Երջանկութիւնը աղուէս մըն է

Էւելինա Տացիութէյ - Աուշրա Քիուտուլաիթէյ

262,50 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բնագրի լեզուն՝

Լիթուաներէն

Խմբագիր՝

Ռոպեր Քոփթաշ

Նկարազարդում

Աուշրա Քիուտուլաիթէյ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2019

Էջն ու չափերը՝

48 էջ, 26×25 սմ

ISBN

9786058036307

Բացատրութիւն՝

Ընկերական կապերը ամո՞ւր են, թէ կը խզուին առաջին իսկ փոթորիկով։ Փովիլաս մեծ հանրապերտէզի մը, բարձր մէկ ծառին վրայ կը բնակի իր ընտանիքին հետ։ Ան մանուկ մըն է, որ քաղաքի բնակիչներուն կողմէ ոչ նախընտրելի ծառուղի մը յայտնաբերած է անտառին մէջ եւ հաճոյք կը ստանայ հոն քալելէ եւ երկար-երկար շուրջը դիտելէ։ Օր մը, այս ճամբուն վրայ կը հանդիպի աղուէսի մը։ Աւելի՛ն՝ այս աղուէսը կը ճօճուէր ճօճանակով։ Աղուէսի ու Փովիլասի օրէ օր զօրացող կապը կը վերածուի բարեկամութեան, սակայն Փովիլասի տունէն կը հասնի գէշ լուր մը. ընտանիքը որոշած է տեղափոխուիլ այլ քաղաք մը։ Հակառակ Փովիլասի աղաչանք ու պաղատանքին, իր ծնողքին որոշումը կը մնայ անփոփոխ։ Անոնք հօր ուղղաթիռով կը թռչին դէպի այդ «աւելի գեղեցիկ» կեանքը։ Այս նոր տան մէջ Փովիլաս բարկացած է իր ծնողքին, բայց միւս կողմէ ալ կեանքը հինին նման կը շարունակուի։ Արդեօք Փովիլասի ու աղուէսի ճամբաները յաւիտեան բաժնուեցա՞ն իրարմէ, թէ բարեկամները հանդիպելու միջոցը պիտի գտնեն։ Միամիտ, բայց խոր այս պատմութեան շնորհիւ մանուկներու առօրեայ խնդիրները եւ աշխարհը պիտի կարենանք դիտել մանկական հայեացքով։ Պիտի խրինք գոյնզգոյն էջերու մանրամասնութիւններուն, անսահմանօրէն երջանկանալով այն նկարագրութիւններով, զոր աղուէսն ու Փովիլասը կ՚ընեն երջանկութեան վայրին մասին։

 

Տարիքային խումբ` 4+

Ետեւի կողքը՝

Կար ժամանակ, երբ մեծ քաղաքի մը մէջ, խոշոր ու ծեր ծառի մը վրայ կը բնակէր Փովիլաս անուն մանուկ մը՝ իր ծնողքին հետ։ Օր մը աղուէս մը մտաւ Փովիլասի կեանքը։ Եթէ աղուէս մը ձեր կեանքը մտած է՝ ամէն ինչ հնարաւոր է. ան թերեւս ուտէ ձեր գաթաները, ճօճուի ճօճանակին վրայ եւ ձեզի պատմէ տարօրինակ հեքիաթներ, ինչպէս նաեւ խառնէ ձեր միտքերը եւ նեցուկ ըլլայ ձեզի։

Յայտնաբերեցէ՛ք այն կապը, զոր ճօճուող աղուէսը, նարնջագոյն նարինջը, ստեպղինով քեքը, պասքեթպոլի գնդակը ու դեղին կատուն ունին երջանկութեան հետ։

Ո՞վ պիտի չուզէ երջանկութիւն մը, որ կը յայտնուի սեւ ամպերէն վերջ։

Հեղինակին մասին՝

Էւելինա Տացիութէյ

Գրող եւ բանաստեղծ։ Կը բնակի Լիթուանիոյ մայրաքաղաք Վիլնիուսի մէջ։ Եօթը գիրք հեղինակած է մանուկներու համար։ «Երջանկութիւնը աղուէս մըն է» թարգմանուած է տասը լեզուի եւ նուաճած բազմաթիւ մրցանակներ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.