202,50 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Հոկտեմբեր 2001
Գ տպագ., Հոկտեմբեր 2016

Էջն ու չափերը՝

80 էջ, 16x15 սմ

ISBN

9789757265412

Բացատրութիւն՝

Գծագրութեան այս գիրքը, որ տարիներէ ի վեր կ՚արժանանայ ծնողներու գնահատանքին, պատրաստուած է հարստացնելու համար նախադպրոցական տղոց բառապաշարը։ Նպատակն է մանուկը ծանօթացնել իր անմիջական շրջապատին գտնուող անասուններուն, իրերուն եւ այլն։ «Իմ ընկերս» պատրաստուած է հայոց այբուբենի 38 տառերով՝ իւրաքանչիւրին դիմաց բառ մը դնելու սկզբունքով։ Մանուկները պիտի չկարենան հեռանալ այս գիրքէն, ուր անոնք կամաց-կամաց պիտի սորվին նաեւ գրել ու կարդալ տառերը։ Հոն կան գոյնզգոյն նկարներ, որոնք պիտի օգնեն, որպէսզի մանուկը խորացնէ իր կապը մատիտին հետ, սորվի գոյները ու զարգացնէ իր ստեղծագործ երեւակայութիւնը։ «Իմ ընկերս» պիտի օգնէ նաեւ որ մանուկը կարդալը սիրէ։ Ան պատրաստուած է հաստ թուղթէ եւ մանուկի առողջութեան չվնասող կերպընկալ կողքէ, որպէսզի երկար ժամանակ դիմանայ չարաճճիներու զանազան խաղերուն։

Հեղինակին մասին՝

Արուսեակ Քոչ-Մոնէ

Ծնած է 1976-ին, Պոլիս։ Աւարտած է «Մարմարա» համալսարանի նախադպրոցական կրթութեան բաժինը։ 1999-ին սկսած է ուսուցչագործել՝ «Հիսար» կրթական հիմնարկի Քեմերգիւղի վարժարաններուն մէջ։ Եօթը տարի այդտեղ մանկապարտէզի ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 2007-ին տնօրէնութեան կոչուած է Գարակէօզեան մանկանց դպրոցին մէջ, իսկ այժմ կը վարէ Գարակէօզեան վարժարանի տնօրէնութիւնը։ Պատրաստած է «Իմ ընկերս» ու «Պարտէզ» մանկական գիրքերը, զորս հրատարակած է «Արաս»։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.