Հանգուցուած թելեր
նոր

Հանգուցուած թելեր

Անահիտ Սարգիսեան

202,50 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%25
Սեռ՝ Պատում
Լեզուն՝ Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Մայիս 2025

Էջն ու չափերը՝

128 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786257460699

Բացատրութիւն՝

Պատումներու այս երկրորդ շարքով, Անահիտ Սարգիսեան կը պատմէ այն աշխարհին մասին, ուր «իմս քուկդ չկա՛ր»։ Ընթերցողին առջեւ կը կախուի անհետացող աշխարհին սովորական առօրեայէն փրթած, գողտրիկ պատկերներ՝

 

աջ ձախ
առջեւ ետեւ
ո՛ւր որ դարձար
հո՛ն էին միշտ
բաց կամ փակ աչքերուդ դիմաց

 

Հատորին թելերը կը հանգուցեն ներկան՝ անցեալին, ընթերցողը՝ հեղինակին, ցաւը՝ սիրոյ, եւ «իմս քուկդ» կը դառնայ՝ մե՛րը։

Ետեւի կողքը՝

պատշգամին կողմը դառնալով

երկու Մենով

հիմմա՛ մամա

կը պատասխանեմ

սակայն
երկու Մենով հիման ալ

մէկ Մեն ունեցողին նման

կը յապաղի

կը յամառի

ու ոտքս խաղին մէջ

աւելի՛ կը մխրճուի

 

վերջապէս

պատշգամէն սլացող

մօրս հատու ձայնը

թաղը կը ցնցէ

ու խաղիս մահկանացուն կը կնքէ

 

– աս աղջկան պորտը

փողո՛ց նետեր են

փողո՛ց

Հեղինակին մասին՝

Անահիտ Սարգիսեան

Անահիտ Սարգիսեան ծանօթ տիպար մըն է երեխաներուն հետ ձեռք ձեռքի ստեղծած իր գունաւոր աշխարհով, վերամշակած եւ յօրինած խաղ ու մաղով, հանելուկներով, տեսերիզներով եւ մանկապարտէզի ծրագիրներով. բոլորը «Բարեւ Արեւ» երդիքին տակ շաղուած՝ լեզուական, երաժշտական, ժողովրդական եւ մշակութային բնական տարրերով։

 

Ինքնակենսագրութիւն

երիտասարդ հիւանդապահուհին
ստիպուած էր ծանօթանալու հօրս
որ լուացքի օր մը նոյեմբերեան
իր լուացքը խանգարել համարձակէի
այսինքն՝ լոյս աշխարհ գայի

 

մայրս՝ նուիրեալ հիւանդապահուհի
Ալթունեան հիւանդանոցի
ետին ձգեց իր քաղաքը սիրելի՝ Հալէպը հնամենի
ապրելու հօրս հետ մայրիներուն երկիրը

կապոյտ ծովուն եզերքը

 

ու ես՝ կապոյտ ծովուն եզերքը

երջանիկ կը մեծնայի
հովը կը փչէր
զիս ծով կը տանէր
ու անհոգ կը լողայի

 

օր մըն ալ սակայն պատերազմը սկսաւ
բոլորը զինուեցան ու անվերջ կռուեցան
ո՞վ, որո՞ւ դէմ կռուեցաւ, չհասկցայ
շատ փորձեցի հասկնալ, սակայն չկրցայ
չնայած այն ժամանակ խելացի՛ աղջիկ էի

 

հայրս արուեստագէտ էր՝ չդիմացաւ
կէս ճամբան հազիւ հասաւ
յանկարծ մահացաւ
ինք գնաց
իսկ իր շապիկները մնացին ինծի

 

հօրս շապիկը կը հագնէի
մէջը կը լողայի
այսպէս կեանքս
ծովը կամ հօրս շապիկներուն մէջ
մի՛շտ լողալով կ՚անցընէի

 

որոշումներ առնող տուող
չեմ եղած
այլ յանձնուած
ծովին
հովին

 

հովը զիս գրկեց
առաւ տարաւ դէպի Հայրենիք
ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս Ֆրանսա
իսկ ափերուս մէջ՝
պարզապէս ծայրը այն երկա՜ր թելին

 

ունեցածս թելով միշտ հիւսեցի
ու կը շարունակեմ հիւսել
փոքրին մեծին ընտանիքին
իսկ հովերը կը փչեն տակաւին՝
անվերջ

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.