Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով Աշխատասիրեց՝ Ռուբէն Մաշոյեան

Կարպիս Ճանճիկեան

206,25 

Etiket Fiyatı: 275,00 

%25
Սեռ՝Բանաստեղծութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Փետրուար 2016

Էջն ու չափերը՝

184 էջ, 15x21 սմ

ISBN

9786055753610

Բացատրութիւն՝

Բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեան, որ կը նկատուի ստանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան հիմնադիրը, իր մահէն 70 տարի անց վերստին կը ներկայանայ գրասէր հանրութեան: Գիրքը, որ վաղամեռիկ բանաստեղծին ստեղծագործութիւնները կը հաւաքէ կողքի մը տակ, վերահրատարակութիւնն է 1990-ին Ռուբէն Մաշոյեանի կողմէ խմբագրուած համանուն հատորին։ Սահակեան սանուց միութեան կողմէ հրատարակուած հատորը պատրաստուած էր «Նորք» հրատարակչատան երդիքին տակ։ Ներկայ հրատարակութիւնը, որ վերստին ընթերցողներու սեղանին կը դրուի Սահակեան-Նունեան լիկէոնի օժանդակութեամբ, մեծ մասամբ հաւատարիմ կը մնայ նախորդին:
«Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով»ին մէջ ամփոփուած են իրապաշտ քերթողին կարճատեւ գրական կեանքին ընթացքին գրի առած բանաստեղծութիւնները, արձակ էջերը, իր մասին եղած յուշեր, վկայութիւններ եւլն.։ Հոն կարելի է կարդալ նաեւ ուսումնասիրութիւն մը, կարծիքներ իր մասին՝ արտայայտուած իրեն ժամանակակից գրողներուն կողմէ: Ճանճիկեանի՝ գրչեղբօր՝ Հայկազուն Գալուստեանի հետ միասնաբար 1942-ին թրքերէնով հրատարակած «Balkıs» հատորէն քաղուած քերթուածները եւ անոնց հայերէն թարգմանութիւնը եւս կարելի է ընթերցել այս գիրքին մէջ։
Որպէս յաւելուած զետեղուած են արձակագիր Յակոբ Կարապենցի՝ «Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով» գրքին առթիւ գրախօսականը, ինչպէս նաեւ համառօտ կենսագրականները այն հեղինակներուն, որոնք իրենց սրտի խօսքերը գրի առած էին բանաստեղծին մասին։

Ետեւի կողքը՝

«Սամաթիացի տղաքը ուզեցին տէր կանգնիլ իրենց «թաղեկից» վաղամեռիկ բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեանի եւ իր գործին: Փափաքեցան որ ան ծանօթացուի նոր սերունդին եւ Հայ գրականութեան պատմութեան մէջ գրաւէ իր արժանի տեղը:

Անոնց դիմումին վրայ է որ կը ձեռնարկենք այս գործին, որ մեզի համար ալ սիրելի պարտականութիւն մըն է, քանի որ այսօր գրեթէ անգտանելի դարձած են Ճանճիկեանի Հայերէն միակ հրատարակուած գործը՝ «Օրէ Օր»ը եւ Թրքերէն «Պալքըս»ը եւ… իր մասին արտայայտուողները:

Ճանճիկեան գրական զանազան ճամբաներէ անցած է, զանազան շրջաններ ունեցած է եւ եկած հասած է տեղ մը՝ ուր իրապաշտ քերթողը, նոր բանաստեղծութեան հիմնադիր Ճանճիկեանի տիպարը կազմաւորուած է: Ահաւասիկ հոս է որ կը փրթի Ճանճիկեանի կեանքի թելը, կը լռէ իր քնարը՝ կիսատ թողելով ամէն ինչ: Դժուար է ուրեմն որոշել Ճանճիկեանի ճշգրիտ տեղը մեր գրական պատմութեան մէջ: Կը յուսանք որ այս հատորը մեծապէս պիտի նպաստէ Ճանճիկեանը իր բոլոր երեսակներով ճանչնալու եւ զինքը գրական պատմութեան մէջ արժանի տեղը զետեղելու գործին:»

