145,00 ₺
Etiket Fiyatı: 290,00 ₺
Գծավէպի մատենաշարի այս առաջին գիրքը մեզ կը տանի դէպի Ֆրանսա, Թուլոնի ծովեզերքը։ Պատումը կը սկսի Ալճերիոյ, նոյնիսկ աւելի անդին՝ Անատոլուի մէջ։
Փոքրիկ Մահմուտի կեանքը հիմնապէս կը փոխուի, երբ Ալճերիայէն կու գայ մինչ այդ չտեսած իր մեծ մայրը։ Ան ունի գաղտնիք մը, զոր չի գիտեր Մահմուտ։ Մեծ մայրը հետզհետէ աւելի շատ տեղ գրաւել կը սկսի թոռնիկներու կեանքէն ներս, մինչ Մահմուտ աւելի յաճախ կը սկսի հանդիպիլ անոր անցեալի հետքերուն։ Իրեն համար հանելուկի մը կը վերածուին այն բաները, զոր մեծ մայրը պիտի ուզէր մոռնալ, որոնց մասին ան կը դժուարանար խօսիլ։ Հանելուկը օրէ օր կը լուծուի, իսկ Մահմուտ կը սկսի խարխափիլ իր արմատներու կնճռոտութեան դիմաց։
Առոյգ, գունաւոր այս գիրքը ցոյց կու տայ, որ անցեալը միայն անցեալ մը չէ, այլ կը շարունակէ ապրիլ ներկայի ու ապագայի մէջ։ Ապրելու ուրախութիւնը, երջանկութիւնը, զաւեշտն ու թախիծը իրարու վարպետօրէն ագուցելով՝ կը հրամցնէ հաճելի ընթերցանութեան մը համար նոյնքան վարպետութեամբ պատրաստուած պատմութիւն մը։
1959
Անակնկալ հանդիպում մը կը փոխէ փոքրիկն Մահմուտին կեանքը։
Մահմուտ պիտի հանդիպի իր հայ մեծ մօր առեղծուածային անցեալին։ Այն ինչ որ կ՚ուզէ մեծ մայրը մոռնալ, Մահմուտի համար կը վերածուի հանելուկի։
Հանելուկը մինչ օրէ օր կը լուծուի, Մահմուտ կը սկսի խարխափիլ իր արմատներու կնճռոտութեան առջեւ։
Ֆրանսայի կարեւորագոյն գծագրողներէն Ֆարիտ Պուճելլալ ծնած է 1953-ին։ Աշխատանքային կենսագրութեան 1978-ին սկսած է “L’Oud”, “Le Gourbi”, “Ramadan”, “Abdullah” գծավէպերով՝ ապահովելով մեծ յաջողութիւն։ Աշխատակցած է ֆրանսական բազմաթիւ թերթերու ու հանդէսներու։ Պուճելլալ, ներշնչուած իր անցեալէն, ուր ի մի ձուլուած են ալճերիացիի, հայու ու ֆրանսացիի ինքնութիւնները, կ՚արտադրէ գծավէպեր, որոնք կը պաշտպանեն միասնական կեանքը՝ ընդդէմ Եւրոպայի ցեղապաշտութեան։ Պուճելլալ արուեստագէտի իր արդիւնաւէտ կեանքը կը շարունակէ որպէս իր երկրի յառաջատար մտաւորականներէն մէկը։