Թութա՞կ ես, ծօ՛

Ուիլիըմ Սարոյեան

206,25 

Etiket Fiyatı: 275,00 

%25
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Յովհաննէս Շէօհմելեան

Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Նոյեմբեր 2016
Բ տպագ., Դեկտեմբեր 2018

Էջն ու չափերը՝

96 էջ, 13,5x20 սմ

ISBN

9786055753726

Բացատրութիւն՝

Ուիլիըմ Սարոյեան (1908-1981), Ի դարու համաշխարհային գրականութեան դասական արձակագիրներէն, Միացեալ Նահանգներու հեռաւոր անկիւնները կ՚որսայ հայու կեանքեր ու զանոնք կը վերածէ եզակի պատմութիւններու։ Իւրաքանչիւր պատմուածք ուրոյն դէմք մը կը ներկայացնէ մեզի՝ երբեմն ծիծաղաշարժ, սակայն խորքին մէջ նաեւ՝ քիչ մը տխուր։ Ըլլալով հանդերձ փառքի գագաթներ նուաճած հեղինակ մը, Սարոյեան երբեք չէ կորսնցուցած իր մանկական խանդավառութիւնը, կեանքը անմեղի մը աչքերով դիտող ու հարցաքննող մօտեցումը, ապրելու ու արտադրելու եռանդը։ Պարզութիւնն ու յստակութիւնը, զոր ան ունի ամենաբարդ երեւոյթներու իսկ դիմաց, զինքը կը վերածէ ո՛չ միայն մեծահասակներու, այլ նաեւ, եւ աւելի՛, մանուկներու ու պատանիներու համար սիրելի հեղինակի մը։

 

«Թութա՞կ ես, ծօ՛» հատորը կազմուած է Յովհաննէս Շէօհմէլեանի թարգմանութեամբ, Արամ Սեփեթճեանի խմբագրութեամբ 1994-ին Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատան կողմէ տպագրուած «Պատմուածքներ»ու երկրորդ հատորին հիման վրայ։ Վերստուգած է Հրակ Փափազեան և խմբագրած՝ Սեւան Տէյիրմենճեան:

 

Գիրքը հասցէագրուած է ո՛չ միայն մեծահասակներուն, նաեւ պատանիներուն եւ մանուկներուն։

Ետեւի կողքը՝

Սեպենք թէ տաբատէն զատ ամէ՛ն բան հագած ըլլար -վարտիկը, կօշիկը, շապիկը- եւ քալէր ու շիփշիտակ նայէր մարդոց աչքերուն։ Ենթադրենք թէ ընէր ասիկա եւ ըսէր․

«Տիկիննե՛ր, ես տաբատ չունիմ, պարոննե՛ր, ես դրամ չունիմ։ Ի՞նչ կ՚ըլլայ։ Տաբատ չունիմ, դրամ չունիմ, բայց այս աշխարհին բնակի՛չն եմ, եւ բնակիչն ալ պիտի մնա՛մ մինչեւ որ մեռնիմ, մինչեւ որ աշխարհին վերջը գայ։ Այս աշխարհին մէջ պիտի պտտիմ, նոյնիսկ եթէ առանց տաբատի ըլլայ ատիկա»։

Լաւ, ի՞նչ կրնան ընել իրեն։ Կրնա՞ն զինք բանտարկել։ Եթէ այո, որքա՞ն ատեն եւ ինչո՞ւ։ Ի՞նչ տեսակ ոճիր կարելի է սեպել մէկու մը առանց տաբատի մէջտեղները պտտիլը։

Հեղինակին մասին՝

Ուիլիըմ Սարոյեան

Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ (Քալիֆորնիա, ԱՄՆ), որպէս զաւակը Պիթլիսէն գաղթած հայ ընտանիքի մը։ Գրողի ձեւաւորման մէջ մեծ դեր խաղացած է ինքնակրթութիւնը, ամերիկեան ու համաշխարհային գրականութեան ընթերցումը։

 

Սարոյեան կանոնաւոր կրթութիւն չէ ստացած:

 

«Եօթը տարեկանին սկսայ լրագիրներ վաճառել մայթերուն ու խաչմերուկներուն վրայ: Երրորդ դասարաննէի, երբ առաջին անգամ շահեցայ դպրոցի ամենաչար տղու համբաւը, ու զիս յաճախ անկիւն մը կը կանգնեցնէին, կը հայհոյէին, մազերս ու ականջներս կը քաշէինեւ, ի վերջոյ, վռնտեցին դպրոցէն…»։

 

1922-ին, երբ մայրը իրեն կը յանձնէ հօր թուղթերէն ու տետրակներէն կազմուած ծրար մը, 14-ամեայ Ուիլիըմ կը սորվի, որ իր հայրը բանաստեղծ էր, բանաստեղծութիւններ գրած էր «հին հայրենիքի» լեզուով։

 

1926-ին 18-ամեայ Ուիլիըմ, որ մինչ այդ եղած էր թղթատար, սեւագործ բանուոր եւ Սան Հոաքինի ագարակներուն ու այգիներուն մէջ աշխատած էր որպէս մշակ, կը հեռանայ հարազատ ամերիկա-հայկական Ֆրեզնոյէն ու կ՚երթայ Սան Ֆրանսիսքօ: Կ՚աշխատի որպէս հեռագրատան ծառայող, մարզային ապրանքներու խանութի վաճառող, պահեստի բանուոր: Ոչ մէկ տեղ երկար կը մնայ, կ՚ապրի վարձու սենեակներումէջ:

 

Առաջին անգամ իր ստեղծագործութիւնը կը տպագրուի 1933-ին, Պոստոնի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին մէջ։ 1939-ին Ուիլիըմ Սարոյեան վեց օրուան ընթացքին կը գրէ «Քու կեանքի ժամերը»: Այս ստեղծագործութեան շնորհիւ գրողը կ՚արժանանայ Փուլիցերի եւ Նիւ Եորքի քննադատներու հեղինակաւոր գրական մրցանակներուն: 1940-ին Սարոյեան կը հրաժարի առաջին մրցանակէն՝ յայտարարելով, որ «Առեւտուրը իրաւունք չունի հովանաւորելու արուեստը»:

 

Գրական կեանքի առաջին տասնամեակին Սարոյեան գրած է քանի մը հարիւր պատմուածքներ, որոնց մեծ մասը ամփոփուած են աւելի քան տասը հատորներու մէջ։ Սարոյեան յատկապէս կարճ պատմուածքի, նորավէպի մէջ մուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերական-հոգեբանական թարմ նիւթեր, արդիական հնչեղութիւն ունեցող մարդասիրական բարոյական տարրեր, պատումի նոր ձեւեր։

 

1942-ին Սարոյեան կը զօրակոչուի։ Բանակի մէջ կ՚աշխատի զինուորական բեմագրութիւններու ստեղծման վրայ։ Ան պատերազմը ընկալած է որպէս աղէտ։ Այսնիւթը արտացոլած է «Մարդկային կատակերգութիւն» վիպակին եւ «Ուեսլի Ճեքսընի արկածները» վէպին մէջ։

 

1950-1960-ական թթ. Սարոյեան ապրած է Եւրոպայի մէջ, ապա դարձեալ հաստատուած է ԱՄՆ։ Այդ տարիներուն ինքնակենսագրական նիւթի օգտագործումով ստեղծած է հոգեբանական վիպակներու շարք։

1960-ականներէն սկսեալ գրած է յուշագրական գործեր։ Յատկապէս ուշագրաւ են Պեռնարտ Շոուին, Չարլի Չափլինին, Թ. Ս. Էլիըթին, Եղիշէ Չարենցին նուիրուած էջերը, հեղինակի մտորումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ։

 

Ան 1964-ին այցելած է իր պապերուն հայրենիքը՝ Պիթլիս, իսկ 1976 ու 1978 թուականներուն ալ Սովետական Հայաստան։

 

Ուիլիըմ Սարոյեան մահացած է 16 Մայիս 1981-ին, Ֆրեզնօ։ Աճիւնի մէկ մասը թաղուած է Երեւանի «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.