Ժիլ կը կասկածի իր կարդացած մէկ գիրքի վերջին նախադասութենէն, որ կ՚ըսէր. «Եւ բոլորը յաւիտեան ապրեցան երջանիկ»։ Կը կասկածի, որովհետեւ գիրքին վիշապը այդքան ալ ուրախ չէր երեւեր։ Ուրեմն, ան մտիկ կ՚ընէ վիշապին ցաւը եւ զինք կը հրաւիրէ իր աշխարհը։ Կ՚որոշէ իր գիտցածները սորվեցնել իրեն, սակայն վիշապը այդքան ալ տաղանդաւոր չէ անոր ցոյց տուածները ընելու մէջ։ Վիշապը ա՛լ աւելի կը տխրի։ Արդեօք Ժիլ պիտի կարենայ գտնել լուծում մը, որպէսզի վիշապը երջանիկ ըլլայ իր աշխարհին մէջ։
Տարիքային խումբ` 3+
Ժիլ երբ «Եւ ամէնքը երջանիկ ապրեցաւ յաւիտեան» նախադասութեամբ վերջացող գիրքը աւարտեց, նկատեց, որ մէկը բնաւ երջանիկ չէ։ Վիշապը կը մտածէր, թէ թագաւորութեան սահմաններէն ներս ամէն ինչ այրելէ ու ածուխի վերածելէ դուրս ոչինչի կը ծառայէ, ու այս պատճառով կը տխրէր եւ կը գանգատեր թագաւորին ատելութենէն։ Բայց Ժիլ վստահ էր, թէ ամէն ոք ունի բան մը լաւ ընելու յատկութիւնը եւ շուտով պիտի յայտնաբերէր, թէ վիշապը տէր է գաղտնի մնացած իւրայատուկ տաղանդի մը։
«Ժիլն ուր վիշապը» պատմութիւն մըն է, որ կը յիշեցնէ, թէ ինչքան ալ որ ծածկուած ըլլայ՝ իւրաքանչիւր անձ ունի տեսակ-տեսակ տաղանդներ եւ հակառակ ամէն դժուարութիւններու պէտք չէ հրաժարիլ պայքարէ։
Կ՚աշխատի որպէս նկարազարդող։ Կը գծագրէ նորաձեւութեան, երաժշտութեան, մանկական գրականութեան, շարժանկարի եւ զանազան արտադրանքներու վերաբերեալ։ Հեղինակ է երեք մանկական գիրքի, զոր ինք գրած ու նկարազարդած է։