Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած են «Ծովը» հատորին մէջ։ Ինչպէս վէպերուն, այնպէս ալ պատմուածքներուն մէջ Զաւէն Պիպեռեան կը ներկայացնէ իր լեզուին ու գրչին տաղանդը՝ պեղելով մարդկային հոգիի տարբեր վիճակները՝ տարբեր քաղաքներու, շրջանակներու, հասարակութիւններու մէջ։ Իր…
180,00 ₺
Etiket Fiyatı: 240,00 ₺
Իսթանպուլահայ արձակի եզակի դէմքերէն է Զաւէն Պիպեռեան, որու «Անկուտի սիրահարներ» վէպը առաջին անգամ լոյս տեսած է ապրիլ 1962-ին, որպէս չորրորդ հրատարակութիւնը «ԹՕ» մատենաշարին։
Վէպին գլխաւոր հերոսներն են Սուրը, որ տակաւին դպրոցական պատանի մըն է, եւ իրմէ երկու տարի մեծ Նորման, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ չէ կրցած շարունակել իր ուսումը ու կ՚աշխատի գործի հրապարակին վրայ։ Սուրի ու Նորմայի սիրաբանութեան խորապատկերը կը…
«Արաս» հրատարակչատունը ընթերցողներու սեղանին կը դնէ սփիւռքահայ անուանի արձակագիր, թատերագիր, դերասան ու գեղանկարիչ Վահէ Պէրպէրեանի «Յանուն հօր եւ որդւոյ» վէպը։
Նրբօրէն հիւսուած, շարժանկար մը յիշեցնող վէպին մէջ, հօր մը եւ իր զաւկին երկու աշխարհները իրարու կը բախին, Հոլիվուտի մէջ, 1980-ական թուականներուն, երբ երիտասարդ ամերիկացի պոռնիկ մը ապաստան կը գտնէ անոնց տան մէջ: Որդին՝ Հրայրը, որ հայկական վարժարանի մը մէջ ուսուցիչ…
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ՝ քիչ մը տխուր։ Ըլլալով հանդերձ փառքի գագաթներ նուաճած հեղինակ մը, Սարոյեան երբեք չէ կորսնցուցած իր մանկական խանդավառութիւնը, կեանքը անմեղի մը աչքերով դիտող ու հարցաքննող…
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Պատմական Հայաստանի յուշարձանները, Անատոլուի հայկական մնացորդացը յատկապէս վերջին տասնամեակին, կ՚արժանան անօրինակ հետաքրքրութեան մը։ Հայ թէ օտար ճանապարհորդներ, պրպտողներ, խուզարկուներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր զայն վերածած են վայրի մը, որու հոգեւոր ու նիւթական գանձերը դուռ կը բանան նոր բացայայտումներու։
Կար ժամանակ սակայն, երբ պատմական Հայաստանի տարածք այցելել հերոսութեան համազօր առաքելութիւն մըն էր, քիչեր միայն կը համարձակէին ազատօրէն շրջիլ այնտեղ, ուր մնաց…
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
Աշխարհի վրայ մանկական-մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն յայտնի, տարածուն գիրքն է «Փոքրիկ իշխանը»: Պատմութիւնն է փոքրիկ տղայի մը քաջութեան, խելքի ու իր շատ բարի սրտիկին մասին։ Այս գիրքին մէջ կայ բարութիւն, պարզութիւն ու անմիջականութիւն։ Միայն փոքրերը չէ որ կը կարդան Փոքրիկ իշխանը, այլ մեծերն ալ:
Աշխարհի ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկն է «Փոքրիկ իշխանը», զոր հեղինակը՝ Անթուան տէօ Սենթ-Էքզիւփերի գրած է 1942-ին, Նիւ…
157,50 ₺
Etiket Fiyatı: 210,00 ₺
146,25 ₺
Etiket Fiyatı: 195,00 ₺
համանուն գիրքին՝ իր յաջողագոյն երկին:Զապէլ Եսայեան 1909ին որբախնամ աշխատանք տանելու պարտականութեամբ Պոլիսէն մեկնած էր Ատանա որպէս Պատրիարքական պատուիրակութեան անդամ եւ իր ականատեսի վկայութիւնները ամփոփած էր այս հատորին մէջ: Հաւատարիմ մնալով 1911ի տպագրութեան, ներկայ հրատարակութիւնը կ'ընդգրկէ նաեւ Մարկ Նշանեանէն երկարաշունչ «փոխան յառաջաբանի» մը եւ ընդարձակ յաւելուածի բաժին մը, ուր զետեղուած են Զապէլ Եսայեանի «Կիլիկիոյ որբանոցները» յօդուածաշարքը (1911ին Նիւ Եորկի մէջ հրատակուած),…
Արա Ակինեան այս անգամ կը պատմէ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքին կեանքին մասին: Փոթորկոտ, վերիվայրումներով լեցուն կենսագրութիւն մը կը ներկայացնէ ընթերցողին Արա Ակինեան, որու միջոցով կարելի է հետեւիլ նաեւ արեւմտահայութեան ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի պատմական անցքերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս՝ բաժնուած քառասունչորս գլուխի: Վէպը 1950-51ին որպէս թերթօն հրատարակուած է «Ժամանակ»ին մէջ՝ Ա. Սօսի ծածկանունով:
168,75 ₺
Etiket Fiyatı: 225,00 ₺
Հատորը կը մէկտեղէ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ երիտասարդական շրջանի գրութիւնները՝ հրատարակուած ստանպուլահայ օրաթերթերուն եւ իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 26 գրութիւններէ, որոնք 1950-ականներու Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն դրուագներ են: Ինչպէս հեղինակին միւս գործերը, այս գիրքն ալ «օղորմի» է տեղւոյն հայութեան, որոնց լեզուին մէջ «օղորմի էրթէ հոգուն»ը ակնարկ մըն է իրենց անցեալին: