630,00 ₺
Etiket Fiyatı: 700,00 ₺
Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը քով քովի կը բերէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։ Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ։ Մէկ կողմէն՝ Սովետական Հայաստանն ու Չարենցի «հայրենիք»ի որոնումը, միւս կողմէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը։Հեղինակը, գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներով, կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան, սուգի եւ գրական լեզուի հարցերը, ինչպէս նաեւ Վահէ Օշականի արձակն ու քերթողութիւնը՝ լոյսի տակ բերելով անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող անտեսանելի կապը։«ԿԱՄ» մատենաշարի երրորդ միաւորը հանդիսացող «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը հայ գրականութեան, լեզուին եւ պատմութեան նուիրուած խորունկ համեմատական մըն է եւ արժէքաւոր աղբիւր մը բոլոր ընթերցողներուն համար։
… Նոյն հատորին մէջ՝ Եղիշէ Չարենց եւ ՎահէՕշական, կողք կողքի, դէմ դիմաց, գրեթէպատահական ձեւով։ Կ՚ուզէ՞ արդեօք արդարացումմը։
… Մէկ կողմը՝ երկիր, թէեւ սովետական, պատմութեան յորձանապտոյտ վերիվայրումներունմատնուած։ Միւս կողմը՝ Սփիւռք, անցեալէնժառանգուած իր աւանդութիւններով, նորհորիզոններ հետազօտելու գրաւականին դէմդրուած, Սփիւռքը իր դանդաղ շրջափոխումով, որունտարածքին մէջ՝ գրագէտը չի գիտեր այլեւս թէ որո՛ւնկ’ուղղուի, քանի որ իր լեզուն իր ձեռքին մէջդանդաղօրէն կ’անգայտանայ։ Ո՛չ մէկ կապ ուրեմնմէկուն եւ միւսին միջեւ։
… Պէտք է դէմ դիմաց դրուէին պատմական դարձը, իր բանաստեղծական հնչեղութեամբ, եւ «մ նացորդլեզու»ի աւելցուքային տրամաբանութիւնը, նոյնպէս՝բանաստեղծական ոճով ստանձնուած, որպէսզի այդդիմառդիմութեան ընդմէջէն՝ հասկնայինք մէկուն եւմիւսին միջեւ չգրուած կապակցութիւնը, որպէսզիգաղտագողի երկխօսութիւն մը ստեղծուէրվերջապէս երկուքին միջեւ, որպէսզի գիտնայինք թէի՛նչ կը ծածկէ հայրենական վերադարձի օրէնքը։ Եւհակառակ ուղղութեամբ՝ որպէսզի յայտնի ըլլար, թէորո՛ւն կ’ուղղուի եւ մանաւանդ՝ ինչի՛ կը հակադրուի«վերջին վկայ»ին վկայութիւնը։
Ուսողութեան դոկտորականը աւարտած է Փարիզ, փիլիսոփայութեանը՝ Սթրազպուրկի համալսարանը։ 1995էն 2007 վարած է Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանի հայագիտական ամպիոնը։ 2015 թուականին դասաւանդած է Իսթանպուլի Սապանճը համալսարանը։ Կարեւոր գործերն են՝ “Âges et usages de la langue arménienne (1989), “Writers of Disaster” (2002), “La Perversion historiographique” (2006), “Entre l’Art et le témoignage։ Littératures arméniennes au XXe siècle” շարքէն երեք հատոր (2006-2008), “Le Sujet de l’histoire” (2015) եւ«Պատկեր Պատում Պատմութիւն» շարքի զոյգ հատորները։ 1980 թուականէն ի վեր կը հրատարակէ «Կամ» հանդէս վերլուծականը։ Իր խմբագրութեամբ 2024 թուականին սկսած է ԿԱՄ Մատենաշարը, որ լոյս կը տեսնէ Արաս Հրատարակչատունէն։ Կ՚ապրի Լիզպոն։