Ժողովուրդի մը հոգեվարքը

Զապէլ Եսայեան

135,00 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%50
Սեռ՝Վկայագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունիս 2022

Էջն ու չափերը՝

256 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460101

Բացատրութիւն՝

Զապէլ Եսայեան 24 ապրիլ 1915-ի վաղորդայնին շրջան մը ընդյատակ քաշուելէ ետք կ՚անցնի Պուլկարիա։ 1917-ին ան Կովկաս էր արդէն, ուր կը հանդիպի որպէս գերմանացի սպայի մը թարգման Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուած եւ Պաքու ապաստանած Հայկ Թորոյեանին։ Ան Եսայեանին կը պատմէ Փոքր Ասիայէն ու հայաշատ գաւառներէն Միջագետք աքսորուած հայերու վիճակը։ Մեծ Եղեռնի այս առաջին վկայագրութիւնը լոյս կը տեսնէ «Գործ» հանդէսին մէջ։ «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» սահմռկեցուցիչ տեսարաններ կը պարզէ ընթերցողներու աչքին առջեւ, կը ներկայացնէ հոգեվարքը ամբողջ ժողովուրդի մը, որ իր իսկ հայրենիքի տարածքին ու Սուրիոյ անապատներուն վրայ կը զոհուէր տասնեակ հազարներով։ Եսայեան խուսափած է հայ ժողովուրդի օրհասական այս տառապանքը գրականութեան նիւթի վերածելէ՝ անոր մօտենալով ամենայն պարզութեամբ ու ակնածանքով։ Ընթերցողը հոն պիտի գտնէ քաղաքակիրթ ազգի մը վերջին օրերու անպատմելի պատմութիւնը։ Որպէս յաւելուած հրատարակուած է «Գրագէտի մը յիշատակները», ուր Եսայեան կը պատմէ Ապրիլ 24-ի շրջանին Պոլիս գտնուող մտաւորականի մը (ի՛ր) ձերբակալուելու վախը, հոս ու հոն թաքնուիլը եւ վերջապէս փախուստը։ Գիրքը օժտուած է յառաջաբանով, զոր գրի առած է սփիւռքահայ անուանի մտաւորական Մարկ Նշանեան։

Ետեւի կողքը՝

Ցաւագինօրէն տոգորուած ինձ բաժին ինկած պարտաւորութիւնով, սրբապղծութիւն համարեցի գրականութեան նիւթ դարձնել ամբողջ ժողովուրդի մը օրհասական տառապանքը, պղծուած մաքուր աղջիկներու, ցաւէ եւ թշուառութենէ անասնացած քաղաքակիրթ ազգի մը բեկորներու, գետին եզերքը վազող ջուրին նայելով ծարաւէ մեռնող բազմութիւններու, դիակներու դէզերու մէջ տակաւին ապրող ուրուականներու, մարտիրոսացած մանուկներու, անարժէք իրերու նման առուծախի նիւթ դարձող դաստիարակուած օրիորդներու եւ տիկիններու, մայրական զգացումին մէջ չարաչար վիրաւորուած կիներու անպատմելի պատմութիւնը, եւ մօտեցայ այս գործին ամենամեծ պարզութեամբ եւ ակնածանքով:

Ինչ որ հայ կամ օտար ընթերցողը պիտի գտնէ այս արձանագրութեանց մէջ, գեր ի վեր կը մնայ ամենէն դժոխային երեւակայութենէ: Հաստատ կերպով կարելի է ըսել. պատերազմի այս տիեզերական սարսափներուն մէջ, երբ աշխարհիս գրեթէ ամեն կողմերը մարդոց զգացումները բթացած են ամենօրեայ դժբախտութիւններու առթած ցնցումներէն, հայ ժողովուրդի տառապանքը այսու ամենայնիւ հանգամանքը ունի զարմացնելու համայն մարդկութիւնը եւ սոսկումով ու զարհուրանքով դղրդելու անոր խղճմտանքը:

Հեղինակին մասին՝

Զապէլ Եսայեան

ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ'այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:

1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ'աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:


Ծանօթ Գործերը

Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ...

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.