Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք

Արա Կիւլէր

350,00 

Etiket Fiyatı: 700,00 

%50
Սեռ՝Պատմուածք-Լուսանկար
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Ռոպէր Գոփթաշ

Էջադրում՝

Հուլուսի Նուսիհ Թիւթիւնճիւ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Օգոստոս 2018

Էջն ու չափերը՝

144 էջ, 22,5x28 սմ

ISBN

9786052100240

Բացատրութիւն՝

Գիրքը, որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն՝ Արա Կիւլերի, վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու յետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ՝ գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը։ Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»ի մը՝ հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլէրի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին։ Կիւլէրի կարծիքով, իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը ստեղծել կարենալու ուղղութեամբ։ Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար։ «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» կ՚ապացուցէ, որ Արա Կիւլէր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»։

Ետեւի կողքը՝

Այս հին պատմուածքներուն մէջ եղածը եղած եւ զգացումներս վերածուած են պատկերաւոր պատումի մը։ Կը նշանակէ, որ դեռ այդ շրջանին եղած եմ պատկերաւոր աշխարհի մը մէջ։ Ըստ իս, գիրն ու պատկերայնութիւնը ունին հասարակաց պատում մը։ Անկասկած որ այդպէս է, այլապէս շարժարուեստն ալ գոյութիւն պիտի չունենար։ Երբ դիտեմ լուսանկարներս, մերթ ներշնչումներ կը գտնեմ հոն՝ թատերական աշխատանքներէս, պատմուածքներուս համար մտածածներէս։ Թերեւս այս նախկին աշխատանքներուս եմ պարտական «պահը որսալու եւ համադրութիւն ստեղծելու» յատկութիւնը, որ կայ լուսանկարներուս մէջ։

 

Ինչեւէ, յայտնի է որ նման աշխատանքի արդիւնքին տեսողական առարկաներու կուտակում մը յառաջ կու գայ։ Տեսողական նիւթը, քերթուածի մը նման, գրութեան մը, գեղանկարի մը, բեմարուեստի նման, որոշ տեղերէ փորձ կը հաւաքէ, կը նուաճէ նոր ձեւ ու կը դառնայ տեսողական արուեստ։ Եթէ ուշադիր կարդացուի՝ կը տեսնուի, որ պատմուածքներս տեսակ մը լուսանկար են արդէն։

ԱՐԱ ԿԻՒԼԵՐ

Հեղինակին մասին՝

Արա Կիւլէր

1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիօներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ։ 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ։ Այդ տարիներուն է որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն մէջ հրատարակուեցան իր պատմուածքներն ու հարցազրոյցները։ Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանար Ստանպուլի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնէն, զոր կիսաւարտ թողեց՝ որոշելով դառնալ ֆոթօ-լրագրող։ Լրագրական ասպարէզ մուտք գործեց 1950-ին, «Ենի Ստանպուլ» թերթով։ Ստանձնեց Time Life, Paris Match եւ Stern հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօ-թղթակիցի պաշտօնը։ Մաս կազմեց Magnum Photos-ի։ Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները Magnum Photos-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութեան։ Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը։ Մէկ այլ յայտնի թղթակցութիւնը կը վերաբերէր Ափրոտիսիասին, որու շնորհիւ մոռացութեան մատնուած այդ բնակավայրը վերստին յայտնաբերուեցաւ եւ աշխարհ զայն ճանչցաւ Կիւլէրի լուսանկարներով։ Մինչեւ 1961-ը որպէս լուսանկարի բաժնի վարիչ աշխատեցաւ «Հայաթ» հանդէսին մէջ։ 1961-ին Անգլիա հրատարակուող British Journal of Photography Year Book զինքը հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը։ Նոյն տարին որպէս անդամ ընդունուեցաւ Հանդէսի լուսանկարիչներու ամերիկեան միութեան (ASMP)։ 1962-ին Գերմանիոյ մէջ նուաճեց Master of Leica տիտղոսը։ Նոյն տարուան ընթացքին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն Camera հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց Կիւլէրի մասին։ Լորտ Քինրոսի 1971-ին հրատարակուած Այա Սոփիայի գիրքին լուսանկարները իր հեղինակութիւններն են։ 1974-ին հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բազմաթիւ յայտնի ամերիկացիներ լուսանկարելէ ետք աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ սարքեց «Ստեղծագործ ամերիկացիներ» ցուցահանդէսը։ Երկար տարիներու աշխատանքէ մը վերջ, Միմար Սինանի ստեղծագործութեանց լուսանկարները հրատարակեց 1992-ին։ Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ սարքած է աշխարհի չորս ծագերուն։ Իրմէ հրատարակուած է տասնեակ հատորներ։ Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ՝ Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չէօրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիամ Սարոյեանէ Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները։ Արա Կիւլէր մահացաւ 17 հոկտեմբեր 2018-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.