ՊԱՏՄՈՒԱԾՔ
Երբ պատանի ենք
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
«Արաս» հրատարակչութիւնը ուսումնական այս նոր տարեշրջանին մանաւանդ դպրոցական հասակի պատանիներուն կը ներկայանայ հայ գրականութեան ընտրանիով մը։ «Երբ պատանի ենք» գիրքը նախատեսուած է ո՛չ միայն դպրոցականներուն համար, այլ բոլոր տարիքէ ընթերցողներու համար առհասարակ։
«Երբ...
Ծովը
-Զաւէն Պիպեռեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Ցարդ ծանօթ էինք Զաւէն Պիպեռեանի վէպերուն, որոնք հրատարակուած են ու պիտի հրատարակուին հրատարակչատանս կողմէ: Ստանպուլահայ գրականութեան ամենակարեւոր ներկայացուցիչներէն մին հանդիսացող հեղինակը այս անգամ ընթերցասէրներուն կը ներկայանայ իր պատմուածքներով, որոնք ամփոփուած...
Թութա՞կ ես, ծօ՛
-Ուիլիըմ Սարոյեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Çevirmen | Յովհաննէս Շէօհմելեան |
Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ,...
Տիգրիսի ափերէն
-Մկրտիչ Մարկոսեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Հատորը կը մէկտեղէ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ երիտասարդական շրջանի գրութիւնները՝ հրատարակուած ստանպուլահայ օրաթերթերուն եւ իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 26 գրութիւններէ, որոնք 1950-ականներու Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն դրուագներ են:...
Մեր այդ կողմերը
-Մկրտիչ Մարկոսեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
«Մեր այդ կողմերը» 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակին (Փարիզ): Եզակի պատահար մըն է, երբ պատմուածքի գիրք մը կ’արժանանայ վեց տպագրութեան, ինչպէս այս մէկ հատորը: Այս գիրքին մէջ կը տողանցեն Տիգրանակերտի վերջին հայերը, կը նկարագրուի 1950-ական թուականներու...
Թթխմոր
-Թորոս Թորանեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Թորոս Թորանեանի ծննդեան ութսունամեակին առթիւ ծրագրուած հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին 1975-2002ին լոյս տեսած գործերէն: Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Բարեւ հայրիկ, Բոլորն ալ մարդեր են, Կեանքի...
Եւ այապէս ապրեձանք
-Ռուբէն Մաշոյեան
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Հեղինակը՝ Ռուբէն Մաշոյեան, ստանպուլահայ գրական կեանքէն ներս յայտնի անուն մը եղած է իբրեւ խմբագիր ու հրատարակիչ: Հիմնադիրն էր «Դէպի լոյս» մատենաշարին։ Ստորագրած է հրապարակագրական յօդուածներ ալ: Իր պատմուածքներէն նմոյշներ կան գիրքին առաջին մասին մէջ: Իսկ երկրորդ մասը,...
Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք
-Արա Կիւլէր
Kategori | Պատմուածք |
Dili | Հայերէն |
Գիրքին նոր հրատարակութիւնը ճոխացած է Արա Կիւլէրի պատմուածքներուն ու լուսանկարներուն հանդիպումով (օգոստոս 2018)։ Այս աշխատանքը հրատարակուած է երեք հատորով՝ թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Այլ մանրամասնութիւններու համար սեղմեցէ՛ք…