համանուն գիրքին՝ իր յաջողագոյն երկին:Զապէլ Եսայեան 1909ին որբախնամ աշխատանք տանելու պարտականութեամբ Պոլիսէն մեկնած էր Ատանա որպէս Պատրիարքական պատուիրակութեան անդամ եւ իր ականատեսի վկայութիւնները ամփոփած էր այս հատորին մէջ: Հաւատարիմ մնալով 1911ի տպագրութեան, ներկայ հրատարակութիւնը կ'ընդգրկէ նաեւ Մարկ Նշանեանէն երկարաշունչ «փոխան յառաջաբանի» մը եւ ընդարձակ յաւելուածի բաժին մը, ուր զետեղուած են Զապէլ Եսայեանի «Կիլիկիոյ որբանոցները» յօդուածաշարքը (1911ին Նիւ Եորկի մէջ հրատակուած),…