585,00 ₺
Etiket Fiyatı: 650,00 ₺
Յակոբ Օշականի «Հանգրուաններ» հատորը պատրաստուած է Մարկ Նշանեանի կողմէ ու կը բաղկանայ չորս յաջորդական բաժիններէ։ Յակոբ Օշականի գրիչէն ելած տասնհինք գրուածքներ կը հրամցուին, բոլորն ալ՝ քննադատական, փորձագրական, անդրադարձային եւ ինքնանդրադարձային բնոյթի։ Այս էջերուն մէջ գրականութիւնը կը խօսի ինքն իր մասին, գրող մը՝ ինքն իր մասին, Սփիւռքը՝ ինքն իր մասին։
Հատորին վերջաւորութեան՝ ընթերցողը պիտի գտնէ Մարկ Նշանեանի ստորագրութեամբ «Գեղագիտական սկզբունքը եւ վախճանական փորձընկալումը» վերնագրով հակիրճ աշխատասիրութիւն մը, որ Յակոբ Օշականի ստեղծագործական կեանքին հանգրուանները կը փորձէ պատկերացնել եւ այդ ձեւով՝ հրամցուած կտորներուն շրջածիրը վերստեղծել։
«Հանգրուաններ» հատորը 1926էն ի վեր Պոլսոյ մէջ հրատարակուած առաջին հատորն է, որ կը կրէ Յակոբ Օշականի անունը իր տիտղոսաթերթին վրայ։
The volume “Hankrvanner” [Stages] prepared by Mark Nichanian, is composed of selections from the four stages of Hagop Oshagan’s literary life. The book presents fifteen essays penned by Hagop Oshagan between 1914 and 1948, that are critical, reflective, and self-reflective in nature. In these pages, literature speaks about itself, an author speaks about himself, and the diaspora speaks about itself.
The work at the end of the book, “The Aesthetic Principle and the Experience of the End” signed by Mark Nichanian, attempts to reconstructing the framework of the pieces presented in the book.
“Hankrvanner” is the first book by Hagop Oshagan published in Istanbul since 1926.
Գիտնալու էք որ այս տողերը կը գրուին ոչ թէ միջազգային պազարի մը համար, այլ Սփիւռք կոչումի մը ներքեւ ծուարուն, շուարուն, իր ճակատագրէն անվստահ, իր անելիքին մասին հակամարտ ազդեցութեանց յանձնուած երերուն զանգուածի մը քիչ շատ խմբելի ընտրանի մը հրաւիրելու ոչ անշուշտ յաղթագին հպարտութեանց, այլ մարդկային տարրական վստահութիւններու, որոնցմէ տարօրէն աղքատացած է սա վերջին քառորդ դարուն։ Գիտեմ որ իմաստուններու խումբ մը պիտի տայ հաւարի, նորոգեալ «Հայրենիքին» փառքը շողարձակ փայլեցնելով։ Բայց պարտք կը զգամ պարկեշտութիւնը անգամ մըն ալ պաշտպանելու։ Խորհրդային Հայրենիքին փառքն ու գեղեցկութիւնը, նոյնիսկ առանց տարակոյսի շամանդաղին, ոչինչ կը փոխեն Սփիւռքէն, որ պարտաւոր է ինքզինքը մարսել, այսինքն իր միտքին, սիրտին հասած բոլոր նուաստութիւնները այլակերպել։
Յակոբ Օշական
Օշական չէր հասկնար որ Փարիզի գրողներուն ըրածը ճիշդ ա՛յդ էր. միտքին եւ սիրտին հասած նուաստութիւնները այլակերպել, կամ այդպիսի այլակերպութեան մը հնարաւոր ճամբաները խուզարկել։ Փարիզի տղաքն ալ փոխադարձաբար՝ չէին հասկնար թէ վարպետը ի՛նչ կ՚ուզէր իրենցմէ ու չէին կարդար զինք ամէն պարագայի։ Սերունդ մը եւս սպասել պէտք էր որպէսզի հասկցուէին վախճանական փորձընկալումը եւ Օշականին սպասածը Սփիւռքէն։
Որովհետեւ ա՛յդ էր Օշականին սպասածը Սփիւռքէն։ Ըլլալ այդ փորձընկալումը կրողը, զայն աշխարհին բերողը, ու նախ եւ առաջ՝ ինքն իր մէջ ընդունողը, այդ ընդունելութեան համաձայն վարուելու ուժն ու կորովը (ու խելքը) ունեցողը։
Մարկ Նշանեան
Ծնած է Պրուսա, Սէօլէօզցի ծնողքէ։ Մանկութեան եւ պատանութեան տարիները անցուցած է այդ միջավայրին մէջ, բացառութեամբ տարիի մը, - 1899, զոր կ՚անցնէ Արմաշու դպրեվանքին մէջ՝ 1900ին գիւղ դառնալու համար կրկին, իբրեւ ուսուցիչ։ Նախակրթութիւնը կը ստանայ Պրուսայի ազգային վարժարանին մէջ, վեցամեայ ընթացքով։ Իր վրայ խորապէս տպաւորած են Պրուսայի եւ Սէօլէօզի միջավայրերը, թրքութեան եւ հայութեան առանձին բարքերով, տիպարներով, կեանքով։ Համեստ բանուորներ եղած են հայրն ու մայրը, - առաջինը՝ պարտիզպան, երկրորդը՝ աշխատաւոր, մետաքսի մանարաններու մէջ։ 1908ի սահմանադրութեան հռչակումով, երբ նաեւ հայ գրական կեանքը թափ կը ստանայ, կ՚աշխատակցի Պոլսոյ թերթերուն եւ կու տայ իր առաջին պատմուածները՝ «Խոնարհներու»ու շարքը։ 1911ին Մալկարա է, 1912ին Պոլիս, ուսուցչական պաշտօնով։ 1914ի «Մեհեան»ի ուխտաւորներէն մէկը ինքն է, - Վարուժանի, Բարսեղեանի, Զարեանի եւ Ահարոնի հետ։ Մինչեւ 1918 կը յաջողի խուսափիլ Օսմանեան ոստիկանութեան հեւ ի հեւ փնտռտուքէն, կը ձերբակալուի ութ անգամ, սակայն՝ միշտ ալ կը գտնէ կերպը խոյս տալու։ Պատերազմի լրումին կ՚անցնի Պուլկարիա, գերման սպայի տարազով։ Յետ պատերազմի, Պոլսոյ մէջ իր կեանքը գրական բեղուն գործունէութեան նոր շրջան մը կ՚ունենայ։ 1924-1948, մինչեւ իր մահը, իբրեւ գրականութեան դասախօս՝ կ՚ապրի Եգիպտոս, Կիպրոս, Փարիզ, Երուսաղէմ, ու կը շիջի անակընկալ մահով՝ Հալէպի մէջ, ուր կը գտնուէր այցելութեամբ։ Յակոբ Օշական իր վէպերով, յատկապէս «Մնացորդաց»ով եղաւ վիպումի մեծ վարպետ մը։ Իր քննադատութեամբ եւ տպաւորապաշտ էջերով, եղաւ միակ քննադատը հայ Իրապաշտ եւ արուեստագէտ սերունդին։