240,75 ₺
Etiket Fiyatı: 321,00 ₺
«Բառաշխարհ», բառիս իսկական առումով աշխարհ մըն է՝ կազմուած բառերով։ Այս հոյակապ աշխատանքը, որ առօրեայ կեանքին մէջ գործածական շուրջ հազար բառը մէկտեղելով կը դիւրացնէ կեանքը, հայերէն սորվելու աշխատանքին մէջ առաջինն է բոլոր անոնց համար, որոնք հայերէն կը սորվին կամ անոնց համար, որոնց մայրենին է ան։ Գիրքին մէջ տեղ գտած են մեզ շրջապատող աշխարհին եւ առօրեային վերաբերող հասկացութիւններ ու առարկաներ։ Տուն, խոհանոց, պարտէզ, փողոցներ, բնութիւն, անասուններ, առողջապահութիւն, սնունդ, հագուստեղէն եւ դեռ ինչե՜ր… «Բառաշխարհ» գիրք մըն է, զոր կարելի է հաճոյքով թղթատել, նայիլ Զէյնէպ Էօզաթալայի իրարմէ գեղեցիկ գծագրումներուն, միաժամանակ կարդալ ու աշխատիլ։ Գիրքը լեզու սորվիլը կը վերածէ ստեղծագործ ու զուարճալի պարապմունքի։
Բառերէ կազմուած աշխարհ մըն է «Բառաշխարհ»ը։ Հոն կայ փոքրիկները շրջապատող կեանք մը իր բոլոր գոյներով։ Տունը, խոհանոցը, պարտէզը, պողոտաները, փողոցները, բնութիւնը, անասունները, դպրոցը, հիւանդանոցը, եկեղեցին, ուտելիքները, հագուստները եւ ուրիշ ինչե՜ր ինչե՜ր… «Բառաշխարհ»ի էջերուն վրայ ամենէն գեղեցիկ նկարներով մօտ հազար բառ կը շրջի, նորեկներուն տալու համար հայոց լեզուի առաջին բառամթերքը, որու վրայ պիտի բարձրանայ լեզուի հաճոյքն ու տաղանդը։