262,50 ₺
Etiket Fiyatı: 350,00 ₺
Տարօնի իր արմատներէն առած բանաստեղծական աւիշով սնած ու ստանպուլահայ կրթական օճախներու շունչով տոգորուած, դեռ Կեդրոնականի աշակերտ՝ յայտնութիւն մը եղած էր Զանգու: Հարկադրաբար բաժնուելով երկրէն, ան մաս կազմեց Ֆրանսահայ գրողներու միութեան: Այս մէկը իր եօթներորդ գիրքն է, որ բանաստեղծութիւններու կարգին կը բովանդակէ նաեւ վերլուծական, գրախօսական, կենսագրական, քննադատական արձակ էջեր, ինչպէս նաեւ նամակներ։
Բուն անունով Սարգիս Քէչեան։ Ծնած է 1917-ին, Պոլիս։ 1938-ին աւարտեց Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը։ Իր դասընկերոջ՝ Արամ Փեհլիվանեանի հետ դպրոցական տարիներուն հրատարակեցին «Թռիչք», ապա «Աշխատանք» պարբերականները։ Բ. Աշխարհամարտի աւարտին, 1945-ին Աւետիս Ալիքսանեանի եւ Արամ Փեհլիվանեանի հետ հրատարակեցին «Նոր օր» շաբաթաթերթը։ 1950-ին Արամ Փեհլիվանեանի հետ հրատարակեցին «Կռունկ» երկամսեայ հանդէսը։ Յօդուածներ հրատարակեց Աւետիս Ալիքսանեանի «Ամսուան գիրք», «Պատկեր», «Այսօր» պարբերականներուն, Ռուբէն Մաշոյեանի «Դէպի լոյս» շաբաթաթերթին մէջ։ Բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածոն հրատարակուեցաւ 1951-ին, «Մինչեւ լուսաբաց» խորագրով։ 1952-ին հաստատուեցաւ Փարիզ։ Քերթուածներով ու գրութիւններով աշխատակցեցաւ Ֆրանսայի ու սփիւռքի պարբերական մամուլին։ 1970-1986 թթ. մաս կազմեց Ֆրանսահայ գրողներու միութեան վարչութեան։ Այս տարիներուն խմբագրեց միութեան պաշտօնաթերթ «Արահետ»ը։ Տարբեր առիթներով պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի ու Հայաստանի մէջ։ Փարիզ բնակութեան շրջանին հրատաակեց բանաստեղծութիւններու հինգ ժողովածոյ՝ «Օտարութեան ափերէն» (1962), «Անմեռ սրտով» (1970), «Իմ հեռաւոր» (1980), «Ապրումներ» (1990)։ Մահացաւ 2004-ին, Փարիզ։