450,00 ₺
Etiket Fiyatı: 600,00 ₺
Հայերէնի ուսուցիչ Գեղամ Քերովբեան-Իշքօլի (1924-1980) «Հայերէն բառգիրք աշխարհաբար լեզուի» աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1962-ին: Քերովբեան-Իշքօլ բառարանը կազմած է դպրոցականներու անմիջական պահանջները գոհացնելու մտադրութեանբ եւ հայ բառերը իրենց յատուկ ու նաեւ փոխաբերական ինաստով դիւրութեամբ ծանօթացնելու նպատակով։
Հեղինակին աշակերտներէն Արտաշէս Մարկոսեանի խմբագրութեամբ՝ այս հրատարակութիւնը խմբագրական միջամտութիւններով ու բազմահարիւր նոր թրքերէն համարժէքներով «վերամշակուած» տարբերակ մըն է: Հատորը կը բաղկանայ մօտ 10.000 բառէ:
Գեղամ Քերովբեան (Իշքօլ) ծնած է 20 Յուլիս 1924ին Ստանպուլ՝ Բանկալթը։ Նախակրթութիւնը բոլորելով Թագսիմի Էսաեան վարժարանի մէջ, 1937ին կ՚արձանագրուի Ղալաթիոյ Կեդրոնականը, ուրկէ շրջանաւարտ կ՚ըլլայ 1943ին։ Բարձրագոյն ուսում կ՚ստանայ ճետեւելով Ստանպուլ համալսարանի դասընթացքներուն, կը վկայուի փիլիսոփայութեան ճիւղէն։ Միջոց մը համալսարանական ընկերներով կը հրատարակեն «Տոսթ» անուն թրքերէն գրական հանդէս մը։ Իբրեւ ասպարէզով ուսուցիչ՝ քաղաքիս կարգ մը հայ վարժարաններուն մէջ երկար տարիներ դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն, գրաբար, հոգեբանութիւն եւ փիլիսոփայութիւն։ Պատրաստած է Հայերէն Բառգիրք Աշխարհաբար Լեզուի անուն գործը, որ լոյս տեսած է 1962ին։ Երկրորդ գիրքը՝ Աւանդական Պատմութիւն Հայոց, Հայկազանց Շրջան անուն դիցաբանական աշխատասիրութիւնը լոյս տեսած է 1968ին «Ժամանակ» օրաթերթի մատենաշարէն [Նոյեմբեր 2000ին ալ Արաս հրատարակչատունէն՝ թարգմանաբար թրքերէնով —Միթոլոժին Էրմէնի Թարիհի]։ Քերովբեան1970ին հաստատուած է Գերմանիա, ուր Պոխումի համալսարանին մէջ աւանդած է հայոց լեզու ու դիցաբանութիւն։ Պատրաստած է նաեւ նախաքրիստոնէական շրջանի հայ դիցաբանութեան մասին ընդարձակ աշխատասիրութիւն մը գերմաներէնով։ 1980ի Յունուարին Պոխումի մէջ վաղահասօրէն կնքած է իր մահկանացուն՝ կեանքի ամենաբեղուն շրջանին։