115,00 ₺
Etiket Fiyatı: 230,00 ₺
Անձնուէր թատերագէտ Յակոբ Այվազ յիսուն տարի շարունակ անխափան հրատարակած է Թուրքիոյ ամենաերկարակեաց թատերական հանդէսը՝ «Քուլիս»ը։ Ան առաջին անգամ բեմ բարձրացած ըլլալով 1920-ականներուն, հանրապետութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ 2000-ական թուականները անձամբ դիտած է թուրք եւ հայ դերասաններու բեմադրած գրեթէ բոլոր ներկայացումները, իր պարբերականով բռնած է բեմարուեստին բազկերակը՝ դառնալով Թուրքիոյ թատերական պատմութեան գանձարաններէն մէկը։ Այվազ ի՛նքն ալ դերասան մըն էր, բեմադրած էր ներկայացումներ եւ դաստիարակած երիտասարդներ։ 1999-2001 թթ. Այվազ «Ակօս»ի հայերէն էջերուն վրայ հրատարակած երկու յօդուածաշարքով պատմած էր իր բեմընկերներն ու թատերական յուշերը, այսպէսով անմահացնելով մոռացութեան մատնուած անձերն ու դէպքերը։ Յակոբ Այվազ, որ իր յուշերը գրառած է որպէս բեմակից ու բարեկամ՝ իր վարպետները նկատած Աշոտ Մատաթեանի ու Պետրոս Պալթազարի, Գրիգոր եւ Լուսի Յակոբեան ամոլի, Քնար Սվաճեանի ու Զարուհի Տէյիրմենճեանի, Նաշիտ Էօզճանի ու Սաիտ Քէօքնարի, Շաւարշ Պօղոս Գարագաշի ու Իրմա Թօթօ Գարաճայի եւ տասնեակ այլ արուեստագէտներու, «Բեմի ընկերներս» հատորով ընթերցողին կը մատուցէ անզուգական վկայագրութիւն մը։
Յակոբ Այվազ, որ յաջողած է յիսուն տարի շարունակ անխափան հրատարակել Թուրքիոյ ամենաերկարատեւ գեղարուեստա-թատերական հանդէսը՝ «Քուլիս»ը, իր ողջ կեանքը նուիրաբերած էր թատրոնին։ Ան Թուրքիոյ թատերական պատմութեան գանձարաններէն մէկն էր, որ առաջին անգամ բեմ բարձրացած ըլլալով 1920-ական թուականներուն՝ հանրապետութեան առաջին տարիներէն սկսեալ մինչեւ 2000-ական թուականները, անձամբ դիտած էր հայ եւ թուրք արուեստագէտներու բեմադրած գրեթէ բոլոր ներկայացումները եւ իր պարբերաթերթով բռնած բեմարուեստին զարկերակը։
Այվազ, որ դերասան ու բեմադրիչ մըն էր եւ հասցուցած նաեւ՝ երիտասարդ դերասաններ, 1999-2001 թթ. «Ակօս»ի հայերէն էջերուն վրայ հրատարակած երկու յօդուածաշարքով պատմած էր իր բեմընկերներն ու թատերական յուշերը՝ անմահացնելով մոռացումի դատապարտուած անձերն ու անցքերը։
Յակոբ Այվազ, որ իր յուշերը գրառած է որպէս բեմակիցն ու բարեկամը՝ իր վարպետները նկատած Աշոտ Մատաթեանի ու Պետրոս Պալթազարի, Գրիգոր եւ Լիւսի Յակոբեան ամոլի, Քնար Սվաճեանի ու Զարուհի Տէյիրմենճեանի, Նաշիտ Էօզճանի ու Սաիտ Քէօքնարի, Շաւարշ Պօղոս Գարագաշի ու Իրմա Թօթօ Գարաճայի եւ տասնեակ այլ արուեստագէտներու, «Բեմի ընկերներս» հատորով ընթերցողին կը մատուցէ անզուգական վկայագրութիւն մը։
