Գիրքին նոր հրատարակութիւնը ճոխացած է Արա Կիւլէրի պատմուածքներուն ու լուսանկարներուն հանդիպումով (օգոստոս 2018)։ Այս աշխատանքը հրատարակուած է երեք հատորով՝ թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով։
Այլ մանրամասնութիւններու համար սեղմեցէ՛ք…
– Babil’den Sonra Yaşayacağız
– Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք
– We Will Live After Babylon
1928-ին ծնած է Պոլիս։ Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը։ Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիօներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ։ 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ։ Այդ տարիներուն է որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն մէջ հրատարակուեցան իր պատմուածքներն ու հարցազրոյցները։ Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանար Ստանպուլի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնէն, զոր կիսաւարտ թողեց՝ որոշելով դառնալ ֆոթօ-լրագրող։ Լրագրական ասպարէզ մուտք գործեց 1950-ին, «Ենի Ստանպուլ» թերթով։ Ստանձնեց Time Life, Paris Match եւ Stern հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօ-թղթակիցի պաշտօնը։ Մաս կազմեց Magnum Photos-ի։ Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները Magnum Photos-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութեան։ Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը։ Մէկ այլ յայտնի թղթակցութիւնը կը վերաբերէր Ափրոտիսիասին, որու շնորհիւ մոռացութեան մատնուած այդ բնակավայրը վերստին յայտնաբերուեցաւ եւ աշխարհ զայն ճանչցաւ Կիւլէրի լուսանկարներով։ Մինչեւ 1961-ը որպէս լուսանկարի բաժնի վարիչ աշխատեցաւ «Հայաթ» հանդէսին մէջ։ 1961-ին Անգլիա հրատարակուող British Journal of Photography Year Book զինքը հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը։ Նոյն տարին որպէս անդամ ընդունուեցաւ Հանդէսի լուսանկարիչներու ամերիկեան միութեան (ASMP)։ 1962-ին Գերմանիոյ մէջ նուաճեց Master of Leica տիտղոսը։ Նոյն տարուան ընթացքին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն Camera հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց Կիւլէրի մասին։ Լորտ Քինրոսի 1971-ին հրատարակուած Այա Սոփիայի գիրքին լուսանկարները իր հեղինակութիւններն են։ 1974-ին հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բազմաթիւ յայտնի ամերիկացիներ լուսանկարելէ ետք աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ սարքեց «Ստեղծագործ ամերիկացիներ» ցուցահանդէսը։ Երկար տարիներու աշխատանքէ մը վերջ, Միմար Սինանի ստեղծագործութեանց լուսանկարները հրատարակեց 1992-ին։ Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ սարքած է աշխարհի չորս ծագերուն։ Իրմէ հրատարակուած է տասնեակ հատորներ։ Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ՝ Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չէօրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիամ Սարոյեանէ Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները։ Արա Կիւլէր մահացաւ 17 հոկտեմբեր 2018-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։