120,00 ₺
Etiket Fiyatı: 240,00 ₺
«Հիփփօ» վերամուտը կը դիմաւորէ գիրքով մը, որ երկրաչափութիւնը հաճելի պիտի դարձնէ մանուկներու համար։ Չորս ընկեր՝ Քառակուսիլ, Ուղղենկիւն, Գեռանկիւն եւ Զրջան, որոնք թէեւ իրարու չեն նմանիր, բայց նաեւ անբաժան են իրարմէ։ Անոնք իրենց օրերը կ՚անցընէին զանազան խաղերով եւ օր մըն ալ կ՚որոշեն բոլորովին նոր բանի մը ձեռնարկել. իրե՛նք պիտի որոշէին իրենց խաղերը, խաղին կանոնները։ Իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը նոր տարողութիւն մը պիտի հաղորդէր այս նոր խաղին։ Թէ՛ կը զուարճանանք, թէ կը յաղթենք այն ատեն, երբ խաղանք միասնաբար՝ ահա՛ «Ձեւերուն խաղը» գիրքին պատգամը։ Գիրքը մարմին կը ստանայ փորձառու գրող Ռաշէլ Մասերիի տառերով եւ Էտա Չաղլարըրմաքի նորարար գիծերով։ Ան նախատեսուած է 6 եւ աւելի բարձր տարիքի մանուկներուն համար։
Չորս ընկեր՝ Քառակուսիլ, Ուղղենկիւն, Գեռանկիւն եւ Զրջան, որոնք թէեւ իրարու չեն նմանիր, բայց նաեւ անբաժան են իրարմէ։
Անոնք իրենց օրերը կ՚անցընէին զանազան խաղերով եւ օր մըն ալ որոշեցին բոլորովին նոր բանի մը ձեռնարկել. իրենք պիտի որոշէին իրենց խաղերը, խաղին կանոնները։ Իւրաքանչիւրի առանձնայատկութիւնը նոր տարողութիւն մը պիտի հաղորդէ այս նոր խաղին։
Ծնած է Իզմիր։ Շրջանաւարտ է Եգէականի համալսարանի գեղարուեստից ֆաքիւլթէի շարժարուեստի ու հեռուստատեսութեան բաժնէն։ Հեղինակ է բազմաթիւ մանկական գիրքերու, վէպի ու թատերական գործերու, նկարած է, ինչպէս նաեւ նկարահանած զանազան փաստագրական ու կարճ ժապաւէններ։ «Փենը հանրապարտէզի մէջ» մանկական գիրքը Թուրքիոյ մէջ երեք, իսկ Հոլանտայի մէջ երկու լեզուով հրատարակուած է։ 2018-ին Ամստերտամի մէջ մասնակցած է «Ձանձրոյթի քաղաքականութիւնը» խորագրեալ խմբային ցուցահանդէսին։ Կը բնակի Իզմիր, կը շարունակէ գրել ու նկարել։