Ծնած է 1911-ին, Ենիգաբու, Լանկա թաղը, որպէս զաւակը կօշկակար Կարապետ Այվազեանի եւ Հռիփսիմէ Մայիսօղլուի: Ութը տարեկան էր, երբ կը մեռնի հայրը։ Երկրորդ հայրը կ'ըլլայ բնիկ պոլսեցի եւ նոյնպէս կօշկակար Գրիգոր Պիւքիւճեան:
Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից փայտաշէն Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն, ապա կը յաճախէ Էսաեան վարժարան, որու միջնակարգը աւարտելէ վերջ կը նետուի գործի ասպարէզ։ Նախ աշկերտութիւն կ'ընէ երկրորդ հօրը քով, Պէյազիտ՝ Չաթալ խան, ուր կը բարեկամանայ Յարութիւն Սամուրքաշ անուն սայաճի երիտասարդի մը եւ վերջինիս շնորհիւ նաեւ՝ Նարլըգաբուի մէջ գործող Գրիգոր Յակոբեանի Արեւելեան թատերախումբին։
Առաջին անգամ 1929-ին կը մասնակցի «Տէյիրմենճինին քըզը» օփերէթին: Երկրորդ անգամ բեմ կը բարձրանայ նոյնպէս Յակոբեանի Արեւելեան թատերախումբին՝ «Շարք թիյաթրոսու» խումբով, որ Մնակեանին խաղացանկը կը կիրարկէր: Այդ շրջանին բեմադրութեան լեզուն թրքերէնն էր, որովհետեւ հանրապետութեան այդ շրջանին, մինչեւ 1946, արգիլուած էր հայերէն թատերախաղ ներկայացնելը:
Յակոբ Այվազ 1936-ին կը սկսի աշխատիլ Ֆայիք Կիւլթէքին անուն սեղանաւորի մը քով, Սիրքէճի: Ճիշդ այդ օրերուն կը ծանօթանայ Անդրանիկ Պալաեանի դստեր՝ Արշալոյս Պալաեանի հետ, որ իր հայրը կորսնցուցած էր փոքր տարիքին եւ կ'ապրէր իր երկրորդ հօր՝ ակնցի Մկրտիչ Մանուկեանի հետ: Կ'ամուսնանան եւ կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Կարօ եւ Սիւզան:
Յակոբ Այվազ 1935-ին բանակային ծառայութիւնը կը կատարէ Աֆիոն Քարահիսարի մէջ, շուրջ մէկուկէս տարի: Յետոյ «երեք դասակարգ» կոչուած զինուորութիւնը կը սկսի Հատըմգիւղ։ Վերջին ըլլալով 1941-ին կը կոչուի «քսան դասակարգ» զինուորութեան, Եոզկաթ:
Զինուորութեան շրջանին միջոց մը վրաններուն մէջ խաւաքարտէ Քարակէօզ-Հաճիվաթ կը խաղցնէ: Յակոբ Այվազ իր բեմական կարողութեան շնորհիւ բանակի հաւաքատեղիին մէջ կը գտնէ խաղեր բեմադրելու հնարը, ինչպէս՝ «Վարտալապումպա» կատակերգութիւնը, զոր կը բեմադրեն գրաշարապետ Զարեհ Արշակին հետ: Հայ դերասան զինուորներու այս յաջողութենէն խանդավառուած, հրամանատարին կինը՝ Հալիտէ Էտիփ Զօրլութունա ալ փիէս մը գրէ, որպէսզի բեմադրուի:
Յակոբ Այվազի խաղացանկը բաւական ճոխ էր: «Արշին Մալ Ալան», «Համլէթ», «Տէմիրհանէ միւտիւրիւ», «Սիւզան Իմպէր», «Նամուս», «Պատուի համար», «Օթէլլօ» եւլն.: 1950-էն կը սկսի հանդէս գալ որպէս բեմադրիչ: Էսաեան սանուց միութեան մէջ կը կազմէ Փոքր թատերախումբը: Առաջին անգամ կը ներկայացնեն Կալիպ Արճանի «Խնդրեմ լռեցէ՛ք»ը, Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ»ը, Գրեմ Սիմոնի «Հարս ու կեսուր»ը, «Տայի Կարապետ»ը եւ այլ թրքերէն ու հայերէն խաղեր: Միութեան երդիքին տակ հասակ կ՚առնեն Օննիկ Կառավարեան, Զենոբ Լուսինեան, Արթօ-Ալիս Պալկիւմէճի, Արեգնազ եւ Վարուժան Տիրիէլ, Պերճ եւ Սիւզան Գավճեան, Մարկրիթ Պըչաքճեան, Յասմիկ Ճինկէօզ եւ ուրիշներ:
Յակոբ Այվազի վերջին խաղը կ'ըլլայ իր իսկ գրի առած «Սոն փէրտէ»ն, որ Աշոտ Մատաթեանի կողմէ հայերէնի կը թարգմանուի «Շատերէն մէկը» անունով ու կը ներկայացուի քանիցս (1950), որուն մէջ Այվազի խաղընկերներն էին Խաչիկ Արզումանեան, Արշաւիր Ալեանաք, Նուպար Համբարեան, Զարուհի Տէյիրմենճեան, Լիւսի Թոքաթլը, Աբրահամ Խտըշ:
1935-ին Արա Ակինեանի միջոցով կը ծանօթանայ «Ժամանակ» օրաթերթի անձնակազմին եւ կը սկսի թատրոնի վրայ յօդուածներ գրել՝ «Տոմսակներ», «Ճպուռ» եւ «Միմոս» ծածկանուններով:
Զարեհ Արշակ Ղալաթիոյ Պիլլուր փողոցի Կիւլ խանին մէջ փոքրիկ տպարան մը ունէր, Նազարէթ Տօնիկեանի հետ: Անոնք Յակոբ Այվազին կ'առաջարկեն միասնաբար երգիծաթերթ մը հրատարակել: Ահա այսպէսով ծնունդ կ'առնէ «Քուլիս» հանդէսը, 1946-ին: Պապըալիի նկարիչներէն Պերճ Կիւրթէն ալ կը պատրաստէ «Քուլիս»ի կողքի նկարը, ինչպէս նաեւ «Լուցիքա տուտու»ի դիմանկարը:
Առաջին «Քուլիս»ը 16 էջ էր, տպուած էր 500 օրինակ: Միջոց մը վերջ Յակոբ Այվազ առանձինն կը շարունակէ հրատարակել «Քուլիս»ը՝ զայն հասցնելով 2500 տպաքանակի: Հանդէսը հետզհետէ կ'ունենայ իր խմբագրատունը, Ճաղալօղլուի զառիվերին վրայ. կ'ունենայ նաեւ խմբագիրներ, աշխատակիցներ, համակիրներ, բաժանորդներ: 1950-էն սկսեալ Յակոբ Այվազ կը ճամբորդէ Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Իրան, Յունաստան, Եգիպտոս՝ արձանագրելով բազմաթիւ բաժանորդներ: «Քուլիս» 1946-էն 1996՝ ճիշդ յիսուն տարի կը հրատարակուի անխափան՝ կուրծք տալով բազմաթիւ դժուարութիւներու եւ խոչընդոտներու:
1997-ին Թուրքիոյ գրողներու ընկերակցութիւնը Յակոբ Այվազը կը պարգեւատրէ «Մամուլի ծառայութեան» մետայլով: Իր բեմական աշխատութիւններու կողքին, Յակոբ Այվազ Ի. դարու կէսին կը ձգէ յիսուն տարուան ժառանգ մը՝ ստանպուլահայ հրատարակչական կեանքէն ներս:
«Քուլիս»ի դադրումէն ետք Այվազ կը սկսի աշխատակցիլ «Ակօս»ին, ուր շարունակէ հրատարակել «Լուցիքա տուտու»ն, ինչպէս նաեւ իր յուշերը։ Ան կը մեռնի 2006-ին։ Աճիւնը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ, իր բեմընկերներուն դրացնութեամբ։