Հայերէն

Մայրիկս ծովանոյշ մըն է

Զէյնէպ Ալփասլան

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Նաթալի Պաղտատ

Հտպիտներ, բախտագուշակներ, սուր կլլող մարդիկ, տրապիզի պարողներ, լարախաղացներ ու կախարդական հայելիներ… Փէփան Բամպակ Շաքար կրկէսը ծնած է։ Որքա՜ն աղուոր կը թուի, չէ՞։ Սակայն Փէփան կ՚ուզէ ժամ առաջ հոնկէ հեռանալ եւ «սովորական» աղջիկներու պէս «սովորական» կեանք մը ապրիլ, «սովորական» ընտանիք մը ունենալ։ Օր մը լուսինին փափաք մը կը յայտնէ եւ այս փափաքը կ՚իրականանայ։ Արդեօք Փէփային այս փափաքը երջանկութիւն պիտի բերէ՞ անոր։…

195,00 

Etiket Fiyatı: 325,00 

%40
Sepete Ekle

Թագաւորը եւ թագուհին

Անահիտ Սարգիսեան

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն

Անահիտ Սարգիսեանի գրիչէն թագաւորական խաղ մը։ Թագաւոր մը, որ պալատին կորսուած բանալին ի զուր փնտռելէ ետք, կարդացողին մասնակից պիտի դարձնէ պալատական իր խաղին, որ կը պատահի ու կը կրկնուի,ամեն ուրբաթ կամ շաբաթ, առաւօտեան կամ երեկոյեան, ժամը եօթին կամ ութին, երբեմն ալ եօթուկէսին․․․ Պալատական ժամով եւ օրացոյցով, այս խաղը անվերջ պիտի շարունակուի, մինչեւ որ կարադացողը թագաւորէն պիտի ստանայ ոսկի թագը…

180,00 

Etiket Fiyatı: 240,00 

%25
Sepete Ekle

Կիրակոսը

Անահիտ Սարգիսեան

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն

«Կիրակոսը» կու գայ Անահիտ Սարգիսեանի անտիտղոս ու սիրելի, տարօրինակ ու հարազատ հերոսներուն շարքը ամբողջացնելու։ Կիրակոսին հետ կը ծանօթանանք անոր առօրեային, ուրախութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։ Ինչպէ՞ս նստիլ սա դպրոցական գրասեղանին ետեւ, երբ ամբողջ տիեզերական աշխարհ մը ունիս ուղեղիդ մէջ։ Ինչպէ՞ս համակերպիլ դասարանին, ընկերներուն, ժամացոյցին, օրացոյցինԴժուար չէ՞։ Դժուա՛ր է, բայց լաւ…

157,50 

Etiket Fiyatı: 210,00 

%25
Sepete Ekle

Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը

Թինա Քոբմա

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն

Պարզ օր մը ինչպէ՞ս կը վերածուի աղուոր օրուան մը։ Կեանքիդ ամենէն աղուոր օրը կրնա՞յ ըլլալ այդ օրը, երբ անուշ բոյրով ծաղիկ մը կը հոտուըտաս, անձրեւին տակ կը պարես եւ կամ ամպերը զանազան բաներու կը նմանցնես։ Հապա եթէ հեծելանիւէն իյնաս, կրկնեփները փուռին մէջ մոռնաս կամ ընկերոջդ հետ գժտուիս… «Կեանքիս ամենէն աղուոր օրը» գիրքը ընթերցողը կը հրաւիրէ պարզութեան մէջ իւրայատուկը փնտռելու։

157,50 

Etiket Fiyatı: 210,00 

%25
Sepete Ekle

Գոյներ հետքեր

Իգնա Սարըասլան

Ստանպուլահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։ Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ դար Աղթամար» շարքն ու «Մայրամուտին Թոտորի» գործը։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ…

146,25 

Etiket Fiyatı: 195,00 

%25
Sepete Ekle

Մերինները…

Անահիտ Սարգիսեան

Սեռ՝ Պատում
Լեզուն՝ Հայերէն

«Մերինները...» գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ։ Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ՚ուրուագծէ։
«Մերինները...» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին…

146,25 

Etiket Fiyatı: 195,00 

%25
Sepete Ekle

Ծաղկաւոր տետրակը

Լորան Կալանտոն

Սեռ՝ Գծավէպ
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Լուիզ Պաքար

«Արաս» հրատարակչատան գծավէպի շարքի այս չորրորդ գիրքը, ինչպէս նախապէս հրատարակուած «Հայ Մեծ ման», «Վարդօ»ն եւ «Հայ ուրուականը», ընթերցողը կը հրաւիրէ յայտնաբերելու Անատոլուի խորքերէն աշխարհի չորս ծագերը տարածուած պատմութիւններ, պատմութեան այն էջերը, զորս մարդիկ կ՚աշխատին ծածկել, նաեւ հասկնալու այն, թէ ժամանակակիցներու վրայ ինչպէս կ՚ազդեն այն ցաւերը, զորս անոնք կը ջանան ճնշել։

Լորան Կալանտոնի եւ Վիվիէն Լիքայիսի «Ծաղկաւոր տետրակ»ը, որ լայն ընդունելութեան…

202,50 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%25
Sepete Ekle

Սերմ մը ամպերուն մէջ

Վարուժան Պարըշ

Վարուժան Պարըշ, որ թրքալեզու ընթերցողին ծանօթ է «Suyu Arayan Ateş» հատորով, ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ քնարերգութեան հետզհետէ ճահճացող դաշտին վրայ ծլող ծաղիկի մը նման արտադրած իր երկերով։ «Սերմ մը ամպերուն մէջ» իր քերթուածներով ստեղծուած ընտրանի մըն է։ Հատորը, զոր կազմած է գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան (Հայաստան), հեղինակի՝ գոյութենական, մարդ ըլլալու, հոգեկան ելեւէջներու խորութեան վերաբերեալ որոնումներուն քնարական մէկ հանրագումարն է։

180,00 

Etiket Fiyatı: 240,00 

%25
Sepete Ekle

Մշուշէն անդին

Զահրատ

Զահրատ (1924-2007), որ հայալեզու քնարերգութեան Ի դարու երթին իր դրոշմը ձգած արդիաշունչ ու իւրայատուկ անուններէն մէկն է, իր մահէն ետք եւս կը շարունակէ ապրիլ ու քաղցր անակնկալներ մատուցել զինք սիրողներուն։ Կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի կողմէ գրողի թողօնէն հանուած ձեռագիր մասունքներու վրայ բծախնդիր աշխատանքի մը արդիւնքին ի մի բերուած Զահրատի առաջին շրջանի բանաստեղծութիւնները թերեւս այն առաջին աստիճաններն էին, որոնք քերթողը կ՚առաջնորդէին ապագայի…

146,25 

Etiket Fiyatı: 195,00 

%25
Sepete Ekle

Ժողովուրդի մը հոգեվարքը

Զապէլ Եսայեան

Սեռ՝ Վկայագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915-ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։ 1917-ին ան Կովկաս էր արդէն, ուր կը հանդիպի որպէս գերմանացի սպայի մը թարգման Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Պաքու ապաստանած Հայկ Թորոյեանին։ Ան Եսայեանին կը պատմէ Փոքր Ասիայէն ու հայաշատ գաւառներէն Միջագետք աքսորուած հայերու վիճակը։ Մեծ Եղեռնի այս առաջին վկայագրութիւնը լոյս կը տեսնէ «Գործ» հանդէսին մէջ։ «Ժողովուրդի…

135,00 

Etiket Fiyatı: 225,00 

%40
Sepete Ekle
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.