292,50 ₺
Etiket Fiyatı: 390,00 ₺
«Կապոյտ երազ», որ կողքի մը տակ կը խմբէ ստանպուլահայ գրողներու ծովու, կղզիի, նաւու ու նաւամատոյցի վերաբերող պատմուածքները, գրականութեան բաւիղներուն մէջ կը հետապնդէ Պոլսոյ ու պոլսեցիներու այս մեծ սիրոյն հետքերը։ Հայ գրականութեան ծալքերէն ներս բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի կատարած մանրակրկիտ աշխատութեամբ ի յայտ եկած այս հատընտիրը կը ներկայացնէ Զաւէն Պիպեռեանէ Յակոբ Մնձուրի, Երուանդ Կոպէլեանէ Վարդան Կոմիկեան, Սոնա Տէր Մարգարեանէ Սեդա Թեւեան մէկը միւսէն արժէքաւոր տասնինը հեղինակէ պատմուածքներ՝ ի մասին քաղաքի, ծովու, ծովեզերքի, Ստանպուլի կեանքի ու հարկաւ այս գեղեցիկ քաղաքի բնակիչներուն։
Հնագոյն Կոստանդնուպոլսոյ, ինչպէս հայերը կ՚անուանեն Պոլսոյ ու վերջապէս Ստանպուլի բազկերակը գրողի զգայնութեամբ գրի առած այս անունները կ՚արձանագրեն տեղի ունեցած փոփոխութիւնները, կորուստներն ու նորութիւնները՝ միաժամանակ ճոխացնելով Ստանպուլի զգացումներու աշխարհագրութիւնը։ «Կապոյտ երազ» կը խոստանայ ընթերցանութեան անյագուրդ ախորժակ մը, միւս կողմէ մատուցելով արժանին Պոլսոյ ծովերուն, որ անկասկած միլիոնաւորներու հասարակաց կապոյտ երազն է։ «Կապոյտ երազ» գովք մըն է մեր իսկ ձեռքով բրտօրէն դէպի ոչնչացում թալաւող պատմական քաղաքին, իր մշակոյթին ու բնակիչներուն…
Մեր երիտասարդութեան տարիներուն կը զուգադիպէին այդ օրերը: Կիրակնօրեայ արձակուրդին յատկացուած եւ ծիծաղելի նկատուելու չափ ճղճիմ գումարին կարեւոր մէկ մասը կ’առնէր սակայն դարձեալ փոխարժէքը առաջին այդ շոգենաւի տոմսակին, գրեթէ մեր բոլոր ընկերներուն համար, քանի որ օրուան պայմանները անկարելի դարձուցած էին մեզմէ շատերուն շարունակել ուսումը եւ կիրակի օրերն ալ իբրեւ ուսանող զեղչեալ գինով ճամբորդել՝ դէպի կղզիներ:
Տարօրինակ է սակայն. հակառակ անոր որ այդ տոմսակը կը տանէր մեծ մասը մեր կիրակնօրեայ յատկացումներուն, մնացեալով կրկին ահագին գործ կը տեսնէինք, բնականաբար առաւելագոյն խնայողութեամբ, եւ իրիկունը տուն կը վերադառնայինք իսկապէս բաւարարուած, երջանիկ օր մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Այդ զեղչեալ սակացոյցի դրութիւնը շարունակուեցաւ պատերազմէն վերջ ալ, եթէ չեմ սխալիր, քանի մը տարի եւս: Յիշողութիւնը կամաց-կամաց կը սկսի արդէն իսկ ջնջել հետքերը անոնց ալ՝ բոլորին նման, ինչպէս շատեր կը դժուարանան այսօր յիշել եօթը երեսունի շոգենաւն անգամ:
«Բաժակ մը վճիտ ջուրի պէս»
Երուանդ Կոպէլեան