172,50 ₺
Etiket Fiyatı: 230,00 ₺
«Դուն աղա, ես աղա, մեր ալիւրը ով աղա» երգիծանքով ու իմաստութեամբ հիւսուած գիրքն մըն է, որ յատկապէս պիտի գրաւէ պատանի ու երիտասարդ ընթերցողներուն ուշադրութիւնը։ Ստանպուլահայ գրականութեան ամենաբեղուն գրիչներէն, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի այս գործը մուտք մըն է հայկական առածներու անսահման աշխարհէն ներս։ Հարիւր, թերեւս հազարամեակներ շարունակ ժոովուրդին քանի մը բառի մէջ խտացուցած այս խօսքերը Հատտէճեան կը մեկնաբանէ պարզ, հասկնալի ու նոյնքան հաճելի ոճով մը։ Փորձառու գրողը առածները վերլուծելու ժամանակ կ՚անդրադառնայ նաեւ առօրեայ կեանքին եւ ամէն պահ մեր հանդիպած կամ ենթարկուած ինչ-ինչ դէպքերու՝ գործ դնելով սուր դիտողի ու վարպետօրէն մեկնաբանելու իր տաղանդը։ Այս հրատարակութիւնը պատրաստուած է «Նոր Մարմարա» օրաթերթին մէջ հրատարակուած «Հայկական առածներու ներշնչումով» յօդուածաշարին ու համանուն գիրքին հիմամբ՝ անուանի երգիծանկարիչ Սարգիս Փաչաճըի չարաճճի նկարազարդումներով։Երիտասարդներու եւ իրենք զիրենք երիտասարդ զգացողներուն համար լաւ առիթ մըն է հայերէնով կարդալու դիւրընթեռնելի ու հեզասահ գիրք մը…
Երբեմն կարելի է մտածել անշուշտ որ ի՞նչ կը պատահէր եթէ ամէն մարդ իշխան դառնար, կամ իշխան դարձած ըլլալու յաւակնութիւններ ունենար: Անկասկած շատ բան կը խանգարուէր մարդոց փոխյարաբերութիւններուն ու փոխծառայութիւններուն հաւասարակշռութեան մէջ: Այսպիսի փորձառութիւններ արդէն երբեմն կ’ապրինք աւելի թեթեւ մակարդակի վրայ: Օրինակի համար տասը հոգի քով քովի կու գանք գործ մը իրականացնելու նպատակով ու յանկարծ կ’անդրադառնանք որ տասը հոգիէն տասն ալ պետ, նախագահ, առաջնորդ ըլլալու յաւակնութիւններ ունին, չեն ուզեր իրենք զիրենք տեսնել աւելի համեստ մակարդակի մը վրայ: Հոն ուր պէտք ունինք մէկ առաջնորդի ու ինը հետեւորդներու, կը գտնենք ինը առաջնորդներ ու մէկ հետեւորդ: Այն ատեն ահաւասիկ իրարու կը նայինք ու մեր պապերուն պէս կը հարցնենք.
-Դուն աղա ես, ես աղա եմ, լաւ, բայց ո՞վ պիտի աղայ մեր ալիւրը:
Ծնած է 1926-ին, Պոլիս։ Շրջանաւարտ է Մխիթարեան վարժարանէն ու Ստանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան բաժինէն։ 1967-էն ի վեր կը վարէ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի խմագրապետութիւնը։ Ռոպէր Հատտէճեան, որ ամենայաջող ու ամենաբեղուն հայ գրողներէն մէկն է ներկայիս, իր վէպերով, պատմուածքներով, խոհագրութիւններով, թատրերգութիւններով ու առօրեայ յօդուածներով խոր հետքեր ձգած է հայ մշակոյթի վերջին յիսնամեակի պատմութեան մէջ։