Հալէպահայ յայտնի գրող, մտաւորական Թորոս Թորանեանի նոր մէկ աշխատութիւնն է այս գիրքը: Թորոս Թորանեան ծնած է Հալէպ 1928ին: Ան մէկն է, որ մօտաւորապէս ստորագրած է , 50 աւելի գիրքեր: Թորոս Թորանեան հաղորդական բնաւորութեամբ, լեռնական Սասունցիի տաք սրտով 1996ին այցելեց Ստանպուլ Սայաթ Նովա Երգչախումբի հրաւէրով, շարք մը բանախօսութիւններ տալու համար: Վերադարձին իր Ստանպուլեան տպաւորութիւնները գրի առաւ:
Գրքին մէջ կը գտնուի այս այցելութեան յուշերը, ապրումները եւ տպաւորութիւնները եւ երկրորդ բաժնին մէջ կը գտնենք նաեւ «Հակիրճ Ակնարկ Մը Իսթանպուլահայ Գրողներու Մասին» աշխատասիրութիւնը գրի առնուած 1995ին: Սերտելի հրատարակութիւն մըն է, կարելի է կարդալ մեծ հաճոյքով եւ գտնել հոն Ստանպուլահայութեան վերջին տարիներու գրական անցուդարձները:
Թորանեան որպէս վերապրող հայ ընտանիքի զաւակ ծնած է 1928ին Հալէպ, ուր 1943-ին աւարտած է Կիւլպենկեան վարժարանը։ Երկու տարի տեղւոյն Ամերիկեան քոլեճը յաճախելէ ետք, ուսման ընթացքը աւարտեց Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Վերադառնալով Հալեպ՝ կատարեց տարբեր աշխատանքներ։ Բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը հրատարակուեցաւ Պէյրութի մէջ, 1960-ին։ Նոյն տարին գնաց Սոֆիա, ուր երեք եռամսեայ հետեւեցաւ քաղաքագիտութեան դասընթացքի։ Սուրիա վերադառնալէ ետք անցաւ Երեւան, ուր տարի մը հետեւեցաւ հայագիտութեան, ապա մուտք գործեց Երեւանի բժշկական ինստիտուտ, զոր աւարտեց 1970-ին։ Սուրիոյ մէջ որպէս բժիշկ քսան տարի պաշտօնավարելէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ եւ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրեց գրականութեան։ Գրեց ո՛չ միայն բանաստեղծութիւն, այլեւ ուղեգրութիւն, պատմուածք եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններ։
1996ին զինքը հիւրընկալած էինք Պոլսոյ մէջ, եւ այս այցելութենէն ծնած էր «Իսթանպուլահայերը կը կանչեն» հատորը, զոր տպած էինք 1997-ին։ Իսկ 2007-ին, իր 80-ամեակը շնորհաւորած էինք «Թթխմոր» վերնագրուած պատմուածքներու ընտրանիով մը։
Պատերազմի պատճառաւ դժոխքի վերածուած Հալեպէն իր բարեկամներուն պնդումներով, ստիպուած հեռացաւ ու հաստատուեցաւ Երեւան՝ ուր ապրեցաւ մինչեւ մահը:
3 Յունիս 2021ին ան հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն՝ մեզ թողլով իր բազմատասնեակ հրատարակութիւնները, մաքուր համբաւն ու կենսասէր անձին բարի յիշատակը։