Ընդառաջում
նոր

Ընդառաջում

Գրիգոր Պըլտեան

300,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%25
Սեռ՝ Արձակ բանաստեղծութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն
Խմբագիր՝

Քրիստիան Բատիկեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Վահագն Քէշիշեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Ապրիլ 2025

Էջն ու չափերը՝

368 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460637

Բացատրութիւն՝

Ընդառաջումը Գրիգոր Պըլտեանի քերթողական եւ մտածողական բնոյթով արձակ գրութիւններու հաւաքածոն է, ուր խտացած են յիշողութեան, ներկայութեան, մարմնի ու լեզուի շուրջ պատկերներ ու խորհրդածութիւններ։ Իր չորս բաժիններով, գիրքը ընթերցողը կը մխրճէ լեզուի երաժշտականութեամբ հարուստ մթնոլորտի մը մէջ, ուր երեւոյթները կ՚անցնին ներշնչանքի ու տարակոյսի ընդմէջէն՝ յառաջացնելով զարմանքի, օտարութեան ու հարազատութեան փորձառութիւն մը։

Ետեւի կողքը՝

Ամեն կտոր ու հատուած պահ մը, դէմք մը կամ առարկայ մը կը սեւեռէ, լեզուի երկդիմի յարաբերութան մէջ, բայց ինչոր կ՚ուզեմ ըլլայ՝ կը կոչեմ տոգորում։

Կը յանձնեմ ես զիս այդ պահին, ի՞նչ կ՚ըսեմ, կը լքուիմ անոր, հեստ՝ կ՚ընդառաջեմ երբեմն նոյնիսկ անունին։

Ո՛չ թէ գրաւել, նուաճել, գծել սահման ու պատնէշ, իւրացնել —այդ բոլորը կրնաս, պատմութիւնն են— այլ սքանչանալ, այլայլիլ, ո՛չ թէ ընտանեցնել, այլ ինչպէս սիրոյ մէջ դառնալ ուրիշով անտուն։

Հեղինակին մասին՝

Գրիգոր Պըլտեան

Գրիգոր Պըլտեան ծնած է 1945-ին Պէյրութի մօտակայ թաղերէն՝ Հայաշէնի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է թաղի «Թորգոմեան» վարժարանին մէջ, ապա անցած՝ Նշան Փալանճեան ճեմարան, զոր աւարտած է 1964-ին։ Հետեւած է փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն՝ Պէյրութի «Էքօլ տէ Լէթր» հաստատութեան մէջ։
1967-ին մեկնած է Փարիզ։ 1973-ին ստացած է փիլիսոփայութեան իր դոկտորան՝ Սորպոնի համալսարանէն։ Դոկտորայի առաջին աշխատութիւնը պատրաստած է Մարթին Հայտըկէրի «Գեղագիտութեան զանցումը» նիւթին շուրջ։ Ամբողջ տասնամեակ մը զբաղած է լրագրութեամբ ֆրանսական մամուլին մէջ։
1978-էն սկսեալ հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասախօս է Փարիզի Արեւելեան լեզուներու հիմնարկին մէջ։ Շուրջ քսան տարի դասաւանդած է գրաբար եւ մատենագիտութիւն Լիոնի Աստուածաբանական համալսարանին մէջ։
Կ’ապրի Փարիզի մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.