Ռուբէն Մաշոյեան

Հեղինակին մասին՝

Կարպիս Ճանճիկեան

Կարպիս Ճանճիկեան ծնած է Սամաթիա՝ 1920-ին (Յունուար 6): Նախնական ուսումը ստացած է թաղին Սահակեան-Նունեան վարժարանը, յետոյ մտած է Կեդրոնական, 1934-ին: Տարի մը վերջ, 1935-ին, կը ստիպուի Կեդրոնականը ձգել եւ վաճառատան մը մէջ պաշտօնեայ կ՚ըլլայ: Հակառակ ասոր, ուսանելու փափաքը չի մեռնիր իր մէջ, եւ 1937-ին երբ կը զգայ որ անցնող ամէն օր զինքը քիչ մը եւս կը հեռացնէ դպրոց երթալու տարիքէն, անզսպելի մղումով մը կը մտնէ դպրոց՝ այս անգամ Իտալական վարժարան: 1939-ին դարձեալ Կեդրոնական կը վերադառնայ, ուր լիսէի շրջանը չաւարտած, 1943-ին, հիւծախտը կու գայ զինքը վերջնականօրէն հեռացնելու դպրոցէն:

 

Իր հրատարակուած առաջին բանաստեղծութիւններէն կ՚ըլլայ «Օրէ օր», որ լոյս կը տենսէ Բ. Թեւեանի «Պատկեր»ին մէջ՝ 1939-ին, Արաքսի Սողոմոն ծածկանունով: Աւելի յետոյ կ՚աշխատակցի «Երջանիկ»ին, Աւետիս Ալիքսանեանի «Պատկեր»ներուն, «Նոր Օր» շաբաթաթերթին եւ «Ժամանակ» օրաթերթին: Իր մահուընէ յետոյ, կարգ մը անտիպներ ալ լոյս կը տեսնեն «Այսօր»ի, «Ճառագայթ»ի եւ «Ժամանակ»ի մէջ:

 

Հանրութեան ծանօթ իր այս գործերէն զատ, մեզի կը ձգէ տակաւին կարգ մը անտիպներ, հայերէն եւ թրքերէն, ինչպէս նաեւ ձեռագիր խմորատիպ հանդէս մը՝ «Արաքս», զոր կը հրատարակէր ուսանողութեան օրերուն:

 

Ճանճիկեանի կարդալու եւ գրելու հակումները շատ կանուխէն, նախակրթարանի նստարաններուն վրայ կը յայտնուին: Ճանճիկեան արդէն իսկ սկսած է ճանչնալ գրական զանազան դպրոցներ, որոնք փոխն ի փոխ զինքը կը հմայեն, կը խանդավառեն: Ֆիւթիւռիզմ, տատաիզմ, սիւրռէալիզմ, էմբրէսիոնիզմ փոխն ի փոխ իր նախընտրած դպրոցները կ՚ըլլան եւ միսթիք ու ռոմանթիք վարպետներուն տեղը կը գրաւեն Մարինէթթի, Ձարա, Աբոլլինէր եւայլն: Իրերայաջորդ այս յեղաշրջումներու թոհուբոհին մէջ, Ճանճիկեան հետզհետէ կը գծէ իր ճամբան եւ իր այս շրջանը նախկինէն բոլորովին տարբեր գրականութեան մը համար կ՚ըլլայ փորձի շրջան մը, որ իր առաջին պտուղը կու տայ 1942-ին՝ «Պալքըս» բաւական իրապաշտ, թրքերէն բանաստեղծութեանց հաւաքածոն:

 

Ճանճիկեան կը մեռնի քսանըվեց տարեկան, 1946 Փետրուար 26-ին, Ազգային հիւանդանոցի մէջ:

 

Ճանճիկեանի միակ բաղձանքը եղաւ թաղուիլ Մեծարենցի քով: 1950-ին Մատենաշար «Դէպի Լոյս» հրատարակեց իր միակ բանաստեղծութեան հաւաքածոն՝ «Օրէ օր»ը: Այս գրքին հասոյթը պիտի յատկացուէր վաղամեռիկ բանաստեղծին շիրմին շինութեան: Մասնաւոր յանձնախումբ մը կազմուեցաւ եւ 1952-ին Ճանճիկեանի աճիւնը փոխադրուեցաւ եւ ամփոփուեցաւ Միսաք Մեծարենցի յարակից Ճանճիկեանի նորակերտ դամբարանին մէջ:

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.