225,00 ₺
Etiket Fiyatı: 300,00 ₺
Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը թերեւս, որու բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը՝ «Տրտունջք»ը, «Լճակ»ը, «Թրքուհին»ը եւ միւսները գոց կ՚արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած եւ յետոյ չեն առնչուած հայ կեանքին։ 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանք լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը, բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ։ Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան՝ արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինքը եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն։
Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը՝ «Աստեղերու հեղեղ»ը, կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները՝ տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ կենսագրական հարուստ տուեալներով։
Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը։
Շատ անգամ հանճարի փոթորկին մէջ խարխուլ հիւղի մը տախտակը կը տարուբերի լոկ. երբ այն փոթորիկը կը դադրի, աղիտալի վերջալոյսի մը մէջ վայրի ծառէ չոր տերեւ մը կ՚իյնայ. այն տախտակը անյուշութեան հողակոյտը յարդարող ցուրտ թի մ՚էր, եւ այն տերեւը՝ գուցէ համաստեղութենէն իյնող աստղի մը շուքը։
Ի՜նչ ի՜նչ հանճարներ հիւղին այն գահոսային սեմին վրայ խամրեցան կամ մարեցան. հասարակաց գերեզմաննոցներու մէջ հողակոյտներ կան, որոնք հրաբուխներ պիտի ըլլային. բայց կայծը սրտի թանձր խաւարի մէջ առանց երբեք հրահրելու թաղուած է… Հանճարը վհին մէջ գանկ մը եղաւ, առանց մարդկութեան եթերին մէջ գիսաւոր մը ըլլալու:
Ես ալ ժամանակէ մը ի վեր սեմին վրայ կը դողդողամ կամ կը պլպլամ առանց հանճար մը ըլլալու…
Պետրոս Դուրեան ծնած է 20 մայիս 1851-ին, Սկիւտար, Ենի մահալլէ։ Կը յաճախէ թաղի վարժարանը, երբեմնի համբաւաւոր Ճեմարանը, զոր կ՚աւարտէ 1867-ին։ Ծնողները զինքը կը տեղաւորեն սեղանաւոր Մարտիկ աղային քովը, որպէս գրագիր։ Բանաստեղծը ինը ամիս կ՚աշխատի Մեծ Նոր խանի մէջ։ Անգործութեան շրջանէ մը վերջ, միջոց մը հայերէն կը դասաւանդէ Գաբրիէլ քհնյ. Խանճեանի նորաբաց վարժարանին մէջ, Պօղոս Դելճեանի հետ ընթերցասիրաց ընկերութիւն մը կը հիմնէ թաղին մէջ։ Այդ տարիներուն կը յօրինէ իր անդրանիկ պատմական թատերախաղը։ Դուրեան «Թատրոն օսմանիէ»ին կ՚առաջարկէ «Վարդ եւ Շուշան»ը, որ կը բեմադրուի Կետիկփաշայի մէջ, Տիգրան Չուխաճեանի երաժշտութեամբ։ Հետզհետէ բեմ կը հանուին նաեւ միւս թատրերգութիւնները, որոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՚ըլլար անձամբ։
1869-ին Դուրեան ճանաչում գտաւ նաեւ որպէս բանաստեղծ ու հրապարակագիր։ «Օրագիր ծիլն Աւարայրւոյ» թերթին մէջ կը հրատարակուի «Ձօն առ Հայրիկն Խրիմեան ազգասէր նորընտիր Պատ. Կ. Պոլսոյ» բանաստեղծութիւնը, որ Դուրեանի առաջին տպագիր գործն էր։ Քանի մը օր վերջ ալ նոյն թերթը կը տպագրէ «Հայրիկն Հայոց»ը։ Դուրեան միջոց մը մաս կազմած է նաեւ «Օրագիր»ի խմբագրակազմին։ Պատանի բանաստեղծը այդ թերթին մէջ բուն եւ կեղծ անուններով տպագրած է հրապարակագրական քանի մը յօդուածներ՝ իր գիրով մասնակցութիւն բերելով հանրային կեանքին։
Դուրեան կարճ շրջան մը կը դառնայ նաեւ դերասան՝ «ապրելու համար, անգործութիւնը թօթափելու համար», ինչպէս պիտի գրէր մտերիմ ընկերոջը՝ Տիգրան Ադամեանին։
Պետրոս Դուրեանի կուրծքին տակ թոքախտը առաջին անգամ ինքզինք ցոյց կու տայ 1871-ի առաջին օրերուն։ Մինչեւ հոկտեմբեր Դուրեան ոտքի վրայ էր։ Կը մահանայ 21 յունուար 1872-ին, առտուան դէմ։
Բանաստեղծի մահէն ետք թաղի ընթերցասիրաց ընկերութիւնը կը տպագրէ Դուրեանի երկերը, եւ գոյացած գումարով իսկ կը կանգնեցուի շիրիմը` 1874-ին: Ընթերցասիրաց ընկերութեան ղեկավարներէն Աւետիս Գոռանեանի յանձնարարութեամբ տապանագիրի հեղինակ կը դառնայ Պետրոսին 14-ամեայ եղբայրը` Միհրան (հետագային` Եղիշէ արք. Դուրեան), իսկ զայն կը խմբագրէ բանաստեղծ Խաչատուր Միսաքեան: