90,00 ₺
Etiket Fiyatı: 120,00 ₺
Ստանպուլահայ արդի քերթողութեան լաւագոյն աւանդութիւններուն շարունակողն է բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան, որ ընթերցասէրներուն կը մատուցէ իր նոր՝ հինգերորդ ժողովածոն։ Հատորը կողքի մը տակ կը խմբէ վերջին տարիներուն «Նոր Մարմարա» օրաթերթի գրական էջերուն վրայ հրատարակուած քերթուածները, ինչպէս նաեւ «Դարէ դար Աղթամար» շարքն ու «Մայրամուտին Թոտորի» գործը։ Տաղանդաւոր բանաստեղծը կեանքի նկատմամբ սնուցած իր մշտավառ յոյսը խանդավառ տողերով կը փոխանցէ ընթերցողին՝ կեանքի կոչելով նաեւ հնօրեայ, բայց միշտ ներկայ քերթողներն ու վայրերը։ Իգնա Սարըասլանի գիրը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ հոգեւոր աննման ուղեւորութեան մը՝ անակնկալ հանդիպումներու խոստումով աննուազ պահելով անոր հետաքրքրութիւնը։
Քանի գարուն
Քանի սէր – քանի սերունդ անցաւ
Անցաւ ու գնաց
Ապերախտ ժամանակը խլեց զանոնք անցաւ ու գնաց
Սրտիս մէջ անդիմադրելի կարօտ մը մնաց
Ստանպուլահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն Իգնա Սարըասլան ծնած է 1945 թուականին, Ստանպուլի մէջ։ Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան եւ ֆրանսական Ս. Ժոզէֆ վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութեան հետեւած է Ստանպուլի համալսարանի Ճէրրահփաշայի բժշկական ֆաքիւլթէի մէջ՝ վկայուելով որպէս վիրաբոյժ։ Գրականութիւն մուտք գործած է վաղ հասակին՝ 1974-ին լոյսին բերելով իր առաջին քերթողագիրքը՝ «Լօ» վերնագրով։ Սարըասլանի գրական արտադրանքը արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու, հրատարակուած է ազգային ու միջազգային ժողովածոներու մէջ, թարգմանուելով բազմաթիւ լեզուներու։ Անդամ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գրողներու միութիւններուն, ինչպէս նաեւ միջազգային «ՓԷՆ» միութեան։ Կը բնակի ու կը ստեղծագործէ իր ծննդավայր քաղաքին՝ Ստանպուլի մէջ։