525,00 ₺
Etiket Fiyatı: 700,00 ₺
Աշխարհահռչակ պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի
ստեղծագործութինները, ընթերցողին կը հրամցուի տուփի մը մէջ ամփոփուած երկու հատորներով՝ Բանաստեղծութիւններ I, II:
Մօտաւորապէս հազար էջերէ բաղկացած այս հրատարակութիւնը կ’ընդգրկէ Զահրատի ցարդ հրատարակուած ութ բանաստեղծութեան գիրքերը՝ սկսեալ իր անդրանիկ Մեծ Քաղաքը հատորէն մինչեւ իր վերջին գիրքը՝ Ջուրը Պատէն Վեր:
Հատորներուն կցուած է նաեւ ծանօթագրութեան բաժիններ, ուր տրուած են շուրջ 250 բացատրութիւններ 120 բանաստեղծութեան դիմաց: Երկրորդ հատորի յաւելուածին մէջ տրուած է նաեւ պոլսահայ մամուլի մէջ ցանցնուած եւ Զահրատի գիրքերէն դուրս մնացած վաղ շրջանի բանաստեղծութիւններէն նմոյշներ՝ լոյս տեսած 1946-51ին «Նոր Օր» եւ «Ճառագայթ»ի մէջ, ինչպէս նաեւ թուրք բանաստեղծներէն կատարած իր թարգմանութիւնները, ինքնակենսագրականը, պատկերազարդ էջեր եւ զոյգ հատորներու միացեալ այբենական ցանկը…:
ԶԱՀՐԱՏ բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս 1924-ին ծնած է Պոլիս, Նշանթաշը թաղը։ Հօրմէն որբացած է երեք տարեկան հասակին։ 1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը։ Երեք տարի ուսանելէ ետք կիսաւարտ թողած է Ստանպուլի համալսարանի բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Սկսած է զբաղիլ առեւտուրով։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1943-ին, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Առաջին գիրքը՝ «Մեծ քաղաքը», հրատարակուած է 1960-ին։ Յաջորդ գիրքերն են «Գունաւոր սահմաններ» (1968), «Բարի երկինք» (1971), «Կանանչ հող» (1976), «Մէկ քարով երկու գարուն» (1989), «Մաղ մը ջուր» (1995), «Ծայրը ծայրին» (2001), «Ջուրը պատէն վեր» (2004)։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու։ Երգիծանկարիչ Օհան (Յովհաննէս Շաշքալ) Զահրատի կարգ մը բանաստեղծութիւնները թարգմանած է թրքերէնի՝ Yağ Damlası («Իյի Շէյլեր» հրատարակչութիւն, 1993, 2000), Yapracığı Gören Balık («Պելկէ» հրատարակչութիւն, 2002), Işığını Söndürme Sakın, («Ատամ» հրատարակչութիւն, 2004), Ferah Tut Yüreğini («Արաս» հրատարակչութիւն, 2015), Kediler («Արաս» հրատարակչութիւն, 2017), Bambaşka Bir Bahar («Արաս» հրատարակչութիւն, 2020)։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Agos Kitap / Kirk Ohannes Şaşkal 01.02.2009
Agos Kitap / Kirk Garbis Horasancıyan 01.02.2009
Radikal Gazetesi Yücel Kayıran 02.03.2007
Gündem Gazetesi Ragıp Zarakolu 09.06.2006