100,00 ₺
«Անպարտելի Զապէլը» հայ հեղինակ եւ գործիչ Զապէլ Եսայեանի պատկերազարդ կենսագրութիւնն է։ Ներշնչական արեւմտահայերէն պատմութիւնը աղջկան մը մասին է, ով գիրքերը սիրած է եւ իր մանկութեան երազներուն ետեւէն երթալով պատմութիւն կերտած է։ Այն պահէն որ կարդալ սկսած է, ինքզինք բառերով շրջապատած է։ Զապէլ, գիրքերու էջերուն մէջ կախարդանք գտած է եւ տասնեօթը տարեկան հասակին իր առաջին գրական գործերը սկսած է հրատարակել։
Մեծնալու ընթացքին, Զապէլ բազմաթիւ անարդարութիւններու ականատես եղած է եւ արդարութեան համար պայքարիլ որոշած է ամենէն զօրաւոր զէնքով՝ խօսքով։ Այն ատեն չէ գիտցած, որ ապագային Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն կարեւոր հեղինակներէն մէկը պիտի նկատուէր։