Հացին երգը

Դանիէլ Վարուժան

262,50 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%25
Սեռ՝Բանաստեղծութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Ապրիլ 2019

Էջն ու չափերը՝

112 էջ, 16,5 x 21,5 սմ

ISBN

9786052100424

Բացատրութիւն՝

Դանիէլ Վարուժան, որ մինչեղեռնեան հայալեզու գրականութեան մեծագոյն քերթողներէն մէկն է, վերածուած է կոթողի մը՝ իր ժողովուրդին կեանքը քերթողական արուեստի գագաթները նուաճող ստեղծագործութեամբ մը նկարագրելուն համար։ Վարուժան ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ի իրիկունը, իր տան մէջ։ Ոստիկանները այդ օրերուն գրաւած են նաեւ իրեն պատկանող թղթապանակները, որոնք աւելի ետք ետ առնուած են, արկածալից աշխատանքով մը։ Յիշեալ թղթապանակներուն մէջ էր նաեւ 1921-ին հրատարակուած «Հացին երգը»ի ձեռագիրները, ուր Վարուժան քնարային ոճով մը անմահացուցած է գիւղական կեանքը։ Ան իր տողերով կեանք ու հոգի կը պարգեւէ ո՛չ միայն հայ մշակին, գիւղացիին, հողագործին, մարդուն, այլ նաեւ անասուններուն, հողագործական առարկաներուն, նոյնիսկ ցօղի կաթիլին։ «Հացին երգը»ին մէջ հեղինակը կ՚երգէ երգը անոնց, որոնք կեանքը ամէն օր վերստին կ՚արարեն, եւ կը հիւսէ հացին երգը այնպէս մը, զոր մինչ այդ ոչ ոք հիւսած էր եւ թերեւս իրմէ ետք ոչ ոք հիւսել կարենայ։ Գիրքը հայալեզու ընթերցողներուն կը մատուցուի 1921-ի առաջին տպագրութեան ապակետիպ բազմացմամբ՝ միաժամանակ կը ներկայացուի նաեւ թրքերէն տարբերակ մը՝ Օհաննէս Շաշքալի թարգմանութեամբ։

Ետեւի կողքը՝

Թէ ջըլապինդ մըշակն ի՛նչպէս կը փարի

Իր կոր մաճին, կը պատռէ լանջն հողերուն:

Եւ սահանքին տակ արփական շողերուն

Ի՛նչպէս կ’ըլլան լերկ ակօսները` բերրի

Թէ շիկագոյն ցորեանն ի՛նչպէս կալին մէջ

Կը բըրգանայ, եւ աղօրիք կը մռընչեն,

Ի՛նչպէս կ’յորդի քաղցած խըմորը տաշտէն,

Զոր հուսկ կ’եփեն գեղջուկ փուռին մէջ անշէջ

Հեղինակին մասին՝

Դանիէլ Վարուժան

Ծնած է 1884-ին, Սեբաստիոյ Բրգնիկ գիւղը։ Իր ժամանակի մեծագոյն հայ բանաստեղծներէն մին նկատուած է։ Ուսումը ստացած է Սեբաստիոյ, Պոլսոյ, Վենետիկի եւ Կանտի կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ Եղած է ուսուցիչ, տնօրէն։ 1904-ին հրատարակուած առաջին գիրքէն մինչեւ 1915-ը արտադրած ստեղծագործութիւնները նկատուած են հայ քնարերգութեան գագաթը։ Ձերբակալուած է 24 ապրիլ 1915-ին, Փանկալթըի տանը մէջ։ Նոյն տարուան օգոստոսի վերջին օրերուն խողխողուած է Չանղըրըի մերձակայքին գտնուող Թիւնէյ գիւղի մօտակայքին։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.