₺
Etiket Fiyatı: 107,00 ₺
Արա Ակինեան այս անգամ կը պատմէ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքին կեանքին մասին: Փոթորկոտ, վերիվայրումներով լեցուն կենսագրութիւն մը կը ներկայացնէ ընթերցողին Արա Ակինեան, որու միջոցով կարելի է հետեւիլ նաեւ արեւմտահայութեան ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի պատմական անցքերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս՝ բաժնուած քառասունչորս գլուխի: Վէպը 1950-51ին որպէս թերթօն հրատարակուած է «Ժամանակ»ին մէջ՝ Ա. Սօսի ծածկանունով:
119,25 ₺
Etiket Fiyatı: 159,00 ₺
Լրագրող Արա Ակինեանի «Յաղթանակի ճամբան» վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1963-ին: Վէպը կը բաղկանայ 41 գլուխէ, ուր նկարագրուած է Պէզճեան ամիրայի վերելքը, Սուլթան Մահմուտի հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իր գործունէութիւնը իբրեւ պետական եւ ազգային գործիչ: Այս նոր տպագրութիւնը ունի յաւելուածի բաժին մը, ուր տրուած են Պէզճեանի կեանքէն եւ Մահմուտ Բ.-ի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ակինեանի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
119,25 ₺
Etiket Fiyatı: 159,00 ₺
Ազգային-եկեղեցական կեանքէ վէպ մը, որուն առանցքը կը կազմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ու Պոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը: Արա Ակինեանի գրիչով քայլ առ քայլ կարելի է հետեւիլ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին, այլ խօսքով՝ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ ամանակահատուածին: Լուսանկարներով հարուստ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերու բաժնուած յիսունհինգ գլուխներէ: Ունի յաւելուած ու ծանօթագրութիւններու բաժին։